ՆԱԶԼԸ ԹԵՄԻՐ-ՊԷՅԼԷՐԵԱՆ ԸՆԿԵՐԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏՈՔԹՈՐԻ ՏԻՏՂՈՍ ՆՈՒԱՃԵՑ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի տաղանդաւոր երիտասարդ ակադեմականներէն Նազլը Թեմիր-Պէյլէրեան Փարիզի մէջ աւարտած է իր տոքթորականը՝ մասնագիտանալով ընկերաբանութեան ճիւղին մէջ։ Նազլը Թեմիր-Պէյլէրեան վերջին տարիներուն տոքթորականի աշխատանք տարած է Ֆրանսայի Ընկերային գիտութիւններու գծով բարձրագոյն ուսումնասիրութիւններու դպրոցէն ներս։ Իր թեզի խորհրդականը եղած է Փրոֆ. Նիլիւֆէր Կէօլէ։ Իր աշխատանքը կեդրոնացած է՝ «Հասարակաց յիշողութեան դէմ մոռացութեան քաղաքականութիւն. երեք սերունդներու ընթացքին հայ ըլլալ Թուրքիոյ մէջ» նիւթին վրայ։
Նազլը Թեմիր-Պէյլէրեան վերոյիշեալ բարձրագոյն ուսման հաստատութենէն ներս վերջերս յաջողութեամբ պաշտպանած է իր թեզը։ Բացի Նիլիւֆէր Կէօլէէն, թեզի պաշտպանութեան փուլին դատակազմին մէջ գտնուած են նոյնպէս հեղինակաւոր գիտնականներ՝ Վենսան Տիւքլէր, Ֆերհատ Քենթէլ, Մարկ Նշանեան եւ Թալին Տէր-Մինասեան։ Իր թեզի պաշտպանութիւնը տեղի ունեցած է բաց ձեւաչափով եւ շուրջ հինգ տասնեակ գիտնականներ, համալսարանականներ եւ հետաքրքիրներ հետեւած են ընթացքին։ Չորս ժամ տեւած է թեզի պաշտպանութիւնը եւ արդիւնքին Նազլը Թեմիր բարձրագոյն աստիճանով վերահաստատուած է որպէս ընկերաբանութեան տոքթոր։
Այս առթիւ ամենաջերմ զգացումներով կը շնորհաւորենք Նազլը Թեմիր-Պէյլէրեանը, որուն նորանոր նուաճումներ կը մաղթենք իր ապագայ գիտական գործունէութեան համար։
Թրքահայ կեանք
- 12/23/2024
- 12/23/2024