Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապի Հայաստան կատարած այցելութեան լոյսին տակ նոր հեռանկարներ ու վարկածներ (Ա.)

Հռո­մի Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պետ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Պա­պը ար­դէն ա­ւար­տեց դէ­պի Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թիւ­նը։ Իր կող­մէ որ­պէս ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն բնո­րո­շուած այդ ու­ղե­ւո­րու­թեան ար­ձա­գանգ­նե­րը ակն­յայտ է, որ տա­կա­ւին պի­տի շա­րու­նա­կուին եր­կար։ Սրբա­զան Պա­պը թէ՛ հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ մըն է եւ թէ՛ պե­տու­թեան ղե­կա­վար մը։ Այդ հա­մա­տե­ղեալ կար­գա­վի­ճա­կը միշտ տար­բեր ի­մաստ մը, կշիռ մը կու տայ իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն։ Ան կ՚անդ­րա­դառ­նայ մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գին վրայ հրա­տապ քա­ղա­քա­կան խնդիր­նե­րուն։ Իր մօ­տե­ցում­նե­րը թէեւ պե­տու­թեան մը ղե­կա­վա­րի դիր­քո­րո­շու­մը կ՚ար­տա­յայ­տեն, սա­կայն միեւ­նոյն ժա­մա­նակ հա­մաշ­խար­հա­յին հան­րու­թեան խղճին ուղ­ղեալ պատ­գամ­ներ կը հա­մա­րուին։

Այս տե­սան­կիւ­նէն Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին ա­ռըն­չու­թեամբ Ե­րե­ւա­նի մէջ Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տին կող­մէ փո­խան­ցուած պատ­գամ­նե­րը շատ ու­շագ­րաւ էին։ Որ­քան որ ալ ա­նոնք միան­շա­նակ չըն­կա­լուե­ցան ու մա­նա­ւանդ պատ­ճառ դար­ձան Ան­գա­րա­յի հա­կազ­դե­ցու­թեան, յա­մե­նայն­դէպս, հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն լոյ­սին տակ ան­կա­րե­լի է այդ բո­լո­րը հա­շուի չառ­նել նոր հե­ռան­կար­նե­րու կամ վար­կած­նե­րու տե­սան­կիւ­նէն։

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան «Րէօյ­թըրզ» գոր­ծա­կա­լու­թեան տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ յայտ­նած է, որ Հռո­մի Պա­պին դիր­քո­րո­շու­մը ճա­նա­պարհ պի­տի բա­նայ՝ որ­պէս­զի ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­յոց տե­սա­կէտ­նե­րը ճանչ­ցուին այլ պե­տու­թիւն­նե­րու կող­մէ։ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­ներն ալ տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տին այ­ցե­լու­թիւ­նը հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան եւ խա­ղա­ղու­թեան խոր­հուրդ մը պի­տի բե­րէ ամ­բողջ տա­րած­քաշր­ջա­նի հա­մար։

Ֆրան­սիս­քոս Ա. Պա­պին կող­մէ Ե­րե­ւա­նի մէջ փո­խան­ցուած պատ­գամ­նե­րը մա­կե­րե­սա­յին խօս­քեր պի­տի չըլ­լան։ Այդ պատ­գամ­նե­րը մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին պի­տի բիւ­րե­ղա­նան այլ կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու շար­ժա­ռի­թով։ Ար­դա­րեւ, Սրբա­զան Պա­պը շա­բա­թա­վեր­ջին դէ­պի Հա­յաս­տան կա­տա­րած ուխ­տագ­նա­ցու­թեան ի շա­րու­նա­կու­թիւն յա­ռա­ջի­կայ աշ­նան պի­տի այ­ցե­լէ նաեւ Վրաս­տան եւ Ատր­պէյ­ճան։ Հա­յաս­տա­նի մէջ իր կող­մէ փո­խան­ցուած մօ­տե­ցում­նե­րը մօ­տա­լուտ այդ ու­ղե­ւո­րու­թիւն­նե­րուն նա­խա­պատ­րաս­տուե­լու տե­սան­կիւ­նէն ու­նէին կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն։ Յա­ռա­ջի­կայ ա­միս­նե­րուն այդ գոր­ծըն­թա­ցը պի­տի հա­սուն­նայ եւ կա­րե­լիու­թիւն պի­տի ստեղ­ծուի, որ­պէս­զի Պա­պին կող­մէ փո­խան­ցուած այս պատ­գամ­նե­րուն ազ­դե­ցու­թիւ­նը դրուի կշի­ռի վրայ՝ ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան տե­սան­կիւ­նէն։

Ընդ­հան­րա­պէս, աշ­խար­հի յա­ռա­ջա­տար եր­կիր­նե­րուն ղե­կա­վար­նե­րը Հա­րա­ւա­յին Կով­կաս ու­ղե­ւո­րուե­լու ժա­մա­նակ կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին շրջա­գա­յու­թիւն­ներ։ Այ­սինքն, ա­նոնք նոյ­նա­ժա­մա­նակ կ՚այ­ցե­լեն Հա­յաս­տան, Վրաս­տան եւ Ատր­պէյ­ճան։ Կը պա­տա­հի պա­րա­գա­ներ, երբ Վրաս­տա­նը կ՚ըլ­լայ միա­կը՝ այդ մա­կար­դա­կի այ­ցե­լու­թիւն­ներ հիւ­րըն­կա­լե­լու տե­սան­կիւ­նէն։ Կը պա­տա­հին նաեւ պա­րա­գա­ներ, երբ Հա­յաս­տան կը շրջան­ցուի՝ Վրաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ու­ժա­նիւ­թի բնա­գա­ւա­ռէն ներս ներ­կա­յա­ցու­ցած նշա­նա­կու­թեան բե­րու­մով։ Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը շե­ղած է այս բո­լոր նա­խըն­թաց­նե­րէն։ Ան իր այ­ցե­լու­թիւ­նը բնո­րո­շած է՝ ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն դէ­պի ա­ռա­ջին քրիս­տո­նեայ եր­կիր։ Իբր այդ, Պա­պը այս փու­լին միայն Հա­յաս­տան այ­ցե­լե­լով բա­ւա­րա­րուած է տա­րած­քաշր­ջա­նի միւս եր­կիր­նե­րը՝ Վրաս­տանն ու Ատր­պէյ­ճա­նը թող­լով աշ­նան։ Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տին այս նա­խընտ­րու­թիւ­նը կը հա­մընկ­նի այն­պի­սի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը, երբ Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին վերսկ­սած ռազ­մա­կան լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը խոր մտա­հո­գու­թեան պատ­ճառ դար­ձած են հա­մայն աշ­խար­հի մէջ։

Վա­ղը պի­տի շա­րու­նա­կենք խորհր­դա­ծել այս նիւ­թին  շուրջ։  

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յունիս 28, 2016