ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՌԱԶՄԱՓՈՐՁ

Ար­ցա­խի մէջ ե­րէ­կուան դրու­թեամբ սկսան ռազ­մա­փոր­ձեր։ Մինչ ճա­կա­տին վրայ դէպ­քե­րը կը շա­րու­նա­կուին, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի ու­ժե­րը բազ­մաս­տի­ճան հրա­մա­նա­տա­րա­կան զօ­րա­վար­ժու­թիւն­նե­րու ձեռ­նար­կած են։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, ռազ­մա­փոր­ձե­րուն կը մաս­նակ­ցին Ար­ցա­խի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի վար­չու­թիւ­նը, միա­ւո­րում­նե­րու, զօ­րա­մա­սե­րու եւ գու­մար­տակ­նե­րու հրա­մա­նա­տա­րա­կան կազ­մը, շտապ­նե­րը, ղե­կա­վար­ման եւ ա­պա­հով­ման մար­մին­նե­րը։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, այս զօ­րա­վար­ժու­թեան նպա­տակն է կա­տա­րե­լա­գոր­ծել զի­նեալ ու­ժե­րու ղե­կա­վար­ման հա­մա­կար­գը, հրա­մա­նա­տար­նե­րու եւ շտապ­նե­րու գործ­նա­կան ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րը, ա­նոնց պատ­րաս­տու­թեան եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մա­կար­դա­կը։ Հե­տապն­դուած նպա­տակ­նե­րու շար­քին են՝ բարձ­րաց­նել բո­լոր օ­ղակ­նե­րու ղե­կա­վար­ման մար­մին­նե­րու մար­տա­վա­րա­մաս­նա­գի­տա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը, բա­րո­յա­հո­գե­բա­նա­կան յատ­կա­նիշ­նե­րը, սպա­յա­կազ­մի՝ ի­րադ­րու­թեան գնա­հատ­ման եւ ո­րո­շում­ներ առ­նե­լու ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րը, դաշ­տա­յին վար­ժան­քի մա­կար­դա­կը։  

Հարկ է նշել, որ այս զօ­րա­վար­ժու­թիւն­նե­րը կը յա­ջոր­դեն Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ շա­բա­թա­վեր­ջին Ար­ցախ կա­տա­րուած այ­ցե­լու­թեան։ Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ ան տե­սակ­ցած էր Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի հետ։ Եր­կու ղե­կա­վար­նե­րուն հան­դի­պու­մը զու­գա­դի­պած է այն­պի­սի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը, երբ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին շրջագ­ծով միջ­նորդ­նե­րուն ջան­քե­րը թափ ստա­ցած են, խտա­ցած է դի­ւա­նա­գի­տա­կան եր­թե­ւե­կը եւ հա­ւա­նա­կան կը նկա­տուի Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րուն մի­ջեւ նոր հան­դի­պում մը։ 

Երեքշաբթի, Յուլիս 19, 2016