Գոհար Խաչատուրեան Ստացաւ Հռոմի Պապին Օրհնագիրը
Հայաստան կատարած իր եռօրեայ այցելութեան ընթացքին Հռոմի Ֆրանսիսքոս Պապը առաքելական օրհնագիր շնորհեց ԳՈՀԱՐ նուագախումբի եւ երգչախումբի հիմնադիր Գոհար Խաչատուրեանին:
Կիւմրիի «Վարդանանց» հրապարակին վրայ Հռոմի Պապին մատուցած պատարագին ընթացքին, ինչպէս նաեւ Կիւմրիի կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ ԳՈՀԱՐ երգչախումբի հոգեւոր երգերուն կատարումները հիացուցած են Ֆրանսիսքոս Պապը:
Կաթողիկէ Քահանայապետը գնահատած է 1996-էն ի վեր Կիւմրիի մէջ գործող լիբանանահայ Գոհար Խաչատուրեանի եւ անոր ընտանիքին աշխատանքը: Անոնց հովանաւորութեամբ աշխատատեղեր ստեղծուած են հազարաւոր կիւմրեցիներու համար: 1997-1999 թուականներուն Գոհար Խաչատուրեանի զաւակները՝ Յարութ, Շահէ եւ Նար Խաչատուրեանները, Կիւմրիի կեդրոնին մէջ կառուցած են համալիր մը, ուր բնակութիւն հաստատած են երկրաշարժէն անպատսպար մնացած ժողովուրդը:
Անոնք հիմնած են նաեւ Կիւմրիի ԳՈՀԱՐ երաժշտանոցը, ուր աշակերտներուն տրուած է անվճար սորվելու հնարաւորութիւն. անոնց տրամադրուած են նաեւ անվճար երաժշտական գործիքներ:
2000 թուականին Խաչատուրեան ընտանիքը հիմնած է հայկական ամենամեծ երաժշտական խումբը` ԳՈՀԱՐ սիմֆոնիք նուագախումբն ու երգչախումբը, որ աշխարհի շարք մը երկիրներու մէջ համերգներ տուած է` իւրաքանչիւր համերգի հասոյթ յատկացնելով բարեգործական նպատակի:
Միւս կողմէ, Գոհար Խաչատուրեան այս տարի արժանացած է նաեւ «Կիւմրիի տարուան երախտաւոր» տիտղոսին, որ ամէն տարի կը շնորհուի «Կիւմրիի տարուան մարդ» յանձնաժողովին կողմէ: