ԼԱՅՆԱԽԱՐԻՍԽ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Երէկ, Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու աշխարհական ղեկավարներուն հաւաքը։ Ներկայ տարուան ընթացքին սա նման ձեւաչափով երկրորդ հանդիպումն էր։
Թորոս Ալճանի գլխաւորած ժողովին մասնակցեցան՝ Պետրոս Շիրինօղլու (Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ), Իսակ Իպրահիմզատէհ (հրեայ համայնքի նախագահ), Եէորկիոս Փափալիատիս (ՌՈՒՄՎԱՏԷՐ-ի փոխ-նախագահ), Սաիթ Սուսին (ասորի համայնք), Թէոման Էօնտէր (քաղթէացի համայնք), Վասիլ Լիազէ (պուլկար համայնք), Սիմոն Զազածէ (վրաց համայնք), Պեռնար Սարըպայ (Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ), Քաթիֆ Արազ (ասորի կաթոլիկ համայնք) եւ Մորիս Լեւի (հրեայ համայնքի փոխ-նախագահ)։
Խորհրդակցութեան ընթացքին օրակարգի վրայ եկան փոքրամասնական համայնքներու առկախեալ ընտրութիւններու հարցը եւ ընտրութեան կանոնադրութեան պատրաստութեան ընթացքը։ Բաց աստի, ժողովականները անդրադարձ կատարեցին վաղը երեկոյեան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ սարքուելիք իֆթարի սեղանի պատրաստութիւններուն։ Ծանօթ է, որ վերջին տարիներուն փոքրամասնական համայնքները իսլամաց Ռամազանի շրջանին սեղանով մը կը մեծարեն կառավարական ու դիւանակալական շրջանակները, ինչպէս նաեւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան վերնախաւը։ Փոքրամասնական համայնքները հերթով տանտէր կ՚ըլլան այդ սեղանին համար, իսկ այս տարի կարգը հայ համայնքինն է։