Մենք Մեր Գլուխը Բարձր Կը Պահենք
Սուրիական տագնապի առաջին օրերէն Հալէպի նուիրեալ հայ տղաքը հայկական մեր թաղերու պաշտպանութիւնը ստանձնեցին: Անոնք նախընտրեցին մաքառումներով առլցուն հերոսապատում կերտողներու դժուար ճամբան եւ մեծ դեր ունեցան ու կը շարունակեն ունենալ ոչ միայն մեր ընտանիքներու, մեր աշակերտներու, բարեսիրական գործի նուիրուած մեր քոյրերու եւ եղբայրներու, մեր եկեղեցականներու պաշտպանութեան մէջ, այլեւ իրենց յանդուգն յանձնառութեամբ պատերազմական վայրագ գործողութիւններուն ու ահաբեկչական արարքներուն դիմաց հայ համայնքին գոյերթը երաշխաւորող վահաններ դարձան:
Հայկական թաղերու պաշտպանութիւն հասկացողութիւնը պէտք չէ ընկալել որպէս սոսկ կառոյցներու պաշտպանութեան կամ հայ բնակչութեան ապահովութեան ի խնդիր տարուած աշխատանք: Հայկական թաղերու պաշտպանութեան կոչուած հայ տղաքը, իրականութեան մէջ, մեր արժանապատուութիւնը, մեր դիմագիծը, մեր գոյութեան իրաւունքն է, որ կ՚ամրապնդեն, մեր սրբութիւններն ու աւանդոյթներն է, որ կը պահպանեն եւ մեր պայքարելու ունակութիւնն ու կամքը կը մարմնաւորեն: Այլ խօսքով, սուրիահայ համայնքի ու սուրիական հայրենիքի արժէքներն ու շահերն է, որ կը պաշտպանեն` յարգանք պարտադրելով բոլորին: Անոնց ազնիւ հոգիին, կարգապահութեան ու մարտունակութեան դիմաց կը խոնարհին բարձրաստիճան զինուորականներն անգամ:
Մեր ներշնչման աղբիւրն են անոնք, որովհետեւ յուսալքման առաջնորդող պատերազմական յորձանուտին մէջ չյուսալքուեցան, հեռանալու տարաբնոյթ կոչերը արհամարհեցին ու չհեռացան: Հարկ եղած պահուն իրենց կեանքն անգամ չխնայեցին, նահատակուեցան, որպէսզի նորահաս մեր սերունդները իրենց գլուխը բարձր պահեն ու չընկրկին: Որպէսզի անոնք հպարտ զգան հայու ինքնութեամբ, քաջարի մեր տղոց օրինակին հետեւելով` տէր կանգնին մեր սկզբունքներուն, մեր դարարմատ համայնքին:
Մարտիրոսացած մեր տղաքը պայքարի իրենց ոգիով անջնջելի հետք ձգեցին մեր կեանքին մէջ: Անոնք համոզուած էին, որ դժուարութիւններուն դիմաց պէտք չէ նահանջել, պէտք չէ ընկրկիլ ու անճրկիլ, որովհետեւ դժուարութիւններ կրնան յառաջանալ ամէն ժամանակներու մէջ եւ ամէն տեղ: Էականը այդ դժուարութիւններու յաղթահարման կամքով օժտուիլն է, մեր հաւաքական շահերուն պահպանման ի խնդիր վճռական ըլլալն ու մեր ուժերուն հաւատք ընծայելն է:
Գաղափարի այս զինուորներուն թափած արեան շիթերը դիմադրութեան խթան հանդիսացան մեզմէ իւրաքանչիւրին համար: Անոնք իրենց վարքով ու օրինակով կերտեցին մարտունակ սերունդներու փաղանգ մը, ու մէկը դարձաւ տասը ու հարիւր, եւ սուրիահայ քաջերուն շարքերը համալրուեցան գաղափարապաշտ նոր նուիրեալներով:
Դաշնակցականի իրենց տիպարով անոնք մեզ պատգամեցին տէր կանգնիլ հայատրոփ մեր համայնքին` զայն կրկին տեսնելու առոյգ, կենսունակ ու խաղաղ:
Այս պատգամը մեզի փոխանցող նահատակներու յիշատակին ընդառաջ, տխրելով հանդերձ, իրաւունք չունինք յուսահատելու եւ նահանջելու մեր գոյերթին մէջ: Մեր ժողովուրդի պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն մղած ենք կենաց մահու կռիւներ, դէմ դրած ենք ահաբեկչական հորդաներու, ունեցած ենք կորուստներ, բայց կանգուն մնացած ենք, մեր գլուխը բարձր պահած եւ անկոտրում մեր կամքին շնորհիւ` վերագտած մեր կենսունակութիւնն ու ծաղկուն կեանքը:
Սգալով կորուստը մեր նահատակներուն` վերանորոգենք մեր յանձնառութիւնը ու քաջ գիտակցինք, որ դաւադիր հրասանդներ թէկուզ փլեն մեր տունը, չեն յաջողիր խախտել անոր հիմը, թէկուզ խլեն մեր լաւագոյն տղոց կեանքը, չեն յաջողիր խափանել անոնց սկսած սրբազան գործն ու սերունդէ սերունդ փոխանցուող ուխտը:
Խմբագրական «Գանձասար»ի
Հալէպ
Հարթակ
- 11/22/2024