ԱՆԳԼԻՈՅ ԶԻՆԵԱԼ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Անգ­լիոյ զի­նեալ ու­ժե­րուն կող­մէ պա­տուի­րա­կու­թիւն մը ներ­կա­յիս շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րի ա­ռա­ջին տե­ղա­կալ Դա­ւիթ Տօ­նո­յեան հիւ­րըն­կա­լեց Միա­ցեալ Թա­գա­ւո­րու­թեան զի­նեալ ու­ժե­րու 160-րդ Ո­ւել­սեան հե­տե­ւա­կա­յին զօր­քե­րու հրա­մա­նա­տար զօ­րա­վար Մար­թին Քեմ­պը­լի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րաց­ման եւ այդ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը նոր ո­լորտ­նե­րով զար­գաց­նե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։

Հարկ է նշել, որ շուրջ եր­կու տա­րիէ ի վեր կող­մե­րուն մի­ջեւ հաս­տա­տուած է հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն մը, ո­րու շրջագ­ծով փոր­ձա­ռու­թեան փո­խա­նա­կում­ներ կը կա­տա­րուի զա­նա­զան բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ։ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 29, 2016