ՈՉ ԵՒՍ Է ԱՐՄԱՆ ՇԻՐԻՆ

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու դար­ձանք, թէ ներ­կայ շաբ­թուան սկիզ­բին իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է Կեդ­րո­նա­կա­նի ըն­տա­նի­քի ե­րի­ցա­գոյն ան­դամ­նե­րէն մին՝ Ար­ման Շի­րին, որ իր սե­րուն­դի ե­զա­կի դէմ­քե­րէն մին էր եւ մեծ յար­գանք ու հա­մակ­րանք կը վա­յե­լէր ըն­կե­րա­յին կեան­քէ ներս։ Իր կո­րուս­տը խոր ցաւ յա­ռա­ջա­ցու­ցած է հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն մօտ։

Ար­ման Շի­րին ծա­ւա­լած էր տաս­նա­մեակ­նե­րու վրայ տա­րա­ծուած բազ­մա­կող­մա­նի գոր­ծու­նէու­թիւն՝ ուս­ման եր­կար շրջա­նէ մը վերջ։ Նա­խակր­թու­թիւ­նը ստա­ցած էր Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ, ա­պա միջ­նա­կար­գի եւ լի­սէի տա­րի­նե­րուն յա­ճա­խած էր Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րան, ուր­կէ վկա­յուե­լէ վերջ մուտք գոր­ծած էր Իս­թան­պու­լի թեք­նիկ հա­մալ­սա­րա­նը։ Բարձ­րա­գոյն ուս­ման յա­ջող շրջան մը բո­լո­րե­լով՝ շրջա­նա­ւարտ ե­ղած էր շի­նա­րա­րու­թեան բարձր ճար­տա­րա­գէ­տի կոչ­մամբ։

Հա­մալ­սա­րա­նի տա­րի­նե­րը ձե­ւով մը նա­խան­շած էին իր կեան­քի ու­ղին։ Ու­սա­նո­ղու­թեան շրջա­նին Ար­ման Շի­րին դա­սըն­կեր ե­ղած էր Հան­րա­պե­տու­թեան 9-րդ նա­խա­գահ Սիւ­լէյ­ման Տե­մի­րէ­լի հետ։ Ար­հես­տա­վարժ կեան­քի անց­նե­լով՝ սկսած էր պաշ­տօ­նա­վա­րել Ջու­րի գծով պե­տա­կան գոր­ծե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թեան մօտ։ Տե­մի­րէ­լի ե­ռան­դով ու ջան­քե­րով կա­ռու­ցուած շարք մը ջրամ­բար­նե­րու շի­նա­րա­րու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն բե­րած էր իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը։ Ե­ղած էր յի­շեալ ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թեան Պա­լը­քէ­սի­րի մաս­նա­ճիւ­ղի ղե­կա­վար­նե­րէն մին։ Միշտ հե­տա­մուտ ե­ղած էր ըն­կե­րա­յին կեան­քէ ներս պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րու։ Իր նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ այդ ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թեան Պա­լը­քէ­սի­րի մաս­նա­ճիւ­ղի անձ­նա­կազ­մին հա­մար կա­ռու­ցուած էին բնա­կա­րան­ներ։ Իր սե­րուն­դի սա­կա­ւա­թիւ հա­յազ­գի պե­տա­կան պաշ­տօ­նեա­նե­րէն մին էր Ար­ման Շի­րին, որ հանգս­տեան կո­չուե­լէ վերջ ալ իր պա­շա­րը ի սպաս դրած էր հան­րա­յին սպա­սարկ­ման հա­մար։ Այս­պէս, ան հիմ­նած էր մաս­նա­ւոր ըն­կե­րու­թիւն մը, որ Իս­թան­պու­լի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան ա­ռըն­թեր Ջու­րի եւ կո­յու­ղի­նե­րու վար­չու­թեան հետ ար­դիւ­նա­ւէտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն մը ու­նե­ցած էր։ Իս­թան­պու­լի մէջ զա­նա­զան ուղ­ղու­թիւն­նե­րով կա­ռու­ցուած էին ջրա­տար խո­ղո­վա­կա­շար­ներ։

Ար­ման Շի­րին պատ­րաս­տա­կամ ե­ղած էր նաեւ մեր հա­մայն­քին ի նպաստ սպա­սա­ւո­րու­թեան ուղ­ղու­թեամբ, մա­նա­ւանդ որ ե­րախ­տա­գի­տու­թեան խոր զգա­ցում­նե­րով կա­պուած էր Կեդ­րո­նա­կա­նին, ուր­կէ հա­սած էր ե­րի­տա­սար­դու­թեան տա­րի­նե­րուն։ Մաս կազ­մած էր Ղա­լա­թիոյ խնա­մա­կա­լու­թեան, ստանձ­նե­լով նաեւ ա­տե­նա­պե­տի պաշ­տօն։

Ար­ման Շի­րին ա­մուս­նա­ցած էր Սա­թե­նիկ Շի­րի­նի հետ. յա­րա­բե­րու­թիւն մը, որ ծնունդ ա­ռած էր տա­կա­ւին Կեդ­րո­նա­կա­նի նստա­րան­նե­րու տա­րի­նե­րէն։ Ար­ման եւ Սա­թե­նիկ Շի­րին ա­մո­լը բախ­տա­ւո­րուած էր եր­կու զա­ւա­կով։ Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն յա­ռա­ջա­ցած տա­րի­քին բեր­մամբ խան­գա­րուած էր իր ա­ռող­ջու­թիւ­նը։ Դժբախ­տա­բար, ի­րեն ցոյց տրուած խնամ­քը բա­ւա­րար չե­ղաւ, որ­պէս­զի ան կա­րե­նար տա­կա­ւին եր­կար դի­մա­նալ եւ բա­րի յի­շա­տակ մը թող­լով հրա­ժեշտ ա­ռաւ սի­րե­լի­նե­րէն։

Իր կո­րուս­տով թրքա­հայ ի­րա­կա­նու­թե­նէն կը սա­հի աստ­ղը ե­զա­կի ան­հա­տա­կա­նու­թեան մը, ո­րու խորհր­դան­շած կեր­պա­րը մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քին մէջ կը հա­մա­րուէր օ­րի­նա­կե­լի։

Այս տխուր առ­թիւ ան­կեղծ յար­գան­քով կը խո­նար­հինք իր յի­շա­տա­կին առ­ջեւ, խո­րա­պէս վշտակ­ցե­լով իր այ­րիին՝ Սա­թե­նիկ Շի­րի­նին եւ բո­լոր հա­րա­զատ­նե­րու­ն։

Ուրբաթ, Յուլիս 8, 2016