ՄԽԻ­ԹԱ­ՐԵԱՆ ՎԱՐ­ԺԱ­ՐԱ­ՆԻ ՄԷՋ ՇՐՋԱ­ՆԱ­ՒԱՐ­ՏԻՑ ՀԱՆ­ԴԷՍ

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի ըն­թա­ցա­ւարտ ա­շա­կերտ­նե­րուն հան­դէ­սը տե­ղի ու­նե­ցաւ դա­րա­ւոր կրթօ­ճա­խի պար­տէ­զին մէջ: Այս տա­րի վար­ժա­րա­նը կու տար իր 191-րդ պա­տուա­բեր շրջա­նա­ւարտ­նե­րը: Հան­դէ­սին ներ­կայ էին Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տան եւ վար­ժա­րա­նի հայ­րեր՝ Մագ. Հ. Սար­գիս Ծ. Վրդ. Էր­մէն եւ Հ. Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան, վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Պերճ Մեն­զիլ­ճիօղ­լու, ա­տե­նա­պետ Ար­ման Գա­մա­ռի գլխա­ւո­րու­թեամբ Մա­տա­կա­րար մարմ­նի ան­դամ եւ ան­դա­մու­հի­ներ, վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թիւն­նե­րը, ու­սուց­չաց կազ­մը, Ծնո­ղաց միու­թիւ­նը, ծնող­ներ եւ այլ հիւ­րեր:

Օ­րուան խօս­նակ­ներն էին ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նէն եր­կու շնոր­հա­լի ե­րի­տա­սարդ՝ Լա­րա Մես­րո­պեան եւ Նա­թան Սիւս­լիւ: Հան­դէ­սին բաց­ման խօ­սակ­ցու­թիւ­նը ը­րաւ Պերճ Մեն­զիլ­ճիօղ­լու: Ան շնոր­հա­ւո­րեց շրջա­նա­ւարտ ա­շա­կերտ­նե­րը, ո­րոնք միշտ ցոյց տուած էին յա­րա­տեւ աշ­խա­տու­թիւն: Պերճ Մեն­զիլ­ճիօղ­լու չմոռ­ցաւ նաեւ ու­ղար­կել իր շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեանց, ու­սուց­չաց կազ­մին, Ծնո­ղաց միու­թիւն­նե­րուն, քար­տու­ղա­րու­թեան եւ անձ­նա­կազ­մին, ո­րոնք ձեռք ձեռ­քի տուած՝ ա­մէն ջանք ի գործ դրած էին հասց­նե­լու հա­մար վար­ժա­րա­նի այ­սօ­րուան ար­ժէ­քա­ւոր հունձ­քը: Ա­պա ար­տա­յայ­տուե­ցաւ լի­կէո­նի տնօ­րէ­նու­հի Ե­ւա Օ­րա­գեան, որ սրտանց շնոր­հա­ւո­րեց բո­լոր ըն­թա­ցա­ւարտ ա­շա­կերտ­նե­րը: Ա­նոնք մի­միայն աշ­խա­տա­սէր, ջա­նա­սէր եւ կար­գա­պահ ա­շա­կերտ­ներ չէին ե­ղած, ա­նոնք այս ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րուն քով ի­րենց մէջ լիու­լի խտա­ցու­ցած էին նաեւ սէրն ու յար­գան­քը: Տղոց ուղ­ղեալ շնոր­հա­ւո­րա­կան խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ նաեւ միջ­նա­կար­գի տնօ­րէ­նու­հի Էլ­տա Գա­րա­կէօ­զեան:

Յե­տոյ վար­դա­պետ­նե­րու, վար­ժա­րա­նի վա­րիչ­նե­րու եւ կր­­թա­կան մշակ­նե­րու ձե­ռամբ ա­շա­կերտ­նե­րուն յանձ­նուե­ցան վար­ժա­րա­նի խորհր­դան­շա­կան վկա­յա­կան­նե­րը: Մա­տա­կա­րար մար­մինն ալ ըն­թա­ցա­ւարտ­նե­րուն հա­մար պատ­րաս­տած էր ի­մաս­տա­լից նուէր­ներ: Յա­տուկ նուէր­նե­րով վար­ձատ­րուե­ցան նաեւ ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի յա­ջո­ղա­գոյն ա­շա­կերտ­նե­րը: 2015-2016 ուս­ման տա­րեշր­ջա­նին լե­զու­կան բա­ժի­նը ա­ռաջ­նու­թեամբ ա­ւար­տած էր Լի­նա Չավ­տար: Վար­ժա­րա­նին եր­րոր­դը հան­դի­սա­ցած էր Հե­լին Մու­րա­տեան, երկ­րոր­դը՝ Լա­րա Մես­րո­պեան, իսկ վար­ժա­րա­նին ա­ռա­ջի­նը հան­դի­սա­ցած էր Սե­լի­նա Մա­նան: Դար­ձեալ Սե­լի­նա Մա­նանն էր, որ թուա­բա­նու­թեան եւ գի­տու­թեան դա­սե­րու մէջ իր ցու­ցա­բե­րած բա­ցա­ռիկ յա­ջո­ղու­թեամբ ար­ժա­նա­ցաւ «Բար­սեղ Սա­րայ­լը» ոս­կեդ­րա­մին: Իսկ միջ­նա­կար­գի բաժ­նի ա­ռա­ջի­նը հան­դի­սա­ցած էր Աք­սէլ Փու­լաշ, որ նմա­նա­պէս պար­գե­ւատ­րուե­ցաւ «Բար­սեղ Սա­րայ­լը» ոս­կեդ­րա­մով: Աս­տի­ճա­նա­ւոր ա­շա­կերտ­նե­րը ող­ջու­նուե­ցան ծա­փող­ջոյն­նե­րով: Յա­նուն ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­թեան՝ Սե­լի­նա Մա­նան ար­տա­յայ­տեց իր զգա­ցում­նե­րը: Ան պարտք հա­մա­րե­ցաւ յղել իր ե­րախ­տա­գի­տա­կան զգա­ցում­նե­րը Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին, ու­սու­ցիչ­նե­րուն, ծնող­նե­րուն եւ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք ու­նէին ի­րենց ա­նու­րա­նա­լի բա­ժի­նը իր եւ իր ըն­կեր­նե­րուն յա­ջո­ղու­թեան մէջ:

Յա­նուն Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան՝ շրջա­նա­ւարտ ա­շա­կերտ­նե­րուն խօսք ուղ­ղեց վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Վար­դան Պալ­մում­ճեան: Ան խօ­սե­ցաւ միու­թեան ա­պա­գայ ծրա­գիր­նե­րուն մա­սին եւ տ­­ղա­քը հրա­ւի­րեց յա­ճախ մէկ­տե­ղուե­լու ի­րենց հա­ւա­քա­տե­ղիին մէջ, որ­պէս­զի տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ի­րենց մի­ջեւ գո­յա­ցած կա­պը եր­բեք չխզուի: Ան ա­շա­կերտ­նե­րը հրա­ւի­րեց նաեւ գոր­ծօն դեր ստանձ­նե­լու  միու­թեան վար­չու­թեան մէջ:

Տղոց ուղ­ղեալ իր սրտի խօս­քը ը­րաւ նաեւ Հ. Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան: Բարձր գնա­հա­տե­լով Մխի­թա­րեան յար­կին տակ տղոց ջամ­բուած ուս­ման մա­կար­դա­կը եւ փո­խան­ցուած մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը, Հ. Յա­կով­բոս Վար­դա­պե­տ տ­ղոց պատ­գա­մեց տէր կանգ­նիլ այդ ան­գին ար­ժէք­նե­րուն: Վար­դա­պե­տը մաս­նա­ւո­րա­պէս ընդգ­ծեց, թէ հա­մալ­սա­րա­նա­կան ու­սու­մը մար­դուս կեան­քին մէջ կա­րե­ւոր հանգ­րուան մը ըլ­լա­լով հան­դերձ, ատ­կէ ա՛լ ա­ւե­լի կա­րե­ւոր են ան­հա­տա­կան նկա­րա­գի­րը, խե­լա­ցու­թիւ­նը եւ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք նպաս­տա­ւոր դռներ կը բա­նան ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն առ­ջեւ: Եւ վեր­ջա­պէս Վար­դա­պե­տը տղոց ուղ­ղեց իր բա­րե­մաղ­թանք­նե­րը, Աս­տուծ­մէ հայ­ցե­լով, որ ա­նոնց կեան­քը միշտ խին­դով լե­ցուի եւ ա­նոնց բո­լոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը պսա­կուին պա­տուա­բեր յա­ջո­ղու­թեամբ:

Տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ պաս­տա­ռի ցու­ցադ­րու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին տո­ղան­ցե­ցին ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի ու­սում­նա­կան շրջա­նէն խօ­սուն դրուագ­ներ:

Յե­տոյ բո­լոր ներ­կա­նե­րը պա­տուա­սի­րուե­ցան ընթ­րի­քով: Ե­րե­կոյ­թին ո­գե­ւո­րու­թիւ­նը հա­սաւ իր գա­գաթ­նա­կէ­տին, երբ ըն­թա­ցա­ւարտ տղա­քը միաս­նա­բար կտրե­ցին ի­րենց շրջա­նա­ւար­տու­թեան կար­կան­դա­կը: Ա­նոնք նկա­րուե­ցան եւ զուար­ճա­ցան Ար­ման Ծա­տու­րի հա­ճե­լի ե­րաժշ­տու­թեան ներ­քեւ:

Այս­պէս՝ 28 Յու­նիս 2016, Ե­րեք­շաբ­թի ի­րի­կուն Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նը տուաւ իր 191-րդ շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րը՝ բո­լորն ալ ի­րար­մէ ար­ժէ­քա­ւոր, ի­րար­մէ ա­նու­շիկ ե­րի­տա­սարդ­ներ, ո­րոնց բո­լորն ալ ա­պա­գայ կը խոս­տա­նան եւ վա­ղը ա­նոնք հա­ւա­նա­բար պի­տի նուա­ճեն նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ, Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի մէջ ի­րենց ստա­ցած բա­րե­մաս­նու­թիւն­նե­րը դրսե­ւո­րե­լով այ­լա­զան մար­զե­րու մէջ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 4, 2016