13-ՐԴ «ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ»Ը
Երեւանի մէջ 10-17 Յուլիս թուականներուն տեղի պիտի ունենայ «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային փառատօնը, որ այս տարի կը կազմակերպուի 13-րդ անգամ։ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակի յոբելեանին ձօնուած պիտի ըլլայ այս տարուան փառատօնը, որուն շրջագծով աշխարհի 91 երկիրներէն 900 ֆիլմերու պարագային դիմումներ կատարուած են։ Մրցութային եւ արտամրցութային ծրագրերուն մէջ ընդգրկուած են շուրջ 135 ժապաւէններ։ «Ոսկէ ծիրան»ի կարեւորագոյն եւ անբաժան մասը դարձած են «Երեւանեան փրէօմիէրներ», «Հետահայեաց ցուցադրութիւններ» եւ «Յարգանքի տուրք» ծրագրերուն գծով ալ նոյնպէս պիտի ներկայացուին համաշխարհային շարժանկարի վարպետներու հին ու նոր լաւագոյն գործերը։
Փառատօնի բացման ընդառաջ գլխաւոր կազմակերպիչներն ու հովանաւորները մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին՝ բացատրութիւններ փոխանցելով 13-րդ «Ոսկէ ծիրան»ին առընչութեամբ։ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Այս փառատօնը անկախութեան ծնունդն է եւ կը ներառնէ անոր բնորոշ բոլոր հասկացութիւնները՝ խաղաղութիւն, մարդասիրութիւն, ժողովրդավարութիւն։ «Ոսկէ ծիրան»ը բերաւ ազատութեան եւ անկախութեան գաղափարները, որոնք մեր մօտ արժեւորուեցան եւ արմատաւորուեցան»։ Նախարարը աւելցուց, թէ փառատօնը արդէն կայացած է եւ շատեր ամէն տարի անհամբերութեամբ կը սպասեն անոր։
Փառատօնի գլխաւոր հովանաւոր «Վիվասել»ի ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան համոզուած է, թէ համագործակցութեան երկարատեւ տարիները կ՚ապացուցանեն հաստատակամ աշխատանքի արդիւնքին աւելի լաւ ապագայ մը ստեղծելու հնարաւորութիւնը։ Ան յոյս յայտնեց, որ այս փառատօնի եւ յատկապէս հիւրերու միջոցաւ հայութեան անունն ու արժէքները տարածում կը գտնեն ամբողջ աշխարհի մէջ։
Փառատօնի հիմնադիր-տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեան յայտնեց, թէ արդէն 13-րդ անգամ կ՚իրականացուի «Ոսկէ ծիրան»ը։ «Կը կարծէինք, թէ մարդիկ կրնային մեզմէ յոգնած ըլլալ, մենք՝ նոյնպէս, բայց նոյնիսկ այս դժուար ժամանակներուն «Ոսկէ ծիրան»ը մատնուած չէ անուշադրութեան», ըսաւ Յարութիւն Խաչատրեան, որ տեղեկացուց, թէ փառատօնը պիտի սկսի «Զարեհ» ֆիլմով։ Այս վերջինը նկարահանուած է իննսուն տարի առաջ եւ ան առաջին գործն է, որ ձօնուած է եզիտիներուն ու քիւրտերուն։ Յարութիւն Խաչատրեանի համոզմամբ՝ շատ կարեւոր է արտածել հայկական ֆիլմերը, ցոյց տալ արուեստն ու ստեղծագործող մարդոց աշխատանքը։
Փառատօնի ծրագրերու տնօրէն Միքայէլ Ստամբոլցեան նշեց, թէ փառատօնի ծրագրերը բազմազան են, ինչպէս ամէն տարի։ Բացառութեամբ կարճաժամկէտ ֆիլմերու մրցոյթին, բոլոր ծրագրերը անփոփոխ են։ Տեղի պիտի ունենան միջազգային խաղարկային ժապաւէններու մրցոյթ, միջազգային վաւերագրական ժապաւէններու մրցոյթ եւ «Հայկական համայնապատկեր» ազգային բնոյթով մրցոյթ։ Այս վերջինը բաւական հարուստ պիտի ըլլայ այս անգամ։
Փառատօնի գեղարուեստական տնօրէն Սուսաննա Յարութիւնեան ընդգծեց, որ այս տարուան «Ոսկէ ծիրան»ին ընթացքին աւելի մեծ կարեւորութիւն պիտի ընծայուի հայկական շարժանկարին նկատմամբ՝ անկախութեան 25-ամեակին բերումով։ Փառատօնի ծրագրին վրայ տեղ գտած է «Հայկական շարժանկար. արդի ժամանակներ» նախագիծը, որու շրջագծով պիտի ներկայացուին՝ Հայաստանի անկախութեան տարիներուն նկարահանուած խաղարկային կամ վաւերագրական 17 գործեր։ Առաջին անգամ պիտի ներկայացուին նաեւ «Շէյքսփիր կ՚ապրի շարժանկարի մէջ», «Դանիկան նոր շարժանկար» եւ «Պասքեան նոր շարժանկար» ծրագրերը։ Շէյքսփիրին վերաբերեալ ծրագիրը կ՚իրականացուի Բրիտանական խորհուրդի հետ համագործակցութեամբ։
Բաց աստի, Երեւանի Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ պիտի զետեղուին անուանական աստղեր՝ Տիմիթրի Կեսաեանցի, Էտմոնտ Քէօսաեանի եւ Ալպերթ Եաւրուեանի յոբելեաններուն առթիւ։ Երեւանի Փոխ-քաղաքապետ Արամ Սուքիասեան տեղեկացուց նաեւ, թէ փառատօնի օրերուն նոյն հրապարակին վրայ նախատեսուած են համերգներ՝ ճազի անուանի վարպետներու մասնակցութեամբ։ Ծրագրին այս երեսակը կը վերահսկէ յայտնի արուեստագէտ Լեւոն Մալխասեան։ «Ոսկէ ծիրան»ին շրջագծով նախատեսուած են նաեւ բացօթեայ ցուցադրութիւններ։
Միւս կողմէ, յայտնի են նաեւ փառատօնի դատակազմի նախագահն ու պատուոյ հիւրերը։ Գլխաւոր դատակազմի նախագահ ընտրուած է հռչակաւոր արուեստագէտ Տիգրան Մանսուրեան։ Այս տարի «Ոսկէ ծիրան»ի յատուկ հիւրը պիտի ըլլայ աշխարհահռչակ դերասանուհի Ժագլին Պիսէ, որու դերակատարութեամբ արտադրուած երեք նշանաւոր գործեր պիտի ներկայացուին փառատօնի օրերուն։
Միջազգային փառատօնը պիտի եզրափակուի պելժիացի աշխարհահռչակ Տարտեն բեմադրիչ եղբայրներու վերջին ֆիլմի՝ «Անծանօթուհին»ի ցուցադրութեամբ։
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024