Երաշխիք

Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը վար­չա­ձեւ մըն է, որ ա­նընդ­հատ կը վե­րա­նո­րո­գուի, կը թար­մա­նայ։ Մարդ­կա­յին մտքին մէջ որ­քան որ տա­րա­ծուին, ընդ­լայ­նուին ա­զա­տու­թեան սահ­ման­նե­րը՝ այն­քան նաեւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը կը հա­սուն­նայ զու­գա­հե­ռա­բար։ Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը կը հա­սուն­նայ նաեւ այն­պի­սի ի­րա­վի­ճակ­նե­րու մէջ, երբ իր բա­րիք­նե­րը վա­յե­լող հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րը պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն կը ստանձ­նեն ա­նոր տէր կանգ­նե­լու հա­մար։ Վեր­ջին հա­շուով, մարդ­կա­յին մտքին հնա­րած լա­ւա­գոյն հա­մա­կարգն է ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը։ Ար­դա­րեւ, ան միակն է, որ տե­սա­կա­նօ­րէն կը հան­դուր­ժէ իր իսկ մեր­ժու­մով։ Այդ տե­սա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը այ­սօ­րուան աշ­խար­հին մէջ բա­զում հար­ցա­կան­նե­րու պատ­ճառ կը դառ­նայ՝ քա­ղա­քա­կան զա­նա­զան խնդիր­նե­րու, ըն­կե­րա­յին ա­նար­դա­րու­թիւն­նե­րու եւ շարք մը խտրա­կա­նու­թիւն­նե­րու, ի­րե­րա­մերժ ե­րե­ւոյթ­նե­րու հե­տե­ւան­քով։

Եր­բեմն հրա­տապ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու մէջ յա­ռա­ջա­ցած պար­տադ­րանք­նե­րը կը վե­րա­ծուին անկրկ­նե­լի փոր­ձա­քա­րե­րու, ո­րոնց ար­ժէքն ու նշա­նա­կու­թիւ­նը կը բիւ­րե­ղա­նան ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին եւ եր­կա­րա­ժամ­կէտ բա­րիք­ներ կ՚ա­պա­հո­վեն բո­լո­րի­ն։

Այս բո­լո­րին ա­ռու­մով Թուր­քիոյ մէջ ե­րէկ գի­շեր ապ­րուած­նե­րը շատ յատ­կան­շա­կան էին։ Այս ա­ռա­ւօ­տեան դրու­թեամբ միան­շա­նակ կա­րե­լի է ար­ձա­նագ­րել, որ երկ­րին ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը հա­սուն­ցած է՝ գե­րա­զանց քննու­թիւ­նով մը։ Թուր­քիոյ մէջ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը այ­լեւս նոր մա­կար­դա­կի մը վրայ է։ Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան այդ նոր ո­րա­կը մե­ծա­գոյն գրա­ւա­կանն է երկ­րի եր­թը ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու տե­սան­կիւ­նէն։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Շաբաթ, Յուլիս 16, 2016