Գէորգ Ջահուկեան. Մեծավաստակ Հայագէտը՝ Բանասէր եւ Լեզուաբան Ակադեմականը
Յուլիս 6-ին հայ ժողովուրդը կ՚ոգեկոչէ մահուան 11-րդ տարելիցը քսաներորդ դարու մեծավաստակ հայագէտին՝ բանասէր ու լեզուաբան ակադեմական Գէորգ Բեգլարի Ջահուկեանի (1920-2005), որ ոչ միայն մանկավարժական իր բեղուն գործունէութեամբ սերունդներ հասցուց, այլեւ գիտական իր պատկառելի վաստակով լուսաւորեց հայոց գալիք սերունդներու ուղին՝ ազգային մեր հոգեմտաւոր ժառանգութեան հաղորդուելու եւ տէր կանգնելու ուղղութեամբ։
Ինչպէս որ իր մահը գուժող պաշտօնական «Մահազդ»ին մէջ Հայաստանի Ազգային ակադեմիոյ նախագահութիւնը, Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը եւ Երեւանի Պետական համալսարանը իրենց համապատասխան մասնագիտական բաժանմունքներով կը շեշտէին՝ «Գ. Ջահուկեան այն բացառիկ գիտ-նականներէն է, որու գիտական հետազօտութիւններու շրջանակը արտակարգ լայն է ու ընդգրկուն։ Չկայ հայերէնագիտութեան բնագաւառ մը, ուր ան ըսած չըլլայ իր ծանրակշիռ եւ ուղենշային խօսքը։ Ան հայերէնի համեմատական գրականութեան եւ հայոց լեզուի պատմութեան ամենաճանչուած մասնագէտն է։
«… Գ. Ջահուկեանի պատկառելի գիտական ժառանգութիւնը ապահոված է անոր մշտական ներկայութիւնը գիտութեան մեծերու շարքերէն ներս։ Մեծ գիտնականի առինքնող եւ լուսաւոր մարդկային կերպարը անջնջելի կը մնայ զայն ճանչցողներու, հարիւրաւոր սաներու եւ ապագայ սերունդներու սրտերուն մէջ»։
Հայերէնագիտութեան մեծարժէք ակադեմականը ծնած է 1920 թուականի Ապրիլ 1-ին, Շահնազար, որ ներկայիս Մեծաւան անունով գիւղ է Տաշիրի մէջ։ 1937-ին աւարտած է Երեւանի Շահումեանի անուան միջնակարգ դպրոցը, իսկ 1941-ին՝ Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմուն-քը։ Բանակի մէջ ծառայելէ եւ մօտ մէկ տարի Հրազդանի միջնակարգ դպրոցին մէջ ուսուցիչ աշխատելէ յետոյ, Գէորգ Ջահուկեան 1944-ին կը տեղափոխուի Երեւան՝ ուսումնառութիւնը համալսարանի թեկնածուական բաժնին մէջ շարունակելու համար։ Այդ շրջանին գիտական ղեկավար կ՚ունենայ մեծ հայագէտ Հրաչեայ Աճառեանը։
1947-ին Ջահուկեան յաջողութեամբ կը պաշտպանէ «Քերականական եւ ուղղագրական աշխատութիւնները հին եւ միջնադարեան Հայաստանում» ատենախօսութիւնը եւ կը ստանայ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճան։
«18-19-րդ դարերու հայ լեզուաբանական միտքը եւ աշխարհաբարի հարցերը» ատենախօսութեան համար, 1955-ին իրեն կը շնորհուի բանասիրական գիտութիւններու տոքթորի աստիճան։ 1949-ին ան կը ստանայ տոցենթի, իսկ 1958-ին՝ փրոֆեսէօրի կոչում։
1945 թուականէն Գէորգ Ջահուկեան դասախօսած է Երեւանի Պետական համալսարանի ռոմանա-գերմանական բանասիրութեան բաժանմունքին մէջ։
1948-1957 թուականներուն դասախօս եղած է Երեւանի Վալերի Բրիւսովի անուան ռուսաց եւ օտար լեզուներու հիմնարկին մէջ։ Իսկ 1957-էն 1970, ռոմանա-գերմանական բանասիրութեան ամպիոններու վարիչ եղած է։ 1962 թուականէն մինչեւ վախճանը, Գէորգ Ջահուկեան եղաւ Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուաբանութեան հիմնարկի տնօրէն, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ ակադեմական:
Ջահուկեան արժանացաւ գիտութեան վաստակաւոր գործիչի տիտղոսին։ Եղաւ Խորհրդային Հայաստանի պետական մրցանակի դափնեկիր։ Պարգեւա-տըրւեցաւ Հայաստանի Հանրա-պետութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» եւ բազմաթիւ այլ շքանշաններով:
Գէորգ Ջահուկեանի հիմնարար հետազօտութեանց շարքին կը պատկանին՝ «Լեզուաբանութեան պատմութիւն» (հ. 1, 2, 1960, 1962), «Հայ բարբառագիտութեան ներածութիւն» (1972), «Ժամանակակից հայերէնի տեսութեան հիմունքները » (1974), «Ընդհանուր եւ հայ լեզուաբանութիւն» (ռուս., 1978), «Հայերէնի համեմատական քերականութիւն» (ռուսերէն, 1982), «Հայոց լեզուի պատմութիւն, նախագրային շրջան» (1987, Հ.Խ.Ս.Հ. Պետական մրցանակ՝ 1988):
Ինչպէս որ հանրագիտական աղբիւրները կը վկայեն՝
Հայերէնի համեմատական ուսումնասիրութեան բնագաւառէն ներս, Ջահուկեան ներկայացուցած է հայերէնի առընչութիւնները հնդեւրոպական եւ այլ ընտանիքներու պատկանող բազմաթիւ հին եւ հնագոյն լեզուներու հետ, ճշգրտած է հայերէնի տարածքային դիրքը հնդեւրոպական լեզուներու շրջանակէն ներս, հայերէնի հնդեւրոպական եւ խուռա-ուրարտական ենթաշերտերը, յայտնաբերած է հայերէնէն ուրարտերէնի, խեթերէնի եւ այլ լեզուներու անցած փոխառութիւններ, տուած է նոր ստուգաբանութիւններ:
- Հայոց լեզուի պատմութեան նուիրուած ուսումնասիրութեանց մէջ մշակած է հայերէնի պատմութեան զարգացման շրջանաբաժանումը, առաջին անգամ հայերէնի նկատմամբ կիրարկած է լեզուաժամանակագրական եղանակը, բնութագրած է հայերէնի պատմութեան նախագրային, հին, միջին եւ նոր շրջաններու հիմնական առանձնայատկութիւններն ու հայոց լեզուի կառուցուածքի եւ բառապաշարի պատմական զարգացումը:
- Հայ բարբառագիտութեան բնագաւառին մէջ ստեղծած է նոր գիտակարգ՝ վիճակագրական բարբառագիտութիւն: Պատմահամեմատական լեզուաբանութեան մէջ առաջ է քաշած նախալեզուի տարբերակայնութեան գաղափարը, առաջարկած է նախալեզուի վերականգնման նոր վարկած:
- Ժամանակակից հայերէնի տեսութեան բնագաւառին մէջ կիրարկած է լեզուի կառուցուածքի նկարագրութեան նոր մեթոտներ, առանձնացուցած ու հիմնաւորած է քերականական նոր կարգեր, համընդհանուր Ջամալի լեզուաբանութեան կաղապարի հիման վրայ ուսումնասիրած է հայերէնի իմաստաբանութիւնն ու բառակազմութիւնը:
- Ստեղծած է լեզուաբանութեան համընդհանուր տեսութիւն եւ կաղապար՝ սուբստանցիոնալ լեզուաբանութիւն, որն կ՚ապահովէ իմացաբանական ու լեզուաբանական կարգերու քննութիւնը, միասնական սկզբունքներով լեզուական եւ արտալեզուական առարկաներու նկարագրութիւնը:
- Յատուկ ուշադրութիւն ընծայած է հայ լեզուաբանութեան, մասնաւորապէս հայ քերականութեան պատմութեան հարցերուն։
Ինչպէս որ ակադեմական Գէորգ Ջահուկեանի նուիրուած մենագրութիւն մը կը շեշտէ՝ «Գիտնականի լայն մտահորիզոնը, գիտութեան այդօրուայ մակարդակին անմիջաբար հաղորդակից ըլլալու կարողութիւնը, սթափ եւ ստեղծագործ միտքը, յարատեւ լարուած աշխատանքն ու բեղուն գրիչը մնայուն տեղ ապահոված են անոր՝ հայագէտներու ամենաառաջին շարքերուն մէջ եւ միջազգային ճանաչում ու համբաւ բերած են անոր»։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ