ԹՈՒՐՔԻԱ-ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ՁԻՒՆԱՀԱԼ
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ ձիւնահալը այս օրերուն թափ կը ստանայ շօշափելի իրադարձութիւններով։ Քրեմլինի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան նամակ մը ուղարկած է Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինին։ «NTV»ի հաղորդումներով՝ Էրտողան նամակին մէջ ցաւ յայտնած է Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ վար առնուած ռուսական օդանաւին համար։
Կառավարութեան աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, թէ Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ կարեւոր իրադարձութիւններ տեղի պիտի ունենան։ Նոյն նիւթին անդրադարձաւ նաեւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ եւ յայտնեց, որ վաղը կամ միւս օր հեռախօսազրոյց մը նախատեսուած է Էրտողանի եւ Փութինի միջեւ։
Միւս կողմէ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այս Ուրբաթ Սոչի պիտի մեկնի՝ մասնակցելու համար Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։ ՍԾՏՀԿ-ի հանդիպումը հնարաւորութիւն պիտի ստեղծէ Թուրքիա-Ռուսաստան ճգնաժամէն վերջ բարձր մակարդակի վրայ ուղղակի շփումի մը համար։