ՀՈՐԻԶՈՆԸ

Զրա­դաշ­տա­կա­նու­թեան մէջ մա­հա­ցա­ծին վրայ ող­բա­լը կը կաշ­կան­դէ հո­գիին թռիչ­քը:

Հո­րի­զո­նը... եր­կինքն ու եր­կի­րը միաց­նող գի­ծը. կամ՝ մահն ու կեան­քը, որ ի բնէ միա­ձոյլ է, միեւ­նոյ­ն ա­տեն նաեւ՝ բա­ժան­ման գի­ծը: Հոր­իզո­նը բռնե­լու քա­ջու­թիւ­նը ո՞վ ու­նի. ո՛չ ա­մէն ոք ի հար­կէ, եւ ակն­կա­լե­լու ալ չէ, որ ա­մէն ոք կա­րե­նայ ը­նել ա՛յն ինչ որ յա­տուկ է մաս­նա­ւոր ան­ձե­րու. այդ­պէս է դրուած­քը բնու­թեան տնօրի­նու­թեամբ: Ի հար­կէ, Կո­մի­տա­սի մը տա­ղան­դը ի՛րն է ու ի­րը՝ ե­րաժշ­տութեան մար­զին մէջ. ու այս­պէս ա­մէն մարզ ու­նի ի­րեն յա­տուկ ան­ձե­րը նուի­րեալ. սա­կայն ակ­նե­րեւ է, որ ոչ ոք՝ ի բացա­ռեալ հե­ղի­նա­կէն, կրնայ ապ­րիլ ամ­բող­ջու­թիւ­նը լիո­վին: Զի ինչ­պէս Վա­հան Թէ­քէեան կ՚ը­սէ. «Տե­սան ծու­խի մը նման, կրակն ա­նոր չտե­սան»:

«Կրակ­ն ա­նոր...»:

Անդ­րա­նի­կի ան­ցած ճա­նա­պար­հը՝ ռազ­մեր, ճա­կա­տա­մար­տեր, ընդ­հա­րում­ներ հերո­սա­կան եւ վերջ ի վեր­ջոյ... յանձ­նու­մը սու­րին... ու «գործս կէս մնաց»: Երբ տաս­նեակ­նե­ր այդ «գործ»ին ճա­նա­պար­հին զո­հուե­ցան ու ի­րենց ա­րիւ­նը խառ­նեցին հայ­րե­նի հո­ղին, բայց ե­րազ­նե­րը մնա­ցին ան­թաղ՝ ինչ­պէս բազ­մա­հա­զար մե­ռել­նե­րը հա­յոր­դի­նե­րու, եւ ե­րա­զը միշտ սա­ւառ­նե­ցաւ ար­ծի­ւի նման, պատ­գա­մե­լով «գոր­ծը» շա­րու­նա­կե­լու՝ ա­մէն ոք իր կա­րո­ղու­թեամբ եւ իր չա­փով...։

­Բա­ցա­ռիկ ու վեհ հո­գի­ներ են ա­նոնք, ո­րոնք վտան­գը ար­հա­մար­հե­լով, նախ յաղթե­լով ի­րենց վա­խին, սիր­տը լեց­նե­լով Հայ­րե­նի­քի սի­րոյն հա­մար զո­հա­բե­րե­լու եւ սէ­րը փայ­փա­յել՝ դէ­պի մար­տա­դաշտ փա­ռա­ւո­ր ան­փու­թու­թեամբ, որ ի՛­րը կրնայ ըլ­լալ միայն եւ իր նման­նե­րուն, ու վա­յե­լել մար­տի­կի մը պատ­րաս­տուա­ծու­թեամբ այն դա­ժան ու­րա­խու­թիւ­նը, որ սիր­տը լիաց­նէ վսեմ պար­տա­կա­նու­թիւն մը կա­տա­րած ըլ­լա­լու գի­տակ­ցու­թեամբ, ճա­կա­տա­գի­րի կո­չին հլու, տայ պա­տաս­խան.-

«Ա­հա Տէր, կու գամ» (Վ. Թէ­քէեան «Կռուի երթ»)

Իսկ թէ հան­դի­պի մա­հը...

«Ա­նոնց հա­մար ես կրնամ լալ միայն

Բայց ներ­բող չեր­գել, քան­զի ան­զօր եմ...

Ըն­դու­նիլ ի­րենց հա­ւատ­քը վսեմ. ա­նոնք հզօր են:

Բայց կը դառ­նամ, կը մնամ ան­քուն

Գի­շեր մը ամ­բողջ սեւ լու­րին հա­մար ի­րենց մա­հաց­ման...

­Քա­նի որ մարդ եմ:

Չտե­սայ զա­նոնք պատ­նէ­շի վրայ,

Չզգա­ցի ա­նոնց կրա­կը ներ­քին...»

Մի­թէ՞ կա­րե­լի է, բան մը որ նե­րանձ­նա­կան է, երբ նոյ­նիսկ նոյն կրա­կի մէջ ին­կող ան­ձինք ի­րար­մէ տար­բեր զգա­ցում­ներ կ՚ու­նե­նան...։

­Պու­տիզ­մի մէջ կայ ա­սոյթ մը. «Ե­թէ լե­րան բարձ­րու­թեան զգա­ցում­նե­րը կ՚ու­զե­ս ապ­րիլ, պէտք է լեռ բարձ­րա­նաս...»:

Յի­սուս խա­չը ու­սին, Գող­գո­թա­յի ճամ­բուն վրայ լա­ցող աղ­ջիկ­նե­րուն ը­սաւ. «Լա­ցէք դուք ձեր վրայ»...։ Այլ տեղ, երբ ա­շա­կերտ­նե­րը ը­սին. «Այս բա­նը քե­զի պի­տի չպա­տա­հի», Ան պա­տաս­խա­նեց. «Ես այս բա­նին հա­մար ե­կայ»... ու բարձրա­ցաւ:

Ու բարձ­րա­ցաւ Գող­գո­թա: Կա­մա­ւոր:

Եւ մենք կա­մա­ւոր բա­ռին ծա­նօթ ենք բա­ւա­կան:

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք»

Երեքշաբթի, Յուլիս 19, 2016