ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀՈՒՆՁՔԸ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՄԸ ՄԷՋ ՀՐԱԺԵՇՏ ԱՌԱՒ ԴՊՐՈՑԷՆ
Երէկ յետմիջօրէին Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտութեան հանդէս։ Վարժարանի այս տարուան հունձքին համար կազմակերպուած վկայականներու բաշխման արարողութիւնը անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը ջերմ զգացումներով ողջունեց հաստատութեան այս տարուան շրջանաւարտները։ Միեւնոյն ժամանակ, այս հաւաքոյթը շարժառիթի մը վերածուեցաւ մեծարելու համար Սուրբ Խաչ դպրեվանքի տնօրէն Արմէն Սարուխանեանը, որ յառաջիկայ տարի պիտի փոխանցէ իր հերթը։ Ան երէկ ջերմօրէն շրջապատուեցաւ իր աշակերտներուն կողմէ ու միեւնոյն ժամանակ առարկայ դարձաւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքի պատասխանատուներու երախտագիտական զգացումներուն։
Շրջանաւարտութեան հանդէսին յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ Սեւան Ժան Յակոբեանի եւ Աննա Թէրզիի։ Ելոյթներով հանդէս եկան Խնամակալութեան ատենապետ Թորոս Ալճան, Արմէն Սարուխանեան եւ վարժարանի նախկին բազմամեայ տնօրէն Հայկ Նշան։
Երէկուան հանդէսին ընթացքին շրջանաւարտներուն համար պատրաստուած էր յատկանշական անակնկալ մը։ Վարժարանի նկարչութեան ուսուցիչ Սայաթ Ուշաքլըկիլ, որ յայտնի արուեստագէտ մըն է, պատրաստած էր այս տարուան բոլոր շրջանաւարտներուն դիմանկարը։ Իր այդ ստեղծագործութիւնները զետեղուած էին բեմին վրայ, ինչ որ խորհրդաւոր մթնոլորտ մը ստեղծեց սրահի երդիքին տակ։ Պարքովիզիոնի ցուցադրութիւնով մը ներկայացուեցան այս տարուան շրջանաւարտները։ Տղաքը ծափահարութիւններով ստացան իրենց վկայականներն ու յուշանուէրները։ Այս ամբողջին մէջ յատուկ գնահատանքի առարկայ դարձան յաջողագոյնները՝ Տանիելլա Պաքըրճըօղլու, Ժանէթ Գազանճեան եւ Ասլին Ճեհերեան։
Յայտագրի գործադրութեան աւարտին պարտէզին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։ Կարկանդակ մը հատուեցաւ ի պատիւ շրջանաւարտներուն, որոնք դպրոցէն հրաժեշտ առին յուզումնախառն զգացումներով եւ վերջին անգամ ըմբոշխնեցին այդ նուիրեալ երդիքին տակ որպէս աշակերտ միասնաբար գտնուելու անփոխարինելի զգացումը։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024