ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ
Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ Հայաստանէն հասան մտահոգիչ լուրեր։ Արդարեւ, մայրաքաղաք Երեւանի մէջ յառաջացած է լարուածութիւն մը, որ կը շարունակուի նաեւ այսօր։
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով տեղեկացուց, թէ երէկ առաւօտեան շատ կանուխ ժամերուն խումբ մը զինեալ անձեր մուտք գործած են Հայաստանի ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան (ճանապարհային ոստիկանութեան բաժանմունք) գունդի տարածքը եւ բռնութեան սպառնալիքով գերեվարած՝ այնտեղ գտնուող անձերը։ Միեւնոյն ժամանակ անոնց կողմնակիցները զանգուածային լրատուութեան միջոցներով եւ ընկերային ցանցերու միջոցաւ պարբերաբար տարածած են ապատեղեկատուութիւն՝ զինեալ ապստամբութեան ձեռնարկելու, զանազան շէնքեր գրաւելու մասին։ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը պաշտօնապէս հերքեց այդ պնդումները ու տեղեկացուց, թէ պետական իշխանութեան մարմինները կը գործեն բնականոն, իսկ իրաւապահ մարմինները յաւուր պատշաճի կ՚իրականացնեն օրէնքով իրենց վերապահուած հասարակական կարգի պահպանութեան եւ պետական անվտանգութեան ապահովման գործառոյթները։ Պաշտօնական յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, թէ այդ զինեալ անձերուն հետ բանակցութիւններ կը տարուին՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն անոնց խաղաղ յանձնուիլը կազմակերպելու համար։ Յայտարարութեան մէջ հաւաստիացուեցաւ, որ այս ու նման բոլոր ապօրինի գործողութիւնները անյապաղ պիտի խափանուին իրաւապահ մարմիններուն կողմէ եւ այդ բոլորին ձեռնարկած անձերը պիտի վնասազերծուին եւ պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուին Հայաստանի օրէնսդրութեամբ սահմանուած կամքով։
Այս պաշտօնական հաղորդագրութեան զուգահեռ լրատուամիջոցներու հաղորդումներէն յայտնի դարձաւ, որ «Հիմնադիր խորհրդարան» կոչուած խմբաւորումը կ՚իրականացնէ վերոյիշեալ ահաբեկչական արարքը՝ պահանջելով իր անդամներէն Ժիրայր Սէֆիլեանի ազատ արձակուիլը։ Հարկ է նշել, որ նախկին ազատամարտիկ Ժիրայր Սէֆիլեան միջոց մը առաջ ձերբակալուած էր՝ զանազան ապօրինութիւններու մեղադրանքով, ներառեալ ապօրինի զէնք ու զինամթերք պահելու մեղադրանքներով։
Այս մթնոլորտին մէջ «Հիմնադիր խորհրդարան» կոչուած խմբաւորման անդամներէն ոմանք ընկերային ցանցերու միջոցաւ հանդէս եկան կոչերով, որպէսզի ժողովուրդը համախմբուի Ազատութեան հրապարակին վրայ։ Այդ կոչերուն հիման վրայ որոշ ընդդիմադիրներ դուրս եկան հրապարակ, մինչ այդ իրաւապահ մարմիններն ալ ձերբակալութիւններ կատարեցին ընդդիմութեան շրջանակներէն՝ Երեւանի, Կիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ։
Շուտով պաշտօնական լրահոսին վրայ յայտնուեցաւ այն լուրը, թէ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան խորհրդակցութիւն մը կատարած էր իրաւապահ համակարգի պատասխանատուներուն հետ։ Նախագահական ապարանքին մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան մասնակիցները Սերժ Սարգսեանին զեկուցեցին վաղ առաւօտ ժամերուն Երեւանի մէջ տեղի ունեցած զինեալ միջադէպին հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին եւ իրաւապահ մարմիններուն կողմէ ձեռնարկուած միջոցներու մանրամասնութիւնները։ Ընդգծուեցաւ, որ իրաւապահ մարմինները ամբողջութեամբ կը վերահսկեն իրավիճակը եւ անհրաժեշտ բոլոր քայլերուն կը ձեռնարկեն հանգուցալուծման հասնելու համար։
Ամբողջ հանրային կարծիքի վառ հետաքրքրութեան մթնոլորտին մէջ քաղաքական ու հասարակական շրջանակներէն սկսան հնչել կոչեր։ Աչալուրջ շրջանակներ յայտնեցին, թէ քաղաքական խնդիրները զէնքով ու բռնութեամբ լուծելու փորձերը կործանիչ կրնան ըլլալ երկրին համար եւ Հայաստան կրնայ վնաս կրել այդ բոլորէն։ Կոչերու մթնոլորտին մէջ հասան նաեւ ցաւալի լուրեր։ Արդարեւ, սպաննուած էր բարձրաստիճան ոստիկան մը՝ գնդապետ Արթուր Վանոյեան։ Զինեալ խումբին կողմէ ծանրօրէն վիրաւորուած են նաեւ երկու ոստիկաններ, որոնք հիւանդանոց փոխադրուեցան որոշ յապաղումով։ Այս իրավիճակին մէջ քաղաքական կեանքէն որոշ ուժեր նաեւ որոշ զօրակցութեամբ վերաբերուեցան «Հիմնադիր խորհրդարան»ին նկատմամբ։ Անոնց շարքին էին Ռաֆֆի Յովհաննիսեանի «Ժառանգութիւն» կուսակցութիւնը եւ Նիկոլ Փաշինեանի «Քաղաքացիական պայմանագիր»ը։ Երեւանի Խորենացի փողոցը, ուր կը գտնուի այդ ոստիկանական բաժանմունքը, անորոշ ժամանակով արդէն փակուած է երթեւեկութեան։
Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպանի գրասենեակն ալ այս իրավիճակին մէջ շարժման անցաւ անմիջապէս։ Կատարուած ձերբակալութիւններուն շուրջ այդ գրասենեակին հասան դիմումներ, որոնց հիման վրայ սկսան ուսումնասիրութիւններ։ Գրասենեակը տեղեկացուց, որ օրուան ընթացքին ձերբակալուածներէն յիսունը արդէն ազատ արձակուած է։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինն ալ ողջախոհութեան կոչ ուղղեց զինեալ յարձակումը իրագործած անձերուն։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը խոր մտահոգութիւն յայտնեցին յարձակման բերումով։ Նշուեցաւ, թէ զոհուած է ոստիկան մը ու կան վիրաւորներ, ներառեալ յարձակումը իրականացուցած անձերէն։ Կան նաեւ պատանդներ։ Մայր Աթոռի մամլոյ դիւանին կողմէ տարածուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ հետեւեալը. «Զինեալ ծայրայեղական նման գործողութիւնները չունին արդարացում։ Այսօր մեր ժողովուրդի համախմբուածութիւնը, համազգային համերաշխութիւնը եւ միասնականութիւնը կենսական են ու հրամայական՝ մեր երկրի սահմանները անառիկ պահելու եւ հայոց պետականութիւնը ամուր եւ ապահով պահպանելու համար»։ Յայտարարութեան մէջ յարձակումը իրագործած անձերուն յորդորուեցաւ իրավիճակը հանգուցալուծել բացառապէս խաղաղ ճանապարհով, խուսափելու համար մարդկային նոր կորուստներէ։
Վեհափառ Հայրապետը յանձնարարական տուած է Հայաստանի ոստիկանութեան հոգեւոր խորհրդատու Տ. Առաքել Արք. Քարամեանին՝ մշտապէս կապի մէջ մնալ իրաւապահներուն հետ, անմիջականօրէն հետեւիլ իրադարձութիւններու զարգացման ու այդ բոլորին շուրջ զեկուցել պարբերաբար։
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը այս առաւօտ ալ հանդէս եկաւ հերթական յայտարարութեամբ ու տեղեկացուց, թէ մեծաքանակ ռազմամթերք ունեցող ահաբեկիչները վտանգ կը ներկայացնեն պատանդներուն եւ հանրութեան համար։ Երէկ գիշեր ոստիկան մը եւ քաղաքացի մը ազատ արձակուած են։ Այդուհանդերձ, զինեալ խումբը կը հրաժարի յանձնելէ միւս պատանդները, որոնց շարքին կը գտնուին բարձրաստիճան ոստիկաններ։ Խումբը նաեւ կը մերժէ թողուլ զէնքերը եւ յանձնուիլ իշխանութիւններուն։ Հայաստանի իրաւապահ մարմինները կը ձեռնարկեն հնարաւոր եւ հասանելի բոլոր միջոցներուն՝ իրավիճակին խաղաղ հանգուցալուծում մը ապահովելու համար։ Սակայն ստեղծուած պայմաններուն ներքեւ սա կրնայ անբաւարար ըլլալ։ «Ուստի անգամ մը եւս կը յորդորենք զինեալ խումբի անդամներուն ձեռնպահ մնալ նոր զոհերու եւ այլ ծանր հետեւանքներու յղի յանցաւոր գործողութիւններէ եւ դադրեցնել զինեալ դիմադրութիւնը։ Ասոր համար տակաւին կայ ժամանակ եւ հնարաւորութիւն», ըսուած է յայտարարութեան մէջ։