ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԸ ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ԿԸ ԲԱՆԱՅ 2016-Ի ԱՄՐԱՆ ՇՐՋԱՆԸ
Երէկ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հիւրընկալեց Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի հոգատար մարմնի ներկայացուցիչները։ Կայանի պատասխանատուները Գումգաբու փութացած էին՝ նկատի ունենալով, որ այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ 2016-ի ամրան շրջանի պաշտօնական բացումը։ Այս առթիւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուած են կրօնական արարողութիւններ, որոնց աւարտին սիրոյ սեղան մը պիտի սարքուի կայանի «Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ։ Նորին Սրբազնութիւնը պիտի նախագահէ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն։ Եղանակի բացման հանդիսութեան ընդառաջ Նորին Սրբազնութիւնը Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցած զրոյցին ընթացքին տեղեկութիւններ քաղեց հաստատութեան ներկայ վիճակին շուրջ եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեց բոլոր պատասխանատուներուն։
Մինչ այդ, Կազդուրման կայանի հոգատար մարմնի ատենապետ Արթին Քիլեճի, անդամուհիներէն Ազնիւ Մեծատուրեան, Գարակէօզեան Տան խնամակալութենէն Բարսեղ Ճանճիկեան եւ Կազդուրման կայանի տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ երէկ այցելեցին խմբագրատունս։ Եղանակի պաշտօնական բացման ընդառաջ անոնք մեզի մանրամասնութիւններ փոխանցեցին այս տարուան համար նախատեսուած ծրագրերուն եւ տղոց համար տեսնուած պատրաստութիւններուն շուրջ։
Հաճելի զրոյցի ընթացքին Կազդուրման կայանի պատասխանատուները մեզի մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց նախաձեռնութիւններուն առընչութեամբ։ Անոնք ամրան արձակուրդին ընդառաջ համայնքային բոլոր վարժարանները շրջած են եւ ստուգած՝ այն բոլոր աշակերտները, որոնք կը փափաքին իրենց արձակուրդի շրջանը անցընել Կազդուրման կայանի մէջ։ Այսպէսով շուրջ երեք հարիւր աշակերտի անուն արձանագրուած է։ Այս մեծ խումբին մէկ մասը մշտապէս Կազդուրման կայան կը յաճախէ։ Մշտական խումբին առընթեր մնացեալ տղաքը հերթով կը մնան կայանին մէջ։
Կազդուրման կայանի պատասխանատուները երէկուան մեր զրոյցին ընթացքին նշեցին, թէ այս տարի տեղի կ՚ունենան նաեւ Կազդուրման կայանի հիմնադրութեան 50-ամեակին ձօնուած յոբելենական հանդիսութիւնները։ Թէեւ կայանի յոբելեանը անցեալ տարի էր, սակայն 2015 թուականի մթնոլորտին մէջ պատասխանատուները յարմար չէին նկատած յոբելեան մը նշել՝ տօնական մթնոլորտով, հետեւաբար այս տարի կեանքի պիտի կոչուի համապատասխան ծրագիրը։ Այս շրջագծով կղզիի վրայ կը ծրագրուի մանկական խրախճանք մը եւ հայերէն բառախաղ մը։ Հաւանական է, որ քաղաքին մէջ ալ պաշտօնական ճաշկերոյթ մը կազմակերպուի այս յոբելեանին առթիւ։
Թէ՛ տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ եւ թէ կայանի բոլոր պատասխանատուները աշխատանքային բարձր տրամադրութեամբ ու եռանդով պատրաստ են 2016-ի ամրան։ Գործնականօրէն արդէն կեանքը սկսած է կայանին մէջ, սակայն եղանակի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը ամէն տարի առիթ կը հանդիսանայ, որպէսզի այնտեղ ստեղծուի խանդավառ մթնոլորտ մը։
Կազդուրման կայանի ամբողջ ընտանիքին յաջողութիւն կը մաղթենք 2016 թուականի ամրան համար՝ որպէսզի լաւագոյնս արգասաւորուի նաեւ յոբելենական շրջանը։