Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԵՐԷԿ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութիւններուն եւ տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Յակոբ Սրկ. Քեսկին եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Արշաւիր Սրկ. Պիւյիւքիշմանի մականին ներքեւ։ Ի ժամ Ս. Պատարագի հանդիսադիր Սրբազան Հայրը տուաւ օրուան պատգամը կանգ առնելով միասնականութեան ոգիի ամրապնդման վրայ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեան եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին Նորին Սրբազնութիւնը եւ հոգեւոր հայրերը։
Սիրոյ սեղանէն վերջ ընդհանուր փոխանորդը Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցիէն հրաժեշտ առնելով ուղղուեցաւ դէպի այս թաղի գերեզմանատունը։ Ան այցելեց արքունի ճարտարապետներ Պալեան գերդաստանի դամբարանը ու տեղւոյն վրայ քննեց վերանորոգութեան աշխատանքները, որոնք միջոցէ մը ի վեր կը շարունակուին եւ յառաջիկայ շրջանին պիտի հասնին իրենց աւարտին։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան աղօթեց Պալեան գերդաստանի անդամներու հոգւոցն ի հանգիստ։
ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ԻՖԹԱՐ
Միւս կողմէ, Պատրիարքարանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր մայրաքաղաք Անգարա կ՚այցելէ՝ ԱՔ կուսակցութեան կողմէ կազմակերպուած իֆթարին հրաւիրուած ըլլալով։ Հարկ է նշել, որ ընթրիքին ներկայ պիտի գտնուի նաեւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ։ Ընդհանուր Փոխանորդը իֆթարէն վերջ անմիջապէս պիտի վերադառնայ Իսթանպուլ։