ԻՆՉՊԷ՞Ս ՉԱՓԱՒՈՐԵԼ ՄԵՐ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐԸ
«Շատ զբաղած է միտքս, այնքան շատ բան ունիմ մտածելու...», «Գլուխս պիտի պայթի, այս ո՞րքան բան կայ խորհելու...», «Ա՛լ կը բաւէ, ոչ մէկ բառ աւելի. միտքս յոգնեցաւ...» եւ այսօրինակ առօրեայ հոգերով ու գանգատներով կլանուած ենք յաճախ:
Տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան արդի այլազան միջոցները օգտագործող 21-րդ դարու մարդը՝ արդէն իր ամէնօրեայ հոգերով բեռնաւորուած, իսկապէս յոգնա՞ծ է անհանդուրժող ըլլալու աստիճան: Թէ ոչ՝ խորհուրդ եւ մտածումներով գերյագեցումի տագնա՞պ մըն է որ կ՚ապրի ան:
Նախ պէտք է յստակ սահմանումը տալ մտածում, խորհուրդ, խորհրդածութիւն հասկացողութիւններուն, նաեւ անոնց յարակից բայերուն՝ մտածել, խորհիլ, խորհրդածել: Ըստ Մալխասեանցի՝ խորհուրդ կը նշանակէ «գաղափար, որ կը ստեղծուի մտքի մէջ, նաեւ միտք, մտքի յղացում», իսկ խորհիլը «մտքի մէջ գաղափարներ ստեղծելու, միտքով յղանալու արարքը, գործողութիւն»ն է: Խորհրդածութիւնը նոյն աղբիւրին համաձայն «խոր մտածել, մանրամասնօրէն իր մտքին մէջ բան մը քննել»ն է: Գալով մտածել բառին, որ ստուգաբանական տեսակէտէ «մտքով ածել» կը նշանակէ, «մտքին մէջ բան մը տանիլ բերել, մտքին մէջ ինքն իր հետ խօսելու» իմաստը ունի: Տեքարթ իր «Փիլիսոփայութեան սկզբունքները» գործին մէջ խորհելու արարքը համազօր կը նկատէ «իմանալ, ուզել, երեւակայել, նաեւ զգալ» եզրերուն: Մէկ խօսքով խորհուրդը մարդկային ամէն տեսակի հոգեբանական արտադրութիւններուն կ՚ընկերանայ: Ուրիշ խօսքով՝ ամէն ինչ խորհուրդ է եւ մտածում:
Սակայն ի՞նչ կը պատահի երբ մտածումները մեր ուղեղը կը կլանեն, այն աստիճանի որ անկարող կը դառնանք տրամաբանելու երբ հարկաւոր է: Մեր ուղեղը այն աստիճանի խճողում եւ խցանումներու ենթարկուած է այլազան մտածումներու կողմէ, որ զայն կարելի է նմանցնել երթեւեկի թնճուկի մը մէջ բանտարկուած ինքնաշարժին, որ մինչեւ որ հանգոյցը չքակուի, ոչ մէկ կարելիութիւն ունի յառաջանալու: Երբ յափշտակուած ենք արտակարգ քանակութեամբ մտածումներով, շուտով կ՚անճրկինք բարդ հարցերու լուծումը որոնելու միակ բացատրութիւնն է մտային յոգնութիւնը: Մարմնական յոգնութիւնը շուտով յաղթահարելի է առողջ մարդոց համար: Նոյնը չենք կրնար ըսել մտային յոգնութեան պարագային: Այս վերջինը իր աստիճանները ունի որոնց առաւելագոյնը կ՚առաջնորդէ գերյոգնութեան վիճակին:
Երբ մտասոյզ ենք, նոյն էջը կամ պարբերութիւնը պիտի կարդանք բազմաթիւ անգամներ, հասկնալ կարենալու համար գրութեան բովանդակութիւնը: Ըստ հոգեբոյժներու՝ նաեւ ջղաբնագէտներու, կարգ մը հիւանդներ կը գանգատին իրենց գանկին տաքնալէն, որ կը փոխակերպուի ուշադրութեան եւ յիշողութեան տկարացումի: Այս երեւոյթին գործնական կեանքի մէջ առաջ բերած հետեւութիւնները բազմազան են: Եթէ երաժիշտ էք, վատաձայնութիւնն է որ կը տիրէ ձեր ուղեղին մէջ, եթէ մտային աշխատութիւն ունիք՝ անկարելի կ՚ըլլայ կարգաւորել ձեր գաղափարները, պատրաստել ծրագրեր կամ իրագործել զանոնք:
Ուշադրութեան մասնակի թէ ամբողջական խանգարումը ընդհանրական բնոյթ ունի եւ ի զօրու է իւրաքանչիւր տարիքի հատուածի համար: Այս իսկ պատճառաւ, ներկայ դարուս մարդիկ կը տառապին իրենց մտային գործունէութեան տարանջատումէն: Անոնք սկսած են հարցադրումի ենթարկել միատարր եւ յարակից «ես»ի մը պահպանումը: Միատարր եւ յարակից «ես»ով կը հասկնանք անհատական այն գիտակցութիւնը, որ կարող է հակազդելու յարմարագոյն ձեւով լաւ պատրաստուած ծրագրերու եւ նպատակակէտերու, փոխանակ ցուցաբերելու ակնթարթային վերաբերում, որ կախուած է տուեալ վայրկեանի հոգեվիճակէն:
Ներկայ դարուս, մեր զգայարանները յարատեւօրէն ողողուած են ուղեղային դրդիչ երեւոյթներով, ինչպէս օրինակ՝ պատկերներ, երաժշտութիւն, գիտելիքներ, որոնք որպէս փոխադրամիջոց կ՚օգտագործեն գովազդներն ու տեղեկատուական համակարգերը:
Արդիւնքը այն է որ, չենք գիտեր ո՛ր կողմ ուղղել մեր գլուխը: Այս վիճակէն դժգոհ ենք անշուշտ, սակայն եւ այնպէս դարձած ենք կամաւոր գերիներ: Ընտրենք օրինակը այն գործատիրոջ, որ երբ օրուան աշխատութեան աւարտին տուն կը վերադառնայ, առաջին գործն է անձնական համակարգիչը բանալ եւ աչքէ անցընել հասած ելգիրերը, փոխանակ մօտէն հետաքրքրուելու իր վեցամեայ երախային հետ: Ան հազիւ մէկ ականջով կ՚ունկնդրէ իր կնոջ պատմածներուն, հապճեպով կը ճաշակէ կնոջ պատրաստած համեղ ճաշը: Իսկ ճաշի աւարտին ունի հեռաձայնային հանդիպումներ: Որքան որ երգիծական թուին վերոյիշեալ տեսարանները, այսուհանդերձ ներկայ իրականութիւնը շատ ալ հեռու չէ այս եւ նման երեւոյթներէն:
Մարդիկ անկարող դարձած են էականը երկրորդականէն զատելու: Մենք կարծես անզգալաբար ենթական ենք «ուղեղային եւ ջղային արտակարգ կուտակում»ին: Ալ նիւթին բովանդակութիւնը չէ, որ կարեւոր է, այլ՝ անոր գրգռիչ կամ յուզիչ ըլլալու հանգամանքը: Բոլոր այս ընկալումները անպայման մտածումներ չեն. երբ մեր ուղեղը ռմբակոծումի ենթար-կըւած է անմիջական տեղեկութիւններով, կրկնակի, անդադար շարունակուող գիտելիքներով եւ լուրերով, որոնք կու գան ամէն աղբիւրէ, բախումներ տեղի կ՚ունենան անոնց եւ մեր մէջ: Երբ կը կարդանք, կ՚ու-սումնասիրենք զանոնք, այս վերջինները միաժամանակ արձագանգներ կ՚ունենան մեր հոգեկան կեանքին մէջ, վերածուելով պատկերներու, յիշատակներու, ինչ որ խանգարիչ դեր մը ունի մեր մտային համակարգին նկատմամբ:
Անզսպելի, անկառավարելի եւ անվերահսկելի բնոյթ ներկայացնող այս մտածումներու ամբողջութիւնը, որ ձեւով մը թնճուկ մը կը ներկայացնէ, մեզ անդադար կ՚անհանգստացնէ ու կը խանգարէ, միաժամանակ մեզ դէմ յանդիման պահելով անցեալի կարգ մը յուշերու, ապրումներու, նաեւ առօրեայ հոգերու: Այս մտածումները երբեմն «յոռի շրջանակ»ի կը վերածուին: Որոշ հարցադրումներ անդադար կը վերայայտնուին, որոնց լուծումը կարելի չ՚ըլլար գտնել, հակառակ հարցը բազմաթիւ տեսանկիւններէ քննելու մեր ջանքերուն: «Արդեօք հարկաւորը ըրի՞ հարցը լուծելու համար, ինչո՞ւ կը չարչարուիմ ապագայի մտահոգութեամբ...» եւ նման հարցեր մեր միտքը կը զբաղեցնեն անվերջ, երբեմն նոյնիսկ մեզ յուսահատութեան մատնելով:
Ուրեմն ի՞նչ ընել երբ մեր մտածումները մեզ այս աստիճանի կ՚անհանգստացնեն ու կը չարչարեն: Ինչպէ՞ս վերագտնել մեր մտային հաւասարակշռութիւնն ու անդորրութիւնը: Եթէ գրգիռը արտաքին աղբիւրէ է, հարցը ըստ երեւոյթին լուծելի է: Կը բաւէ փակել դռները այդ ուղղութեամբ, խուլ ձեւանալ զանգուածային լրատուութեանց: Իրականութեան մէջ, մեր մտային բեռնաւորուածութեան միակ դերակատարները այս վերջինները չեն: Սակայն, անոնք խանգարիչ դեր ունին՝ ողողելով մեր ուղեղը, յաճախ աւելորդ տեղեկութիւններով: Անոնք արգելք կը հանդիսանան մեր իսկական հարցերը լուսամիտ կերպով քննելու եւ դրական եզրակացութեան յանգելու: Ու-րեմն, ոչ թէ շատ կը մտածենք, այլ ընդհակառակն՝ նուազ կը մտածենք: Այս հակասական երեւոյթին միակ լուծումը մտածումներու դասաւորումին մէջ կը կայանայ: Պէտք է գիտնանք դասաւորել մեր մտա-ծումները, ընել ճշգրիտ ընտրութիւնը ամենակարեւոր հարցը առանձնացնելով երկրորդական գաղափարնե-րէն: Ջանալ ձերբազատիլ որոշ հմայք ունեցող խաբուսիկ գաղափարներէ, հիմնական եւ կենսական բնոյթ ունեցող մտածումներուն ուղղելով մեր ուշադրութիւնը: Հոս, ի հարկէ դեր կը խաղան ենթակային դատելու, տրամաբանելու յատկութիւնները: Գիտնալ զանազանել կարեւորը անկարեւորէն, կենսականը երկրորդականէն, չփորձուիլ ենթակայ ըլլալ զգացական վերաբերումի: Միայն այս ձեւով է, որ կարելի պիտի ըլլայ պայքարիլ մտածումներու ողողումին դէմ:
ՍՈՒՐԷՆ ՇԷՐԻՔ
«Նոր Յառաջ»