ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՇՔԵՂ ՀԱՄԵՐԳ
Երեւանի մէջ վերջերս հանդիսաւոր համերգով մը նշուեցաւ Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի 90-ամեայ յոբելեանը։ Այս առթիւ Օփերայի համալիրէն ներս կազմակերպուած համերգը պատուեցին Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան։ Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան։
Հանրապետութեան նախագահի հրամանագրերով՝ երաժշտական արուեստի բնագաւառէն ներս ներդրած նշանակալի աւանդին եւ այս յոբելեանին կապակցութեամբ Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար ու գլխաւոր խմբավար Էտուարտ Թոփչեան պարգեւատրուեցաւ մետայլով մը։ Գնահատուեցան նաեւ ծառայութիւնները Վաղարշակ Պեպանեանի եւ Շահէն Գէորգեանի։
Յոբելենական համերգին ընթացքին հանդէս եկան շարք մը հռչակաւոր արուեստագէտներ. ինչպէս՝ սոփրանօ Յասմիկ Պապեան, ջութակահար Սէրկէյ Խաչա-տըրեան, պաս Բարսեղ Թումանեան, թաւջութակահար Ալեքսանտր Չավուշեան եւ դաշնակահար Վահագն Պապեան։
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024