ՀԱՄԱՅՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Քրիս­տո­սի Ե­կե­ղե­ցին այն է՝ որ մէ՛կ է, կա­թո­ղի­կէ, ա­ռա­քե­լա­կան եւ սո՛ւրբ։ Քրիս­տո­սի Ե­կե­ղե­ցին ար­դա­րեւ մէ՛կ է, քա­նի որ Յի­սուս Քրիս­տոս մէ՛կ է եւ պե՛­տը՝ Ե­կե­ղե­ցիին։

Մէկ ու միակ ըլ­լալ կա­րե­ւոր յատ­կա­նիշն է Ե­կե­ղե­ցիին՝ ո­րուն ան­քակ­տե­լիօ­րէն ի­րա­րու միա­ցած ստո­րո­գե­լի­ներն են՝ «սուրբ», «կա­թո­ղի­կէ» եւ «ա­ռա­քե­լա­կան» յատ­կա­նիշ­նե­րը։

Ուս­տի Ե­կե­ղե­ցին այդ յատ­կա­նիշ­նե­րը ինքն իր­մէն չէ ստա­ցած, այլ Քրիս­տոս՝ Սուրբ Հո­գիով Ի՛ր Ե­կե­ղե­ցիին կու տայ որ ըլ­լայ «մի», «սուրբ», «կա­թո­ղի­կէ» եւ «ա­ռա­քե­լա­կան», եւ դար­ձեալ Ի՛նքն է որ կոչ կ՚ը­նէ Ե­կե­ղե­ցիին, որ այս յատ­կու­թիւն­նե­րուն իւ­րա­քան­չիւ­րը ի­րա­գոր­ծէ եւ գոր­ծա­ծու­թեան հսկէ։

Մի­միայն հա­ւատ­քո՛վ կա­րե­լի է ճանչ­նալ, թէ Ե­կե­ղե­ցին այս յատ­կու­թիւն­նե­րը իր աս­տուա­ծա­յին ծա­գու­մէն քա­ղած է։ Բայց ա­նոնց պատ­մա­կան դրսե­ւո­րում­նե­րը նշան­ներ են, ո­րոնք յստա­կօ­րէն խօ­սուն են նաեւ մարդ­կա­յին բա­նա­կա­նու­թեան հա­մար։ Այս զար­մա­նահ­րաշ խոր­հուրդ մըն է. կայ մէկ Հայր տիե­զեր­քի, մէկ Բան տիե­զեր­քի եւ մէկ Սուրբ Հո­գի՝ ա­մէ­նու­րեք նո՛յ­նը։ Կայ նաեւ մէկ Մայր՝ որ Ե­կե­ղե­ցին է։ Ե­կե­ղե­ցին մէ՛կ է իր Հիմ­նադ­րով։

Ե­կե­ղե­ցին մէ՛կ է իր ա­կուն­քով. այս խոր­հուր­դին գե­րա­դաս տի­պա­րը եւ նա­խաս­կիզբն է՝ Ան­ձե­րու ե­ռեա­կու­թիւ­նը. մէկ միու­թեան մէջ Աս­տու­ծոյ՝ Հօր եւ Որ­դիի եւ Սուրբ Հո­գիի։ Ե­կե­ղե­ցին մէ՛կ է, քա­նի որ նոյ­նինքն մարմ­նա­ցեալ եւ մար­դա­ցեալ Որ­դին բո­լոր մար­դի­կը Աս­տու­ծոյ հետ հաշ­տե­ցուց Իր խա­չով՝ վե­րա­կանգ­նե­լով բո­լո­րին «միու­թիւն»ը մէկ ժո­ղո­վուր­դի եւ մէկ Մար­մի­նի մէջ։ Եւ Ե­կե­ղե­ցին մէկ է իր հո­գիով. Սուրբ Հո­գին՝ որ կը բնա­կի հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն մէջ, որ կը լիաց­նէ եւ կը կա­ռա­վա­րէ Ե­կե­ղե­ցին ամ­բողջ, Ան հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն այս սքան­չե­լի՜ հա­ղոր­դու­թիւ­նը կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ եւ զա­նոնք Քրիս­տո­սի մէջ այն­քա՛ն սեր­տօ­րէն ի­րա­րու կը միաց­նէ, որ Ինք կը հան­դի­սա­նայ «Ե­կե­ղեց­ւոյ Միու­թեան սկզբունք»ը։

Մէ՛կ ըլ­լա­լը՝ Ե­կե­ղե­ցիին էու­թե­նէն իսկ կը բխի։

Ար­դա­րեւ իր ծա­գու­մէն սկսեալ, այս «մէկ» Ե­կե­ղե­ցին սա­կայն կը ներ­կա­յա­նայ մեծ «այ­լա­զա­նու­թեամբ», ինչ որ յա­ռաջ կու գայ միան­գա­մայն Աս­տու­ծոյ պար­գեւ­նե­րուն զա­նա­զա­նու­թե­նէն եւ զա­նոնք ըն­դու­նող, ըմբռ­նող, իւ­րաց­նող ան­ձե­րու բազ­մու­թե­նէն։ Մար­դոց հո­գին որ­քան ալ մէկ ըլ­լայ՝ ա­նոնց միտ­քը, մտա­ծու­մը կրնայ տար­բեր ըլ­լալ։ Եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով այդ «զա­նա­զա­նու­թիւն»նե­րը չա­փով մը, բնա­կան եւ հասկ­նա­լի կա­րե­լի է նկա­տել…։

Ուս­տի Աս­տու­ծոյ ժո­ղո­վուր­դին միու­թեան մէջ կը հա­մախմ­բուին ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն, ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն, սո­վո­րու­թիւն­նե­րուն եւ մա­նա­ւանդ մշա­կոյթ­նե­րուն այ­լա­զա­նու­թիւն­նե­րը։ Ե­կե­ղեց­ւոյ ան­դամ­նե­րուն մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նի պար­գեւ­նե­րու, պաշ­տօն­նե­րու, վի­ճակ­նե­րու, հաս­կա­ցո­ղու­թեան եւ ապ­րե­լա­կեր­պե­րու բնա­կան զա­նա­զա­նու­թիւն, տար­բե­րու­թիւն։ Ուս­տի Ե­կե­ղե­ցիի միու­թեան մէջ օ­րի­նա­ւո­րա­պէս գո­յու­թիւն ու­նին «տե­ղա­կան» Ե­կե­ղե­ցի­ներ, ո­րոնք կը վա­յե­լեն ի­րենց սե­փա­կան ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը, մշա­կոյ­թը՝ հա­մա­ձայն ի­րենց ապ­րե­լա­կեր­պին։

Սա­կայն այս բազ­մա­զա­նու­թեան մեծ հարս­տու­թիւ­նը չի՛ հա­կադ­րուիր Ե­կե­ղեց­ւոյ միու­թեան։

Ու­րեմն Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու բազ­մա­զա­նու­թիւ­նը ա­րուես­տա­կան չէ՛, այլ՝ բնա­կան ու բա­նա­կա՛ն։

Եւ դար­ձեալ, Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու բազ­մա­զա­նու­թեան պատ­ճառ­նե­րէն մին եւ կա­րե­ւո­րա­գոյնն է՝ Ե­կե­ղե­ցիին աշ­խար­հի վրայ լայն տա­րա­ծուած ըլ­լա­լուն եւ բազ­մա­տե­սակ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մէջ ըն­դու­նե­լու­թիւն գտած ըլ­լա­լու ի­րո­ղու­թիւ­նը։ Ար­դա­րեւ «գա­ղա­փար» մը, հա­ւա­տա­լիք մը որ­քան որ տա­րա­ծուի, այն­քան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու կ՚են­թար­կուի։

Կա­րե­ւո­րը էա­կա­նին մէջ «մէ՛կ» ըլ­լալն է։

Ուս­տի «Ե­կե­ղե­ցի»ն մէկ է, միու­թիւն մը կը կազ­մէ, բայց տար­բեր ե­րես­նե­րով կը ներ­կա­յա­նայ։

Եւ վեր­ջա­պէս պէտք է նկա­տի ու­նե­նալ նաեւ ժա­մա­նա­կի ազ­դա­կը. որ­քան եր­կար ժա­մա­նակ տե­ւէ, այդ եր­կար ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին մէջ, բնա­կա­նա­բար բա­րե­փո­խու­թիւն­ներ, բա­րեշր­ջում­ներ կը պա­տա­հին եւ այդ փո­փո­խու­թիւն­նե­րը կ՚ազ­դեն Ե­կե­ղե­ցիի վրայ եւ տար­բե­րու­թիւն­ներ, զա­նա­զա­նու­թիւն­ներ կը ներ­կա­յա­նան՝ երկ­րոր­դա­կան հար­ցե­րու մէջ, բայց ո՛չ եր­բեք էա­կա­նին, կեն­սա­կա­նին, քա­նի որ Ե­կե­ղե­ցին էա­պէս եւ ընդ­հա­նուր նկա­րագ­րով «մէ՛կ» է՝ ան­սա­սան, մշտնջե­նա­ւոր եւ ա­նայ­լայ­լե­լի՛։

Ե­կե­ղե­ցիին զա­նա­զա­նու­թիւն­նե­րը եր­բեք չեն ազ­դեր ա­նոր միու­թեան, միա­ւո­րու­թեան, քա­նի որ ան հիմ­նուած ու հաս­տա­տուած է մշտա­կայ եւ յա­րա­կեն­դան Յի­սուս Քրիս­տո­սի՝ մար­դա­ցեալ ու մարմ­նա­ցեալ Աս­տու­ծոյ կող­մէ։

Աս­տուած երբ «մարդ»ը ստեղ­ծեց, որ­պէս «մարդ» եւ «մարդ­կու­թիւն» մէկ է՝ մէկ մարդ­կու­թիւն կայ, բայց ա­նոր մէջ բազ­մա­զան ան­հատ­ներ կան, տար­բեր սե­րունդ­ներ կան, բայց այս զա­նա­զա­նու­թիւն­նե­րը եր­բեք չի նշա­նա­կեր զա­նա­զան «մարդ­կու­թիւն»նե­րու գո­յու­թեան, քա­նի որ մարդ­կու­թիւ­նը մէկ է, եւ «մարդ»ը եւս մէկ։ Ի­մաս­տա­սի­րա­կա­նօ­րէն «մարդ» տի­պա­րը մէկ է եւ մար­դոց զա­նա­զա­նու­թիւ­նը «մարդ» ըմբռ­նու­մին փո­փո­խու­թիւ­նը չի նշա­նա­կեր. «մարդ»ը որ­պէս մտա­տի­պար, որ­պէս գա­ղա­փար, որ­պէս էու­թիւն մէ՛կ է, ինչ­պէս «ծառ» գա­ղա­փա­րը՝ բազ­մա­տե­սակ ծա­ռեր կան, եւ «ծառ» գա­ղա­փա­րը, «ծառ»ի մտա­տի­պա­րը մէ՛կ է։

Ա­հա­ւա­սիկ նոյնն է Ե­կե­ղե­ցին՝ որ­պէս տի­պար, որ­պէս հո­գի, որ­պէս խոր­հուրդ մէ՛կ է, ամ­բողջ մըն է, սա­կայն այդ միու­թեան եւ ամ­բող­ջու­թեան մէջ տե­ղի ու ժա­մա­նա­կի նկատ­մամբ «ներ­քին» զա­նա­զա­նու­թիւն­ներ կրնան ըլ­լալ՝ ա­ռանց վնա­սե­լու «Ե­կե­ղե­ցի» խոր­հուր­դին ամ­բող­ջու­թիւ­նը, միու­թիւ­նը։

Ըն­տա­նի­քի մէջ ալ կա­րե­լի է տես­նել նոյ­նը՝ ըն­տա­նի­քը որ­պէս ի­մաստ, ամ­բող­ջու­թիւն մըն է՝ միու­թիւն մը կ՚են­թադ­րէ, բայց ըն­տա­նի­քը կազ­մող ան­դամ­նե­րու մէջ կրնան զա­նա­զա­նու­թիւն­ներ, տար­բե­րու­թիւն­ներ եւ նոյ­նիսկ տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ ըլ­լալ, բայց այս բո­լո­րը չեն փո­խեր, չեն կրնար փո­խել «ըն­տա­նիք»ի միու­թեան եւ ամ­բող­ջու­թեան խոր­հուր­դը, քա­նի որ «ըն­տա­նիք» գա­ղա­փա­րը՝ որ­պէս ի­մաստ, որ­պէս նպա­տակ միու­թիւն եւ ամ­բող­ջու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ։

Ա­հա­ւա­սիկ, ու­րեմն Ե­կե­ղե­ցին ալ որ­պէս խոր­հուրդ, որ­պէս ի­մաստ, որ­պէս գա­ղա­փար միու­թիւն եւ ամ­բող­ջու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ՝ իր հիմ­նադ­րու­թեան նպա­տա­կին ու պատ­ճա­ռին նկատ­մամբ մէ՛կ է, միու­թիւն ու ամ­բող­ջու­թիւն կ՚են­թադ­րէ։

Ուս­տի «էա­կան»ը եւ էա­կա­նին մէջ մա­սե­րը պէտք չէ՛ շփո­թել, եւ խախ­տել «միու­թի՛ւն»ը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նիս 16, 2016, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Յունիս 27, 2016