ՖրանսԱՀԱՅՈՑ ԹԵՄԸ ԱՇՆԱՆ ՊԻՏԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ ՓԱՌԱՏՕՆ ՄԸ
Սեպտեմբեր 17-ին, ժամը 11.00-19.00-ի միջեւ, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմը կը կազմակերպէ իր առաջին համահայկական փառատօնը:
Փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Փարիզի հայաշատ արուարձաններէն՝ Ալֆորվիլի Կոմիտաս փողոցին մէջ, հայկական Ս. Պօղոս-Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ առջեւ: Փառատօնի աջակիցն է Ալֆորվիլի քաղաքապետարանը:
Ֆրանսայի Հայոց Թեմը նպատակ ունի այս տօնական ձեռնարկը կազմակերպել ամէն տարի՝ յաջորդաբար Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներու մէջ: Այս տարուան փառատօնը կը համընկնի Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին եւ Ֆրանսայի Հայոց Թեմի ստեղծման 10-ամեակին:
Փառատօնին օրը Կոմիտաս փողոցը ամբողջութեամբ փակ պիտի ըլլայ: Պիտի պատրաստուի բեմ եւ պարահարթակ, իսկ յատուկ պատրաստուած տաղաւարներուն մէջ պիտի վաճառուին գիրքեր, յուշանուէրներ, ձեռագործ աշխատանքներ, ուտեստներ եւ այլն:
Երախաներուն համար պիտի կազմակերպուին հետաքրքրական բազմաթիւ խաղեր: