ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՈՍՏՈՒՄ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ ՖԻՖԱ-ի ՆՈՐ ԴասաւորՄԱՆ ՄԷՋ
ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն միջազգային նոր դասաւորումը, որուն առաջին հինգ դիրքերուն վրայ ոչ մէկ փոփոխութիւն արձանագրուած է:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, նախորդ ամսուան դասաւորման հետ բաղդատելով, 8 դիրքի ոստում մը արձանագրած է եւ այժմ կը գրաւէ 102-րդ դիրքի վրայ:
2018-ի Համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին խմբակին մէջ եղող խումբերը կը գրաւեն հետեւեալ դիրքերը.
Լեհաստան՝ 16-րդ, Ռումանիա՝ 24-րդ, Դանիա՝ 44-րդ, Սկովտիա՝ 95-րդ եւ Ղազախիստան՝ 97-րդ:
Առաջին հինգ դիրքերը, յաջորդաբար կը գրաւեն հետեւեալ խումբերը. Արժանթին, Պելժիա, Քոլոմպիա, Գերմանիա եւ Չիլի:
Եւրոպայի փոխ-ախոյեան հանդիսացած Ֆրանսա, 10-րդ դիրքէն բարձրացաւ 7-րդ դիրք, մինչ մրցաշարքին անակնկալը եղող խումբերէն մէկը՝ Իզլանտա, 12 դիրքի ոստում մը արձանագրելով բարձրացաւ 22-րդ դիրք: