ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Եթովպիոյ նորանշանակ դեսպան Կրում Ապայ Թեշոմէնը, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը եւ որու նստավայրը կը գտնուի Մոսկուայի մէջ։ Նախագահ Սարգսեան այս առթիւ շնորհաւորեց նորանշանակ դեսպանը եւ յոյս յայտնեց, թէ անոր դիւանագիտական առաքելութեան ընթացքին Հայաստանի եւ Եթովպիոյ միջեւ կապերը պիտի խորանան ու պիտի ամրապնդուին։ Ան անդրադարձաւ նաեւ հայ եւ եթովպացի ժողովուրդներու պատմական յարաբերութիւններուն։ Սարգսեան ընդգծեց, որ տակաւին 7-րդ դարուն կազմաւորուած է Եթովպիոյ հայ համայնքը, որ նշանակալի աւանդ մը ունեցած է երկրի հասարակական, քաղաքական ու մշակութային կեանքէն ներս։ Երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութիւնը ամուր հիմք մը կը համարուի մեր օրերուն միջպետական յարաբերութիւնները զարգացնելու տեսակէտէ։
Իր կարգին, Թեշոմէն նշեց, որ Եթովպիոյ մէջ, իսկապէս շատ հպարտ են դարեր շարունակ հայոց կողմէ բերուած նպաստով։ Ան ընդգծեց, որ բացի երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացումէն, երկու երկիրները յաջողութեամբ կը համագործակցին նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններէն ներս, ներառեալ ՄԱԿ-ը։ Եթովպիոյ դեսպանը Սերժ Սարգսեանին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Ափրիկէի մէջ խաղաղութեան ամրապնդման եւ համագործակցութեան զարգացման հարցերուն շուրջ իր երկրի ներդրումը բարձր գնահատելու կապակցութեամբ։
Զրուցակիցները կարեւորեցին նաեւ երկու երկիրներու միջեւ իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնումը։