ՄՈՒՍՈՒԼԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԽՈՒՐ ՕՐԻՆԱԿԸ
Օրեր առաջ իր լրումին հասաւ Իրաքի Մուսուլ քաղաքի ՏԱՀԷՇ ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ գրաւման երկրորդ տարին: Մինչ իրաքեան բանակը կը յայտարարէր Ֆալլուժան այդ ահաբեկչական խմբաւորման ճիրաններէն ազատագրելու մասին լուրը, Իրաքի Վարչապետ Հայտար Ապատի մամլոյ ասուլիս մը տալով կը վստահեցնէր, որ իրաքեան բանակը կը պատրաստուի «արշաւել» դէպի Մուսուլ: Ապատի, որ հաւանաբար ապահովական մտահոգութիւններով չէր խօսեր գրոհի ժամկէտին մասին՝ կը վստահեցնէր, թէ ներկայ 2016 թուականի աւարտին Մուսուլը պիտի յայտարարուի ՏԱՀԷՇ-էն ազատագրուած տարածք: Խորքին մէջ առաջին անգամը չէ, որ իրաքցի բարձրաստիճան պատասխանատու մը կը խօսէր Մուսուլի ազատագրման մասին, բայց եւ այնպէս այդ խօսքերը լրջութեամբ չէին ընկալուեր, մանաւանդ, որ նախքան Մուսուլի ազատագրումը կային շատ այլ շրջաններ, ինչպիսին էր Ֆալլուժան, առանց որոնց անհնար է Մուսուլ հասնիլ:
Երբ Մուսուլի մասին կը խօսուի, մեր մտքերուն մէջ կը ծագի այնտեղի հայերու պարագան: Նախքան ՏԱՀԷՇ-ի այդ շրջան մուտք գործելը Մուսուլի մէջ կ՚ապրէին բազմաթիւ հայ ընտանիքներ: Կը գործէին երկու Հայ Առաքելական եկեղեցիներ եւ տեղւոյն հայութիւնը կը վարէր բարեկեցիկ կեանք մը: Ըստ Իրաքի Ազգային Առաջնորդարանի կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Սարգիս Քոչունեանին, իրենց ունեցած տեղեկութիւններով՝ Մուսուլէն տեղահանուած հայութիւնը այսօրուան դրութեամբ կը գտնուի Զախօ, Էրպիլ, Հաւրէզք եւ Աւզրուկ աւաններուն, ինչպէս նաեւ մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ: Քոչունեան, որ խօսած է «Արեւելք» կայքէջին՝ ըսած է, թէ իրենց տեղեկութիւններով Մուսուլի երկու հայկական եկեղեցիները ներկայիս կանգուն են եւ կը գտնուին ՏԱՀԷՇ-ի ձեռքը եւ կը գործածուին այլ նպատակներով: Քոչունեան նշած է, որ Մուսուլէն տեղահանուած հայ ընտանիքներուն թիւը կը հասնի եօթանասունի: Ըստ, անոր Պաղտատի Առաջնորդարանը՝ գլխաւորութեամբ առաջնորդ Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանի, օժանդակութիւններ կը տրամադրէ այդ ընտանիքներուն: Քոչունեան նկատել տուած է, որ Մուսուլի հայերը, նախքան այդ ծանր դէպքերը, եղած են ինքնաբաւ եւ վարած են բարեկեցիկ կեանք: «Երբ Մուսուլի հայերուն մասին կը խօսուի, բոլորը կը վկայեն, թէ անոնք ունեւոր եւ տնտեսապէս բարւոք կեանք մը կը վարէին ու ոչ ոք կը սպասէր, թէ անոնք մէկ օրուան մէջ ստիպուած ըլլան լքել իրենց տուներն ու կալուածները եւ հեռանալ շրջանէն»: Քոչունեան նաեւ վկայած է, որ վերջերս Էրպիլի մէջ վախճանած Տ. Առաքել Քհնյ. Գասպարեանի ճիգերուն շնորհիւ էր, որ մուսուլցի հայերը կարողացան ապահով կերպով դուրս գալ քաղաքէն, մինչ հազարաւոր քրիստոնեաներ եւ այլ համայնքի անդամ քաղաքացիներ զոհ դարձան եւ սպաննուեցան ՏԱՀԷՇ ահաբեկչական խմբաւորման ձեռամբ:
Այս բոլոր տուեալներէն անդին իրաքահայ պատկան մարմիններ մեծ տարակուսանքով կը խօսին Մուսուլի ազատագրումէն ետք հայութեան այդ շրջաններ վերադառնալուն մասին: Նոյն Քոչունեան հարց կու տայ՝ «Կը դժուարանամ ըսել, որ ե՞րբ կ՚ազատագրուի Մուսուլը, բայց եւ այնպէս յստակ է, որ անցեալին հոն ապրող մեր եղբայրները պիտի չուզեն Մուսուլ վերադառնալ»:
Ասկէ շուրջ տարի մը առաջ էր, երբ մասնաւորապէս Իրաքի Քիւրտիստանի շրջաններուն մէջ հաստատուած մուսուլցիներու կարեւոր մէկ տոկոսը փափաք յայտնած էր Հայաստան տեղափոխուիլ: Այդ առումով անոնք դիմած էին Իրաքի մօտ Հայաստանի դեսպանատուն, բայց խնդիրը մնացած էր միայն պաշտօնական խօսակցութիւններու ծիրին մէջ: Մուսուլցիները, որ մութ գիշերուան մը մէջ Տ. Առաքել Քհնյ. Գասպարեանին առաջնորդութեամբ փախուստ տուած էին քաղաքէն, նոյնիսկ չէին կրցած իրենց ամենէն տարրական փաստաթուղթերը վերցնել: Ու այդ պատճառով էր նաեւ, որ Հայաստան երթալը կը դառնար անկարելիութիւն մը:
Ներկայիս անոնք կը վարեն գաղթականի կեանք: Անոնցմէ շատերը գտած են աշխատանք եւ հաստատուած այդ շրջաններուն մէջ: Այլ գետնի վրայ քիչ չէ թիւը այն հայորդիներուն, որոնք դիմած են ՄԱԿ-ի գաղթականներու գրասենեակ ու անհամբերութեամբ կը սպասեն իրենց հերթին հեռանալու դէպի Եւրոպա եւ Ամերիկաներ:
Ինչ ալ ըլլան յառաջիկայի զարգացումները, բացայայտ է, որ հայութիւնը պիտի կորսնցնէ Մուսուլի հայկական համայնքը:
Այս մէկը ենթակայական մօտեցում մը չէ, այլ մեր այսօրուան ապրած իրականութենէն դառն պատառիկ մը:
Դժբախտութիւնը միայն Մուսուլին չի վերաբերիր, որովհետեւ նոյն ծանր վիճակին կրնան մատնուիլ Իրաքի այլ քաղաքներուն մէջ մինչեւ այս պահը ապրող մեր հայրենակիցները: Իրաքի մէջ ծաւալած պատերազմները կրնան երկար շարունակուիլ, պարզ անոր համար, որ այդ երկրին, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ համար քաղաքական լուծումներու ծրագիր մը չկայ սեղանին վրայ:
Սիւննի, շիի եւ քիւրտ համայնքերու «տարրալուծարան»ը համարուող Իրաքը անցնող տարիներուն «արեան բաղնիք» դարձաւ: Եւ այս համայնքներէն իւրաքանչիւրը կը մաքառի յանուն իր շահերուն:
Քիւրտիստան, որ կը գտնուի համեմատաբար աւելի խաղաղ պայմաններու տակ եւ կը վայելէ ամերիկեան բացայայտ հովանին, կը խօսի տագնապին բաժանումի ճանապարհով լուծում մը ապահովելու առաջարկով:
Այս առումով ուշագրաւ էր Քիւրտիստանի ղեկավար Մեսուտ Պարզանիի որդւոյն՝ Մեսրուր Պարզանիի ըրած յայտարարութիւնները, ուր ան առանց երկմտանքի կը խօսէր Իրաքը երեք բաժիններու բաժնելու անհրաժեշտութեան մասին: Մեսրուր Պարզանիի ըրած յայտարարութենէն ետք, մասնաւորապէս սիւննի ղեկավարները կը մերժէին նման առաջարկ ու կը հաւաստէին, որ իրենց համար Իրաքը անբաժանելի երկիր է ու իրենք պիտի պայքարին Իրաքի մասնատման դէմ: Նոյնն է պատկերը սուրիական հողին վրայ, ուր մէկէ աւելի համայնքներ տարբեր պայմաններու տակ նոյնպէս կը խօսին հաւանական բաժանումներու շուրջ:
Այս բոլորին դիմաց ու մանաւանդ Իրաքի պարագային մեծագոյն խօսք ունեցողը Միացեալ Նահանգներն է: Ճիշդ է, որ Իրաքի, ու մանաւանդ շիի հանրութեան մէջ քիչ չէ Թեհրանի ազդեցութիւնը, բայց եւ այնպէս Ռիատ-Անգարա-Ուաշինկըթն եռեակին առջեւ շատ հաւանական է, որ Թեհրան եւս ընդունի նոր առաջարկուած ձեւաչափ մը: Այդ ձեւաչափին առաջին ազդանշանները երեւելի սկսած են դառնալ Ֆալլուժայի մէջ ու այդ մեծ նահանգին գրաւումը պէտք է համարել նոր պատրաստուած ծրագրի մը նախասկիզբը:
Եթէ իրաքեան բանակը շարունակէ յաջողութեամբ պսակել իր սկսած զինուորական գործողութիւնները ու չտարուի ներքին տարակարծութիւններով, ապա յստակ կը դառնայ, որ Իրաքի համար նոր փուլ մը սկսած է:
Այդ ծրագիրը անպայման չի նշանակեր, որ Իրաք պիտի չմասնատուի, բայց հասկնալի կը դառնայ, որ արիւնահեղ դարձած այս երկրին մէջ քաղաքական նոր գործընթացներ սկիզբ պիտի առնեն:
Կառավարման առաջարկներուն մէջ ամենէն հաւանականը կը համարուի համադաշնային դրութեամբ (քոնֆետերալ) կառավարուող Իրաք մը, որուն մէջ հաւասարազօր իրաւունքներով գործող երեք դաշնային տարածքներ պիտի ըլլան ու անոնք պիտի բաժնուին՝ սիւննիներու, շիիներու եւ քիւրտերու միջեւ:
Այս բաժանումներուն մէջ առհասարակ քրիստոնեաներու, եզիտիներու, ասորիներու, գաղթէացիներու, մարոնիներու եւ հայերու հաշիւ չի կատարուիր: Ու այս բոլորէն անդին բնական է, որ փոքրամասնութիւնները իրենք զիրենք անպաշտպան զգալով պիտի ուզեն վայրկեան առաջ հեռանալ այդ շրջաններէն:
Հայութիւնը մեծապէս տուժեց Իրաքի մէջ: Տնտեսական մեծ կարողութիւններ ունեցող այդ համայնքը այսօր կը կոտտայ ցաւին ու տառապանքին առջեւ: Մտահոգիչ է նաեւ, որ հայութիւնը իր տարբեր թեւերով եւ քաղաքական ու ազգային բաժանումներով իրաքահայութեան համար լուրջ եւ երկարաժամկէտ ծրագիրներ չունեցաւ: Հազարաւոր իրաքահայեր, որոնք պատերազմի ամենէն թէժ օրերուն ստիպուած եղան Երեւան հաստատուիլ, այսօր չդիմանալով Հայաստանի տնտեսական դժուարին պայմաններուն՝ հեռացան ու հասան հեռու ափեր:
Իրաքահայութեան ապրած ոդիսականը դաս չեղաւ հայութեան: Այսօր նոյն ճակատագրին կրնան ենթարկուիլ սուրիահայերը, որոնք տարբեր (յաճախ համոզիչ եւ յաճախ անտեղի) պատճառներով նոյնպէս կը հեռանան Հայաստանէն:
Միջին Արեւելքի արիւնով գծուող քարտէսներուն մէջ հայութիւնը վճարեց թանկ գին: Հայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ նօսրացաւ: Սա յոռետեսական մօտեցում մը չէ, այլ տուեալներու վրայ հիմնուած խօսք: Ու այս բոլորին դիմաց համահայկական ծրագրի մը բացակայութիւնը աւելի վտանգաւոր կը դարձնէ ընդհանուր տեսարանը:
Միջին Արեւելքի հայութեան ապագային մասին մտածելը միայն քարոզախօսական կամ դրամական օժանդակութիւններով չ՚ըլլար, այլ համոզիչ, ապահով եւ երկարաժամկէտ ծրագիրներով: Ներկայիս ծրագրի մասին խօսողներ չկան ու պարզ է, որ այսօրուան ընդհանուր պատկերը կրնայ վաղը շատ աւելի մոխրագոյն եւ անյոյս ըլլալ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/22/2024