ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ ընդունեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները, որոնց հետ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։
Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Յուլիսի 3-ին, երբ պիտի նշուի Պայծառակերպութեան տաղաւարը։ Ուստի, ըստ ընկալեալ սովորութեան, նախօրեակին թաղականները այցելեցին Գումգաբու՝ կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններուն համար խնդրելու Պատրիարքական Աթոռին հովանաւորութիւնը։ Անոնք միեւնոյն ժամանակ տեղեկութիւններ փոխանցեցին թաղային խորհուրդի ընթացիկ գործունէութեան շուրջ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ջերմ արտայայտութիւններով ողջունեց Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչներուն այցը։ Գոհունակութեամբ վերահասու դարձաւ անոնց կողմէ հաղորդուած բացատրութիւններուն՝ փոխանցելով իր գնահատանքն ու օրհնութիւնները։