ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՍԵՐՆԴԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ ՅԱՌԱՋ ԿԸ ՏԱՐՈՒԻ ՄԵԾ ԵՌԱՆԴՈՎ
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ ձեռնարկուած սերնդափոխութեան ծրագիրը յառաջ կը տարուի թափով։ Ինչպէս ծանօթ է, Մեծ պահքէն անմիջապէս առաջ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ «Ալաճաճեան» սրահին մէջ կազմակերպուած խրախճանք մը բնորոշած էր սոյն նախագծին մեկնարկը։ Իսկ անցեալ շաբաթավերջին, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Արեւագալի ժամերգութեան աւարտին, Կրօնական Ժողովի Ատենապետ եւ դպրաց դասու նախագահ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան մէկտեղուեցաւ մանկանաց խումբի մասնակիցներուն հետ։ Հայր Սուրբը այս առթիւ գնահատեց փոքրիկներու ոգին եւ նուէրներ փոխանցեց անոնց։ Ներկայ էին Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր, Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան, Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Արթօ Նալճը եւ այլ պատասխանատուներ։
Միւս կողմէ, Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ Արեւագալի արարողութիւնն ալ անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Հաւատացեալները ունկնդրեցին Հայր Սուրբին քարոզին, նաեւ հետեւեցան ջրօրհնէքի կարգին։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ Միւրզեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Վարդանանց Դպրաց Դասու անդամներուն կողմէ։
Թրքահայ կեանք
- 11/22/2024