«ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ» ՓԱՌԱՏՕՆԸ ՓԱԿՈՒԱԾ

«Ոս­կէ ծի­րան» շար­ժան­կա­րի մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նը շա­բա­թա­վեր­ջին հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը եզ­րա­փա­կուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Փակ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւնն ու մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցան «Մոս­կուա» շար­ժան­կա­րի դահ­լի­ճին մէջ։ Եզ­րա­կա­փիչ փու­լին հան­դի­սա­ւոր պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ յանձ­նուե­ցաւ փա­ռա­տօ­նի այս տարուան պա­տուոյ հիւ­րին՝ անգ­լիա­ցի յայտ­նի դե­րա­սա­նու­հի Ժագ­լին Պի­սէի մրցա­նա­կը։ Դա­տա­կազ­մին կող­մէ դափ­նե­կիր­ներ հա­մա­րուած գոր­ծե­րու հե­ղի­նակ­ներն ալ ստա­ցան ի­րենց պար­գեւ­նե­րը՝ ծափահարութիւններու տարափով։

Երկուշաբթի, Յուլիս 18, 2016