ԳԱՆՏԻԼԼԻԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

Գան­տիլ­լի Ս. Եր­կո­տա­սան Ա­ռա­քե­լոց ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րե­կան տօ­նախմ­բու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ շաբաթավերջին՝ նա­խա­գա­հու­թեամբ Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի։ Ա­րա­րո­ղու­թեանց մաս­նակ­ցե­ցան ե­կե­ղեց­ւոյ այ­ցե­լու ե­րէց՝ Տ. Յա­րու­թիւն Աբեղայ Տա­մա­տեան, Տ. Սար­գիս Ա. Քհնյ. Գու­յում­ճեան, ուխ­տա­ւոր դպիրներ եւ կո­կիկ թի­ւով հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուրդ։ Ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մար սոյն տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը յատ­կան­շա­կան էր, քա­նի որ զան­գակ­նե­րը կ՚ա­ւե­տէին 175-ա­մեայ ա­ղօթ­քի տան կեն­դա­նու­թիւ­նը։

Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Լե­ւոն Սրկ. Գու­յում­ճեան, Մու­րատ Կսրկ. Կոս­տա­նեան, Սար­գիս Ուրարա-կիր Դպիր Բար­սե­ղեան։ Ս. Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան ուխ­տա­ւոր դպիր­նե­րու կող­մէ՝ ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ Նշան Սրկ. Չալկը­ճեա­նի։

Նախքան Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քը, հան­դի­սա­պետ Սրբա­զան Հայ­րը, ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նուան վրայ յեն­լով տպա­ւո­րիչ քա­րոզ մը խօ­սե­ցաւ եւ բա­ցատ­րեց, թէ ի՞նչ կը նշա­նա­կէ ա­ռա­քե­լա­կան ըլ­լալ։ Ան­ցեա­լին, հայ ժո­ղո­վուր­դին մէջ տա­րա­ծուած սխալ ու­սու­ցում­նե­րու հե­տե­ւան­քով, հար­ցադ­րուած էր իր ա­ռա­քե­լա­կա­նու­թիւ­նը։ Տաս­նեակ տա­րի­ներ յե­տոյ, ե­կե­ղե­ցին իր ա­ռա­քե­լա­կա­նու­թիւ­նը ա­պա­ցու­ցա­նե­լով, նոյն­ինքն իր հո­գե­ւոր կեդ­րո­նին մէջ կը հիւ­րա­սի­րէր քոյր Կա­թո­լիկ եկե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր պե­տը։ Սրբա­զան Հայ­րը, իր խօս­քե­րուն մէջ գնա­հա­տեց Տիգ­րան Գէոր­գեա­նի ա­տե­նա­պե­տու­թեամբ գոր­ծող թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը, ո­րոնց ջան­քե­րով Պոլ­սոյ հե­ռա­ւոր այս ե­կե­ղե­ցին գուր­գու­րան­քը կը վա­յե­լէր մեր ժո­ղո­վուր­դին։ Ե­կե­ղեց­ւոյ ներ­քին ու ար­տա­քին տես­քը կը վկա­յէր այս ի­րո­ղու­թեան։ Սրբա­զան Հայ­րը ի մի­ջի այ­լոց ը­սաւ. «Ե­կե­ղե­ցի­ներ սո­վո­րա­բար կ՚ա­նուա­նուին մէկ կամ եր­կու սուր­բե­րու ա­նու­նով։ Իսկ, Գան­տիլ­լիի մեր ե­կե­ղե­ցին ծա­նօթ է Քրիս­տո­սի տասներկու ա­ռա­քեալ­նե­րու ա­նուն­նե­րով։ 175-ա­մեայ ե­կե­ղե­ցին, Գան­տիլ­լիի բար­ձուն­քէն կը վկա­յէ Հայ Ե­կե­ղե­ցիին ա­ռա­քե­լա­կա­նու­թեան եւ հայ քրիս­տո­նեայ հա­ւա­տա­ցա­լին քրիս­տո­սա­հաս­տատ եւ ա­ռա­քե­լա­հիմն հա­ւատ­քին։ Ա­ռա­քեալ­ներ ղրկուե­ցան աշ­խարհ, Քրիս­տո­սէ ստա­ցած ի­րենց իշ­խա­նու­թեամբ։ Բո­լորն ալ պարզ մար­դիկ էին եւ Քրիս­տո­սով ար­ժէք ստա­ցան։ Այ­նու­հե­տեւ իւ­րա­քան­չիւր հա­ւա­տա­ցեալ կը կան­չուի իր տկա­րու­թիւ­նը տես­նե­լու ա­ռա­ջի Աս­տու­ծոյ եւ ա­պա՝ Քրիս­տո­սէ ստա­նալ կա­րո­ղու­թիւ­ն»։ Իր խօս­քե­րու ա­ւար­տին, ներ­կա­նե­րը հրա­ւի­րեց ա­ռա­քեալ­նե­րու ճամ­բով տես­նե­լու՝ Քրիս­տո­սը, որ է Ե­կե­ղեց­ւոյ գլու­խը։

Ս. Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին կազ­մուած թա­փօ­րը ուղ-ղըւե­ցաւ ա­ջա­կող­մեան մատ­րան մուտ­քը, ուր հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն կա­տա­րուե­ցաւ ե­կե­ղեց­ւոյ վախ­ճա­նեալ հո­գե­ւոր սպա­սա­ւոր­նե­րուն, հիմ­նա­դիր­նե­րուն, ծա­ռա­յող­նե­րուն, բա­րե­րար­նե­րուն, ներ­կայ բա­րե­րար­նե­րու հան­գու­ցեալ պա­րա­գա­նե­րուն եւ հան­գու­ցեալ թա­ղե­ցի հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին հոգ­ւոցն ի հան­գիստ։

Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին հան­դի­սա­ւո­րա­պէս կա­տա­րուե­ցաւ «Ան­դաս­տան­»ի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Սրբա­զան Հայ­րը ի ձե­ռին ու­նե­նա­լով բազ­մա­թիւ մա­սունք­նե­րու զե­տե­ղուած Ս. Խա­չը, օրհ­նեց ե­կե­ղե­ցին, թա­ղե­ցի­նե­րը եւ ուխ­տա­ւոր ժո­ղո­վուր­դը։ Հա­ւա­տա­ցեալ­ներ եւս մաս­նակ­ցե­ցան «Ա­մէն. Ա­լէ­լուիա»ի ձայ­նե­րուն, ո­րոնք կը բարձ­րա­նա­յին այս գողտ­րիկ ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ։ Վեր­ջին օրհ­նու­թե­նէ յե­տոյ, ներ­կայ ուխ­տա­ւոր­ներ վա­յե­լե­ցին գե­ղե­ցիկ ա­նակն­կալ մը եւս։ Ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը 175-ա­մեա­կի առ­թիւ պատ­րաս­տած էր յու­շա­քար մը, վասն պան­ծաց­ման 175-ա­մեայ Ս. Եր­կո­տա­սան Ա­ռա­քե­լոց ե­կե­ղեց­ւոյ, ի յի­շա­տակ հան­գու­ցեալ սպա­սա­ւո­րաց եւ բա­րե­րա­րաց։ Սրբա­զան Հայ­րը, վերց­նե­լով շղար­շը, բա­ցու­մը կա­տա­րեց փոքր յու­շա­քա­րին։

Հո­գե­ւոր հան­դի­սու­թեանց ա­ւար­տին, ներ­կա­ներ բո­լո­րուե­ցան սի­րոյ սե­ղան­նե­րու շուրջ։ Տիգ­րան Գէոր­գեան, խօսք առ­նե­լով շնոր­հա­կալու­թիւն յայտ­նեց բո­լոր ներ­կա­նե­րուն, ո­րոնք նոյ­նիսկ ամ­րան տաք օ­դե­րուն, յանձն ա­ռած էին մաս­նակ­ցիլ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նուան տօ­նախմ­բու­թեան։ Հան­դի­սա­պետ Սրբա­զան Հօր, ներ­կայ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուն եւ դպիր­նե­րուն եւս իր ե­րախ­տի­քը յայտ­նեց, քա­նի որ ե­կե­ղեց­ւոյ 175-ա­մեա­կը հո­գե­ւոր հրճուան­քով տօ­նուած էր։

Չորեքշաբթի, Յունիս 29, 2016