ԻՐԱՆԷՆ ԴԷՊԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՌԱՔՈՒԱԾ ԲՆԱԿԱՆ ԿԱԶԻ ԾԱՒԱԼԸ ՊԻՏԻ ԲԱՐՁՐԱՆԱՅ
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի առաջին փոխ-նախագահ Էսհաղ Ճահանկիրիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկուեցան տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերեալ խնդիրներ։
Հեռախօսազրոյցի ընթացքին Յովիկ Աբրահամեան Էսհաղ Ճահանկիրիին դիմեց՝ որպէսզի Իրանէն դէպի Հայաստան առաքուող բնական կազի ծաւալները աւելնան։ Ներկայիս Վրաստանի տարածքէն ներս գլխաւոր կազատարի կարգ մը հատուածները վնասուած են։ Անոնց վերականգնման աշխատանքները կ՚իրականացուին այս օրերուն։ Հետեւաբար, 10 Յուլիս-10 Օգոստոս թուականներուն գործնականօրէն Ռուսաստանէն դէպի Հայաստան բնական կազին մատակարարումը դադրած է ժամանակաւորապէս։ Ուստի, Հայաստան կը փափաքի, որ աւելցնէ Իրանէն ներածած բնական կազին քանակութիւնը։
Երէկուան հեռախօսազրոյցի ընթացքին իրանական կողմը դրական վերաբերմունք ցոյց տուած է հայկական կողմի առաջարկին նկատմամբ։