ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԻՋԵՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ ԳՈՅԱՑԱՒ
Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ՝ յարաբերութիւններու բնականոնացման համար։ «Րէօյթըրզ» գործակալութիւնը երէկ երեկոյեան ժամերուն այս մասին տեղեկացուց՝ Իսրայէլի պաշտօնատարներէն մէկուն կողմէ փոխանցուած հաղորդումներուն հիման վրայ։ Թրքական աղբիւրներն ալ հաղորդեցին, թէ այսօր կէսօրին Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ Չանքայայի ապարանքին մէջ յայտարարութիւնով մը հանդէս կու գայ այս նիւթին շուրջ՝ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ շարունակուող բանակցութիւններու արդիւնքին առընչութեամբ։
Ծանօթ է, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները վերջին տարիներուն փակուղիի մատնուած էին՝ Տաւոսի մէջ պատահած նշանաւոր դէպքէն վերջ։