ԱՆՏԷՐՈՒԹԻՒՆ
Կեանքի մէջ ամենավատ բանը այն է, երբ տագնապի մէջ, վտանգի դիմաց, կամ մահուկենաց օրհասի պահերուն կը զգաս, որ մինակ ես, անտէր ես ու անտիրական, երբ կեանքիդ բոլոր օրերը եղած ես ընկերային շրջանակի մէջ, սիրած ես, օգնած ես, քաջալերած ես, պայքարած ես, փրկած ես, հասած ես բոլորին, զոհած ես առողջութիւն ու հանգիստ, մոմի պէս լուսաւորած ես շրջապատդ ու հալած… ու այս բոլորէն ետք, երբ «լինել-չլինել»ու դամոկլեան սուրը կախուած է գլխավերեւդ, շուրջդ կը նայիս ու մարդ չես գտներ ձեռքէդ բռնող, վէրքդ կապող, յենակ եղող, որ ոտքի կանգնիս. մինակ ես, առանձին, լքուած քու ճակատագրիդ…
Հիմա, այս է վիճակը Հալէպ քաղաքին ու հալէպցիներուն: Չորս տարի ինչ-ինչ զրկանքներով, ցաւերով, վնասներով ու կորուստներով դիմացան ու դիմադրեցին մահուան, անդադար ակնկալելով, որ չ՚ուշանար խաղաղութեան գալուստը, սակայն, երթալով աւելի վատթարացաւ վիճակը եւ դանակը հասաւ ոսկորին ու անցաւ ողնածուծին: Հալէպցիները կը նային իրենց շուրջը ու փրկարար ձեռք մը չեն գտներ անոր կառչելու, մինակ են ու անտէր, իսկ հալէպահայութիւնը, առաւե՛լ եւս: Անշուշտ կ՚ակնարկեմ համաշխարհային անդրադարձին, մեծ պետութեանց ու միջազգային մարմիններուն, ոչ թէ տեղական շտապ օգնութեանց մարմիններուն, որոնց օժանդակութիւնը անգնահատելի է:
Բնութեան աղէտներու պարագային, ամբողջ աշխարհը զօրաշարժի կ՚ենթարկուի, աղէտեալ երկրին օգնութեան հասնելու համար: Համաճարակներու ընթացքին աշխարհի բոլոր կազմակերպութիւնները կը փութան առաջքը առնելու եւ փրկելու աղէտեալները: Պատերազմները ինչո՞ւ չեն արժանանար այսպիսի վերաբերմունքի: Քաղաքականութիւնը ուրիշ ասպարէզ է, պատերազմը քաղաքական աղէտ է, որուն համար ուրիշ չափանիշեր կան, տարբեր հաշիւներ, սակարկութիւններ, ուր մարդը այդ հաշիւներուն մէջ ներառուած չէ, մարդկային կորուստի հարցը սակարկութեանց նիւթ չէ դժբախտաբար:
Երբեմն, բաւական դժուարութիւններէ ետք, միջազգային կազմակերպութիւն մը կը յաջողի պաշարեալ շրջանի բնակիչներուն օժանդակութիւն հասցնել: Ուտեստեղէնի ու պաշարի օգնութիւնները կը նմանին հիւանդ, հիւծուած մարդուն բերանը դգալ-դգալ ապուր լեցնելուն, որ կ՚ազդուրուի, սակայն առանց հիմնական դարմանումի. որքան ալ կերցնես՝ այդ հիւանդը պիտի չառողջանայ:
Ո՞ւր են համաշխարհային, միջազգային հեղինակութիւնները, ինչո՞ւ Հալէպը աղէտեալ քաղաք պիտակելով չեն փութար պատերազմը կեցնելու ու քաղաքը փրկելու վերջնական չքացումէ: Չե՞ն կրնար, շատ լաւ ալ կրնան, սակայն, կ՚ուզե՞ն։ Բացի հարուածը ստացողէն, ոչ մէկուն ձեռնտու է պատերազմը դադրեցնելը, քանի որ բոլորն ալ շահեր ունին եւ այդ շահերուն մէջ մարդկային կորուստները լուսանցքային են, նոյնիսկ աննշմար, հաշուէ դուրս:
Վա՛յ մեր աշխարհին, որ 21-րդ այս սրարշաւ արհեստագիտութեան դարուն, որուն կերտիչը ՄԱՐԴն է, ԻՆՔ հաշուէ դուրս է պատերազմներու ընթացքին:
Երբ այսքան անպէտ ու անկարեւոր կը դառնայ մարդը աշխարհի «Տէրեր»ուն ձեռքը, ուրեմն ժամանակը եկած է, որ նոր ջրհեղեղ մը գայ ու սրբէ տանի կեղտը այս երկրագունդին:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
«Ապագայ»