Եկաւ, Տեսաւ… Եւ Մեզ Հմայեց
Միտքս պարզեմ: Քաջատեղեակ էք, շատ հաւանաբար՝ այո՛, թէ Յունիս 24-ին, եռօրեայ իր այցելութեամբ, Հայաստան եկաւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետ, հոգեւոր առաջնորդ եւ Վատիկան պետութեան ղեկավար Ֆրանսիսքոս Պապը:
Հովուապետական այս աննախընթաց այցելութեան երեք օրերու ընթացքին հաւանաբար ինծի նման շատեր ալ կապուած ու նոյնիսկ գամուած մնացին հայկական եւ քիչ մըն ալ տեղական հեռատեսիլի կայաններուն դիմաց, որպէսզի աւելի մօտէն հետեւէին Հայաստան՝ «Առաջին քրիստոնեայ երկիր» խորագրով մեր հայրենիքը այցելող եւ կամ ուխտագնացութեան եկող պապի իւրաքանչիւր քայլին, խօսքերուն, պատգամներուն, մաղթանքներուն, օրհնութիւններուն եւ կոչերուն:
Պէտք է հպարտօրէն շեշտել, թէ մեզի պէս ամբողջ աշխարհն ալ հետեւեցաւ այս մէկուն: Ու մենք, իբրեւ եկեղեցի եւ պետութիւն, եւ համայն հայութեամբ ու արժանավայել կերպով ու հայու յատուկ հիւրընկալութեամբ, թէ՛ կենցաղով, թէ՛ նկարագրով, գրկաբաց ընդունեցինք զինք:
Պապը եկաւ մեր երկիրը, եւ իր այս գալուստով մեր արդի պատմութեան մէջ մեզի համար նոր ու լուսաւոր էջ մը բացաւ:
Ապրի՛: Կարեւոր էջ մը:
Այսպէս, ան մեզի եւ աշխարհի խաղաղութեան համար միշտ աղօթեց: Աղօթեց նաեւ դարերու կեանք ունեցող մեր Սուրբ Էջմիածնի կամարներուն տակ: Ապա Կիւմրիի Վարդանանց հրապարակին վրայ կատարեց «էքիւմենիք» արարողութիւն, իսկ Երեւանի «Հանրապետութեան» հրապարակին վրայ տպաւորիչ մաղթանքներ ըրաւ:
Իբրեւ հոգեւոր մեծ հովիւ՝ ան մեզ միշտ օրհնեց: Օրհնեց բոլորս՝ հոգեւորականէն մինչեւ երախաները: Իր հրապարակային խօսքերուն մէջ յորդորեց մեծին եւ պզտիկին: Յարգանքով մօտեցաւ հաշմանդամներուն եւ իւրաքանչիւրը մէկ առ մէկ համբուրեց: Հիացաւ մեր պատմութեան եւ մեր դարաւոր հայրենիքին ու յատկապէս ամէն առիթով աչքերը յառեց պիպլիական մեր սուրբ լերան՝ Արարատին: Ու վերջին՝ բարի յիշատակներով ու յուշանուէրներով իր աթոռը վերադարձաւ:
Յիշեցման կարգով ըսեմ նաեւ, իբրեւ առաջին մեծ նախաձեռնողի, պատիւ իրեն, Հռոմի նոյն այս Սրբազան Պապը 2015-ի Ապրիլ 12-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ ոչ միայն պատմական պատարագ մատուցեց, այլեւ իբրեւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետ՝ իր քարոզ-ուղերձին մէջ յստակօրէն յիշեց 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, զայն որակելով իբրեւ այդ դարու առաջին աննախադէպ ողբերգութիւնը: Աւելի՛ն. դարձեա՛լ պատիւ, այս մեր հիւր Սրբազան Քահանայապետը նոյն տարին մեր սուրբերէն Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հռչակեց Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ:
Այսինքն, արդէն մեծ եւ կարեւոր նշանակութեան գործօն է մեր ժողովուրդի մղած պայքարի դաշտին վրայ: Իսկ իր այս այցելութեան ան քանի մը անգամներ հրապարակային կերպով յիշեց «ցեղասպանութիւն» բառը:
Իբրեւ հայ եւ պարզ անհատ՝ անձնապէս հիացած եմ Ֆրանսիսքոս Պապով: Ան ինծի համար իրապէս գիտակից հոգեւորական մըն է, ճշմարիտ ղեկավար մը եւ իր կոչումին տէր անձնաւորութիւն մը, ինչպէս նաեւ՝ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառայ մը եւ մեծ փիլիսոփայ, որ մեր երկիրը հիւր եկաւ կիսելու համար մեզի հետ, մեր յոյսերն ու մտահոգութիւնները:
Մէկ խօսքով, այս համեստ ու անշահախնդիր ուխտաւորին այցելութիւնը պատմական դարձակէտ մը նկատուեցաւ բոլորին կողմէ:
Եւ տակաւին, իր կեցութեան երեք օրերուն ան մեզի սէր եւ հաւատք քարոզեց: Քարոզեց մեղմ ու համոզիչ ձայնով: Հանդարտ եւ նոյնքան ալ՝ տպաւորիչ: Խրատեց իրարու հանդէպ ներողամիտ ըլլալ: Զիրար սիրել: Հոգեւոր միութիւնը փառաբանեց ու իր պատգամներուն մէջ գիտակցօրէն մեր մեծանուն բանաստեղծ Չարենցէն գեղեցիկ տողերէն յիշեց: Նաեւ իբրեւ մեծ ու բարի օրինակ՝ ան յիշեց մեր սուրբերէն Ներսէս Շնորհալի հայրապետն ու Գրիգոր Նարեկացին: Ապա կրկին ու կրկին անգամներ օրհնեց մեզ ու մեր երկիրը չմոռնալով նաեւ մեր ապագան: Խաղաղութիւն մաղթեց մեր ազատ ու անկախ հայրենիքին ու անոր կից՝ մեր Ղարաբաղին:
Եւ վերջապէս… Պապը եկաւ ու իրեն հետ բերաւ ամբողջ բարի եւ օրինակելի աշխարհ մը:
Ան նաեւ չմոռցաւ մեզի յիշեցնելու՝ յարգել օրէնքի գերակայութիւնը: Խրատեց մեզմէ հեռացնել ամէն ատելութիւն ու նախանձ, ամէն կաշառակերութիւն եւ զրպարտութիւն: Շեշտեց նաեւ, որ դրամը պէտք չէ, որ մեզ կառավարէ: Ծառայասիրութիւն քարոզեց ու երկարօրէն յորդորեց ըլլալ համեստ ու բարի: Յիշեցուց նաեւ, որ այն Աստուածը, զոր մենք կը պաշտենք, խաղաղութեան Աստուածն է: Եւ վերջապէս, չմոռցաւ իր համակրանքը, յարգանքն ու սէրը հրապարակելու Հայկական հարցին եւ մեր ժողովուրդին եւ մեր պատմութեան: Ու այս բոլորին յիշատակումով ան եկաւ հաստատելու, թէ հայ ժողովուրդն ալ իր դարաւոր կեանքով մաս կը կազմէր աշխարհի մեծ մշակոյթին:
Ըսի ու կրկնեցի, օրհնեց մեզ եւ մեր ապագան:
Իսկ հիմա… ի՞նչ սորվեցանք իրմէ: Ինչո՞ւ եկաւ Պապը: Արդեօք եկաւ այս բոլորը մեզի յիշեցնելո՞ւ: Ի՞նչ դասեր, կը կարծէք, կրցանք քաղել իր «հրամցուցածներէն»: Արդեօք իսկապէս այս բոլորին կարիքը ունէի՞նք: Արդեօք մոռցա՞ծ էինք, թէ մենք իբրեւ հոգեւորական, իշխանաւոր եւ կամ պարզ քաղաքացի՝ ովքեր ենք, եւ թէ ի՛նչ կամ ինչե՞ր կ՚ընենք, եւ կամ մեր ներկայ ընթացքով ազգովին ո՞ւր հասած ենք, ո՞ւր «կ՚երթանք» եւ կամ՝ ո՞ւր հասցուցած ենք մեր երկիրը:
Կը կարծեմ, որ ինք մեզի «դասեր» տուաւ՝ միաժամանակ լռելեայն ըսելով «հասկցողին շատ բարեւ»: Բայց ինչո՞ւ եւ ան ալ մեզի՝ ժողովուրդի մը: Ըսէ՛ք, ինչո՞ւ: Չէ՞ որ մենք աշխարհի առաջին քրիստոնեայ երկրի ժողովուրդը ըլլալով՝ այս բոլորը «արդէն գիտենք»: Արդեօք այս բոլորին կարիքը ունէի՞նք: Արդեօք ներկայիս աշխարհի ամենէն հաւատացեալ ժողովուրդներէ՞ն ենք: Արդեօք պէտք ունէի՞նք այս բոլոր բարի եւ օգտաշատ թելադրանքներուն:
Իմ կարծիքով… անկասկա՛ծ:
Ու վերջապէս. ի՞նչ սորվեցանք այս բանիմաց եւ ուխտագնաց մեծ հաւատացեալէն, անոր թելադրանքներէն: Շատ հաւանաբար բոլորիս մտքին եւ հոգիին մէջ իր բոլոր պարզածները ունեցան իրենց որոշ կամ յստակ արձագանգները: Սակայն որքանո՞վ իսկապէս մենք զմեզ ճանչցանք, եւ թէ ինչպէ՞ս մենք զմեզ պիտի կարենանք սրբագրել: Արդեօք տեսանելի՞ էր, թէ մենք ծուռ եւ կամ ոչ շիտակ ճամբաներու վրայ կը գտնուէինք, որ նման թելադրանքներ ստացանք:
Եւ եթէ այդպէս է, այս բոլորէն ետք արդեօք քաջութիւնը ունի՞նք կամ պիտի ունենանք մենք զմեզ սրբագրելու:
Չեմ գիտեր:
Իւրաքանչիւր հայ, ըլլայ ան հոգեւորական կամ աշխարհիկ, մեծահարուստ կամ իշխանաւոր կամ պետական դէմք եւ կամ պարզ հայ քաղաքացի, ինքն իր անձին թող հարց տայ:
Ես միայն իմ «արդեօ՞ք»իս պատասխանը ունիմ:
Ճիշդ ասոր համար է, որ մեծապէս շնորհակալ ու միաժամանակ երախտապարտ եմ Վատիկանի գահակալէն, իր այցելութեան առթիւ կատարած յորդորներուն եւ էական, ազդեցիկ ու կարեւոր յիշեցումներուն համար:
Երանի՜ նման հիւր այցելուներ միշտ ունենանք:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ