«ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆՆԵՐ»ՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին պատ­կե­րաս­րա­հին մէջ ե­րէկ բա­ցուե­ցաւ «Աբ­րա­հա­մեան­ներ» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէս մը։ Նոյն մա­կա­նու­նով ե­րեք սե­րունդ նկա­րիչ­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յա­ցուած են այս ցու­ցա­հան­դէ­սին շրջագ­ծով։ Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ եւ «Հայ նկա­րիչ­նե­րու կեդ­րոն» հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ բա­ցուած է այս ցու­ցա­հան­դէ­սը։ Զա­նա­զան տա­րի­քէ եւ սե­րուն­դէ տասն­հինգ ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու շուրջ հա­րիւր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յա­ցուած են գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րուն։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, տպագ­րուած է նաեւ պատ­կե­րա­գիրք մը, ո­րուն մէջ ամ­փոփ ներ­կա­յա­ցուած են այս ցու­ցա­հան­դէ­սի մաս­նա­կից­նե­րուն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։

Ցու­ցա­հան­դէ­սին շրջագ­ծով ներ­կա­յա­ցուած են դի­ման­կար­ներ, գու­նա­գեղ բնա­պատ­կեր­ներ, նա­թիւր­մորթ­ներ եւ իւ­րօ­րի­նակ այլ աշ­խա­տանք­ներ։ Այ­ցե­լու­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ նկար­նե­րուն մեծ մա­սը ու­շադ­րու­թիւն կը գրա­ւեն հա­րուստ գու­նա­յին ե­րանգ­նե­րով։

Ա­րուես­տա­բան Մա­րի­նա Յա­կո­բեա­նի խօս­քե­րով՝ մար­դիկ, լսե­լով ցու­ցա­հան­դէ­սի խո­րա­գի­րը, ա­ռա­ջին հեր­թին այն­պէս կը տպա­ւո­րուին, թէ ներ­կա­յա­ցուած են նոյն ըն­տա­նի­քէն ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու գոր­ծե­րը, սա­կայն ա­նոնց միակ հա­սա­րա­կաց կողմն է մա­կա­նու­նը։ 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 13, 2016