«ԶՈՒԼԱԼ» ԿԱՏԱՐՈՒՄՆԵՐ

Հայ-ա­մե­րի­կեան «Զու­լա­լ» ե­րաժշ­տա­կան ե­ռեա­կը, աշ­խար­հի նշա­նա­ւոր կարգ մը բե­մեր նուա­ճե­լէ ետք ա­ռա­ջին ան­գամ հան­դէս ե­կաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ՝ եր­կու հա­մերգ­նե­րով, գրա­ւե­լով նաեւ հա­յաս­տան­ցի հան­դի­սա­տե­սի հմայ­քը: Ա­նոր ե­րեք ան­դամ­նե­րուն զու­լալ ձայ­նե­րը գե­րե­ցին հա­յաս­տան­ցի հան­դի­սա­կա­նը, իսկ հան­դի­սա­կան մը, հա­մերգ­նե­րէն ետք խում­բի ձայ­նը բնո­րո­շեց իբ­րեւ «հա­լալ-զու­լա­լ»: Նա­խա­պէս ծրագ­րուած էր միայն մէկ հա­մերգ՝ 17 Յու­լի­սին, սա­կայն տես­նե­լով հան­դի­սա­կա­նի խան­դա­վառ հե­տաքրք­րու­թիւ­նը եւ հա­մեր­գու տոմ­սակ­նե­րու շատ կա­նուխ սպա­ռու­մը, «Զու­լա­լ­»ի հա­մեր­գի կազ­մա­կեր­պիչ ըն­կե­րու­թիւ­նը՝ Deem communications-ը հա­մերգ մը եւս ծրագ­րեց՝ Շա­բաթ, 16 Յու­լի­սին, որ նոյն­պէս ըն­թա­ցաւ հան­դի­սա­տես­նե­րով լե­ցուն դահ­լի­ճին մէջ: Deem communications ըն­կե­րու­թիւ­նը այս հա­մերգ­նե­րուն առ­թիւ յայ­տա­րա­րեց նաեւ Հա­յաս­տա­նի մէջ իր գոր­ծու­նէու­թեան 10-ա­մեա­կի մա­սին: Գա­նա­տա­հայ հայ­րե­նա­դարձ Ռաֆ­ֆի Նի­զիբ­լեա­նի հիմ­նադ­րած կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ մաս­նա­գի­տա­ցած է ա­նուա­նի սփիւռ­քա­հայ ե­րա­ժիշտ­նե­րու, հա­մերգ­նե­րու եւ ե­լոյթ­նե­րու կազ­մա­կերպ­մամբ: Մինչ օրս այս ըն­կե­րու­թեան ջան­քե­րով Հա­յաս­տա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած են Վա­հէ Պէր­պէ­րեա­նի, Սերժ Թան­քեա­նի, Կի Մա­նու­կեա­նի, Սե­պուհ Սի­մո­նեա­նի, Այ­լին Խա­չա­տու­րեա­նի եւ այլ սփիւռ­քա­հա­յե­րու ե­լոյթ­ներ:

«Զուա­լ» ազ­գա­յին վառ ե­րանգ­նե­րով կը ներ­կա­յաց­նէ հայ­կա­կան սի­րուած ծա­նօթ եւ ան­ծա­նօթ եր­գերն ու մե­ղե­դի­նե­րը: Ա­քա­փել­լա (ա­ռանց ե­րաժշ­տու­թեան նուա­գակ­ցու­թեան) ժան­րը, զոր որ­դեգ­րած է «Զու­լա­լ», ա՛լ ա­ւե­լի գրա­ւիչ կը դարձ­նէ ա­նոնց եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը: Սփիւռ­քի մէջ ձուլ­ման, հայ­կա­կան ինք­նու­թե­նէ հե­ռաց­ման պայ­ման­նե­րուն ներ­քոյ «Զու­լա­լ­»ի եր­գե­րը կը կազ­մեն հա­յա­պահ­պա­նու­թեան մէկ օ­ղա­կը, որ կը փո­խան­ցուի նոր սե­րուն­դին: Հիմ­նա­կա­նօ­րէն ա­նոնք կը կա­տա­րեն հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­կան եր­գերն ու կո­մի­տա­սեան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։ Զու­լալ­ցիք՝ ե­րեք հմա­յիչ կի­ներ, ո­րոնք ի­րա­րու պա­տա­հա­կա­նօ­րէն հան­դի­պած են, միա­ւո­րուած, 2002 թուա­կա­նին ձե­ւա­ւո­րած են խում­բը, եւ այդ պա­տա­հա­կա­նու­թիւ­նը կը նկա­տեն ճա­կա­տա­գիր, որ յա­ջո­ղու­թիւն բե­րած է թէ՛ խում­բին, թէ՛ ալ ի­րենց՝ ան­հա­տա­բար:

Թե­նի Ա­բէ­լեա­ն­,Ե­րազ Մար­գա­րեա­ն եւ Ա­նա­յիս Ա­լեք­սանտ­րա Թե­քե­րեա­ն հա­մեր­գէն ա­ռաջ «Թու­մօ» կեդ­րո­նին մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ը եւ պա­տաս­խա­նե­ցին մեր հար­ցում­նե­րուն: Իսկ «Թու­մօ» կեդ­րո­նը պա­տա­հա­կան չէ ընտ­րուած: Ա­նոնք շուրջ եր­կու շա­բաթ տե­ւո­ղու­թեամբ աշ­խա­տա­նոց մը պի­տի վա­րեն «Թու­մօ»ի ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ, մա­նա­ւանդ ա­նոնց հետ, ո­րոնք «Թու­մօ»էն ներս ընտ­րած են ե­րաժշ­տա­կան խում­բը:

-Ինչ­պէ՞ս կը մեկ­նա­բա­նէք, որ պա­տա­հա­կան հան­դի­պու­մը ծնաւ այս­պէս լուրջ խումբ մը, որ ար­դէն ճանչ­ցուած է սփիւռ­քի եւ Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին:

-Շատ մտա­ծած ենք այդ մա­սին, որ պա­տա­հա­կա­նու­թիւ­նը ինչ­պէս յա­ջո­ղու­թիւն ծնաւ եւ այդ պատ­ճա­ռով կը հա­ւա­տանք պա­տա­հա­կա­նու­թիւն­նե­րուն, զու­գա­դի­պու­թիւն­նե­րուն, ճա­կա­տագ­րին: Մենք՝ հա­յերս խօսք մը ու­նինք, որ շատ դի­պուկ է՝ կ՚ը­սենք գրուած է ճա­կա­տին: Այս ալ ձե­ւով մը բախ­տի բան էր: Թե­նին Հա­յաս­տան էր, ետ­քը հա­յաս­տան­ցի ըն­կեր մը հան­դի­պե­ցաւ Նիւ Եորք, փո­ղո­ցին վրայ, պա­տա­հա­բար նոյն ժա­մա­նակ Ա­նա­յի­սը հոն էր, Ե­րազն ու Ա­նա­յիսն ալ ու­րիշ ըն­կե­րոջ մը մի­ջո­ցաւ հան­դի­պած են: Պա­տա­հա­կան ծա­նօ­թու­թեամբ ե­ղած է ե­րե­քիս հան­դի­պու­մը, խօ­սակ­ցու­թեան մէջ պար­զած ենք, որ կ՚եր­գենք, կը սի­րենք եր­գել, տե­սանք նաեւ, որ մեր ձայ­նե­րը ի­րա­րու հա­մա­պա­տաս­խան են, թէ­եւ ան­հա­տա­պէս ե­րե­քիս ձայ­ներն ալ շատ տար­բեր են ի­րար­մէ: Եւ սկսանք այդ­պէս եր­գել, ա­ռանց գիտ­նա­լու, թէ ինչ­պէ՛ս պի­տի ըլ­լայ շա­րու­նա­կու­թիւ­նը: Տասն­չորս տա­րի ան­ցած է, ա­հա­ւա­սիկ, կը տես­նէք շա­րու­նա­կու­թիւ­նը:

-Ո՞ր եր­գով սկսած էք:

-Ե­րե­կոյ մը հա­ւա­քուած էինք եւ սկսանք «Պին­կէօ­լ­»ը եր­գել, եւ այդ եր­գը թէ՛ միա­ցուց մե­զ վերջ­նա­կա­նա­պէս եւ թէ՛ ալ մտաւ մեր ձայ­նագ­րու­թիւն­նե­րուն մէջ եւ մշտա­պէս կը կա­տա­րուի հա­մերգ­նե­րու ըն­թաց­քին:

-Ե­րաժշ­տա­կան ար­հես­տա­վարժ կրթու­թեան պա­կա­սը չի՞ խան­գա­րեր, մա­նա­ւանդ, որ ե­րեքդ ալ ու­րիշ այլ գոր­ծե­րով կը զբա­ղիք, եւ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը երկ­րորդ զբա­ղում է ձե­զի հա­մար:

-Այն­պէս չէ, որ ե­րաժշ­տա­կան կրթու­թիւն չենք ստա­ցած: Ե­րեքս ալ տար­բեր մա­կար­դա­կի ե­րաժշ­տա­կան կրթու­թիւն ու­նինք: Սա­կայն մշտա­պէս ու­սում­նա­սի­րե­լը, պրպտե­լը, մեր գոր­ծին լուրջ վե­րա­բե­րի­լը ար­դէն ար­հես­տա­վարժ մա­կար­դա­կի հաս­ցու­ցած է մե­զ: Թե­նին կ­­՚աշ­խա­տի մա­նուկ­նե­րու հետ՝ ման­կա­կան ե­րաժշ­տա­կան ծրա­գիր­ներ կ­­՚ի­րա­կա­նաց­նէ, Ե­րա­զը հո­գե­բան է, իսկ Ա­նա­յի­սը թատ­րո­նով կը զբա­ղի, թէ՛ կը խա­ղայ, թէ՛ ալ թատ­րեր­գու­թիւն­ներ կը գրէ: Ա­սոնք մեր հիմ­նա­կան գոր­ծերն են, ո­րոնք կապ ու­նին ա­րուես­տի հետ, այս­պէս թէ այն­պէս՝ կապ ու­նինք ա­րուես­տի, մար­դու նե­րաշ­խար­հի հետ, ինչ որ մե­զի շատ կ­­՚օգ­նէ: Այն­պի­սի մա­կար­դա­կի հա­սած ենք, որ Պըրք­լի ե­րաժշ­տա­կան գո­լէ­ճը եր­կու ան­գամ մե­զ դա­սա­ւան­դու­թիւն­նե­րու հրա­ւի­րած է, եւ դա­սա­ւան­դած ենք ի­րենց հա­մալ­սա­րա­նա­կան մա­կար­դա­կի ու­սա­նող­նե­րուն՝ սոր­վեց­նե­լով թէ՛ ե­րաժշ­տու­թիւնն ու ձայ­նը, թէ՛ եր­գե­րու բա­ռե­րը եւ թէ՛ ալ հա­յոց պատ­մու­թիւն պատ­մած ենք ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ մեր ազ­գա­յին մշա­կոյ­թը ներ­կա­յա­ցու­ցած ենք ա­նոնց:

Բա­ցի մեր հիմ­նա­կան մաս­նա­գի­տու­թիւն­նե­րէն եւ բա­ցի «Զու­լա­» ե­ռեա­կի գոր­ծու­նէու­թե­նէն, ե­րեքս ալ մայ­րեր ենք, ա­մուս­նա­ցած ենք, ու­նինք մեր ըն­տա­նիք­նե­րը, ա­մէնքս միա­սին եօ­թ ե­րա­խայ ու­նինք: Եօ­թ թի­ւը շատ կա­րե­ւոր թիւ մըն է մեր յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու ճա­նա­պար­հին, միշտ մե­զի հետ ե­ղած է եւ միշտ մե­զի հա­մար լաւ նշան է: Ա­հաւ­սիկ, մեր ա­ռա­ջին հա­մերգն ալ հայ­րե­նի­քի մէջ եօթ­նե­րոդ ամ­սուն տե­ղի կ­­՚ու­նե­նայ եւ մեր կազ­մա­ւո­րու­մէն տասն­չորս տա­րի յե­տոյ (7+7), իսկ մեր եր­րորդ ալ­պոմն ալ կը կո­չուի. «Եօ­թ Գա­րուն­նե­ր»:

-Ին­չո՞ւ ա­քա­փել­լա, չէ՞ որ ե­րաժ­շու­թիւնն ու գոր­ծի­քա­յին հնչե­ղու­թիւնն ալ ի­րենց տե­ղը ու­նին խում­բի մը յա­ջո­ղու­թեան եւ ա­ւե­լի լաւ ներ­կա­յա­նա­լուն մէջ:

-Ե­րեքս ալ նա­խա­պէս եր­գե­լու փորձ ու­նինք ա­քա­փել­լան, զոր սի­րած ենք եւ որ յա­ջո­ղու­թեամբ ըն­դու­նուած է: Սկիզ­բէն նոյ­նիսկ կ­­՚ու­զէինք քա­նի մը հո­գի ալ նե­րա­ռել խում­բին մէջ, բայց խե­լա­ցի մէ­կը ը­սաւ, որ դուք ե­րեքդ ար­դէն ներ­դաշ­նակ էք, եւ նոյ­նիսկ գոր­ծիք­նե­րու կա­րիք ալ չկայ, այս­պէս մնա­ցինք միայն ե­րեքս ու ա­ռանց նուա­գակ­ցու­թեան: Թէեւ եր­բեմն գոր­ծի­քա­յին ե­րաժշ­տու­թեամբ բա­ներ մը ներ­կա­յա­ցու­ցած ենք ե­րա­ժիշտ Ա­րա Տինք­ճեա­նին հետ, քա­նի ժա­մա­նակ առ ժա­մա­նակ կ­­՚ու­զենք փո­խել, տար­բեր բան մը ներ­կա­յաց­նել, հե­տա­գա­յին ալ թե­րեւս նո­րու­թիւն­ներ ըլ­լան մեր ո­ճին մէջ, բայց չգոր­ծի­քա­ւո­րուած ձայ­նը, ան­շուշտ, շատ գրա­ւիչ է եւ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ՝ դժուար:

Ժա­մա­նակ մը ներշն­չուած էինք Լի­լիթ Պի­պո­յեա­նի ձայ­նով: Ա­նոր «Մանչ­ս» եր­գը մե­զ ո­գե­ւո­րած է, մա­նա­ւանդ մեր ա­ռա­ջին ալ­պո­մի ձայ­նագ­րու­թեան ժա­մա­նակ:

-Ուր­կէ՞ կու գայ ձեր ծնող­քը եւ ի՞նչ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցած են ա­նոնց պատ­մու­թիւն­նե­րը ձեր վրայ:

-Ե­րա­զի ծնող­քը՝ հայրն ու մայ­րը Ի­րա­քէն են, ատ­կէ ա­ռաջ հօր կող­մը Վա­նէն է, մօր կող­մը՝ Տիգ­րա­նա­կեր­տէն: Ա­նա­յի­սին մայ­րը լաթ­վիա­ցի ռուս մըն է, իսկ հօր կող­մը ե­թով­պա­ցի է: Թե­նիին մայրն ու հայ­րը Ե­գիպ­տո­սէն են, բայց ար­մատ­նե­րը կ­­՚եր­թան դէ­պի Սե­բաս­տիա, Ա­տա­նա, Կե­սա­րիա: Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ ա­ւե­լի ա­զատ եւ քիչ մը ա­ւե­լի դիւ­րին է ձու­լուիլ, ինչ որ կ­­՚ու­զես զգալ, ը­նել՝ ա­մէն ինչ բաց է: Մե­զի հա­մար գիտ­նա­լը՝ ո՞վ ես, ուր­կէ՞ կու գայ ծնողքդ, տար­բեր ծան­րու­թիւն ու կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նի մեր կեան­քին մէջ եւ ան­շուշտ, գիտ­նա­լը մեր պատ­մու­թիւ­նը, մեր լե­զուն, մե­զ ձե­ւով մը կեդ­րո­նա­ցու­ցած է:

-Նշա­նա­ւոր բե­մե­րու վրայ ու­նե­ցած էք ե­լոյթ­ներ: Այդ մէ­կը ի՞նչ տուած է ձե­զի:

-Վեր­ջին տա­րուան ըն­թաց­քին մե­զի հա­մար կար­ե­ւոր էր «Քե­նե­տի» կեդ­րո­նի «Մի­լե­նիում» բե­մը, Գոնկ­րէ­սի գրա­դա­րա­նը, ուր ե­ղած հա­մեր­գը ի­րենց ար­խիւ­նե­րուն մէջ մտած է եւ մնա­յուն կեր­պով կը պահ­պա­նուի: Ան­կէ ա­ռաջ ե­լոյթ ու­նե­ցած ենք «Քեթ­թի» թան­գա­րան, «Քար­նե­կի հոլ», Նիւ Եոր­քի «Սիմ­ֆո­նի Սփէյս», Պերկ­լի Ե­րաժշ­տա­կան գո­լէճ եւ այլ վայ­րե­րու մէջ: Եր­բեմն նաեւ անգ­լե­րէն եր­գած ենք, քա­նի որ մեր հան­դի­սա­կա­նը միշտ չէ, որ հայ ե­ղած է, բայց Հա­յաս­տա­նի մէջ ու­րա­խու­թիւն է հայ հան­դի­սա­կա­նի հա­մար միայն հա­յե­րէն եր­գե­լը:

Իսկ այն, որ մեր եր­գե­րը հնչած են կա­րե­ւոր կեդ­րոն­նե­րու մէջ, ան­շուշտ, հպար­տու­թիւն է մե­զի հա­մար:

Պարզ մար­դիկ ի­րենց հո­գի­նե­րէն եր­գե­ցին, հո­վի­ւը, գեղ­ջու­կը, մա­մի­կը, հար­սը եւ այդ եր­գե­րը հնչե­ցին «Քար­նե­կի հոլ»ին, Գոնկ­րէ­սի գրա­դա­րա­նին մէջ: Մեր եր­գե­րուն մէջ մարդ­կու­թիւն կայ, ա­տոր հա­մար պահ­պա­նուած ե­ն ու հա­սած՝ այս օ­րուան: Բո­լոր եր­գե­րուն մէջ ի­մաստ ու­նե­ցող պատ­մու­թիւն­ներ գո­յու­թիւն ու­նին:

Այդ բե­մե­րէն ետք Հա­յաս­տա­նի մէջ ե­լոյթ ու­նե­նա­լը ձե­ւով մը շրջա­նակ կը կազ­մէ: Մենք Թուր­քիոյ մէջ ալ հա­մերգ­նե­րու ծրա­գիր ու­նինք, մա­նա­ւանդ՝ պատ­մա­կան վայ­րե­րու մէջ, բայց վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը ստի­պե­ցին յե­տաձ­գել այդ ծրա­գի­րը, սա­կայն կ՚ար­ժէ մեր եր­գե­րը հնչեց­նել այն վայ­րե­րուն մէջ, ուր­կէ սնած են ա­նոնք, եւ ուր­կէ սկիզբ առ­նե­լով՝ թա­փա­ռած են երկ­րէ եր­կիր՝ ի­րա­րու կա­պե­լով հա­յոց սիր­տե­րը:

Հա­յաս­տա­նի մէջ մեր այս ե­լոյթ­նե­րը մէկ կող­մէն մեր եր­գե­րը հայ­րե­նի հան­դի­սա­կա­նին ներ­կա­յաց­նե­լու նպա­տակ ու­նին, միւս կող­մէ ալ՝ մե­զի հա­մար կար­ե­ւոր է ցոյց տալ մեր հա­յաս­տա­նեան լսա­րա­նին, թէ ինչ­պէ՛ս մենք հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը կը ներ­կա­յաց­նենք աշ­խար­հին: Ան­շուշտ, շատ կը փա­փա­քէինք Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­ւե­լի յա­ճա­խա­կիօ­րէն հան­դէս գալ: Մենք ձեզ­մէ ուժ կ­­՚առ­նենք: Մենք փա­փաք ու­նինք ա­ւե­լի լաւ ճանչ­նալ մեր ժո­ղո­վուր­դը, շրջիլ երկ­րին ամ­բողջ տա­րած­քը եւ սոր­վիլ նոր եր­գեր: Ժո­ղո­վուր­դը միշտ եր­գին ու մե­ղե­դիին ա­մե­նէն ճշգրիտ պահ­պա­նողն է: Մենք կ­­՚ու­զենք այդ զու­լալ ա­կէն խմել եւ այդ զու­լալ ձայնն ու պար­զու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նել աշ­խար­հին: Հա­րիւր տա­րի ապ­րած են այդ եր­գե­րը՝ ի­րենց պար­զու­թեան եւ մաք­րու­թեան շնոր­հիւ եւ տա­կա­ւին քա­նի՜ հա­րիւր տա­րի­ներ կ­­՚ապ­րին:

ՆՈՒԻ­ՐՈՒԱԾ ՀԲԸՄ-Ի 110-Ա­ՄԵԱ­ԿԻՆ

«Զու­լա­լ­»ը իր հա­մերգ­նե­րը նուի­րեց Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) 110-ա­մեա­կին: Մեր զրոյ­ցի ըն­թաց­քին զու­լալ­ցի­նե­րը յայտ­նե­ցին, որ ի­րենց հա­մար հպար­տու­թիւն էր մաս­նակ­ցիլ նաեւ «AGBU WebTalks» նա­խա­գի­ծին, որ մեծ փոր­ձա­ռու­թիւն մըն էր խում­բին հա­մար: Այդ նա­խա­գի­ծը այժմ տե­ղադ­րուած է ՀԲԸՄ-ի կայ­քէ­ջին մէջ՝ «Հայ կի­ներ. ձայ­նե­րը եր­գի մի­ջո­ցո­վ» խո­րագ­րին տակ: Խում­բը հա­մերգ­նե­րու եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հրա­ւէր­ներ ու­նի յա­ռա­ջի­կայ տա­րուան հա­մար եւս: Գա­լիք նա­խա­գի­ծե­րէն մին, որ­ով ա­նոնք ի­րա­պէս շատ ո­գե­ւո­րուած են, «Քար­նե­կի հոլ»ի «Ե­րաժշ­տա­խոյզ­նե­ր» (Musical Explorers) նա­խա­գիծն է: Նո­րա­րա­րա­կան այս ծրագ­րի շրջա­նակ­նե­րուն մէջ «Քար­նե­կի հո­լ­»ի գոր­ծըն­կեր­նե­րը դպրո­ցա­կան ու­սու­ցիչ­նե­րու հետ Նիւ Եոր­քի դպրոց­նե­րէն ներս կը դա­սա­ւան­դեն ե­րա­խա­նե­րուն տար­րա­կան ե­րաժշ­տա­կան հմտու­թիւն­նե­րը զար­գաց­նե­լու նպա­տա­կով, ինչ­պէս նաեւ ա­շա­կերտ­նե­րուն կը ներ­կա­յաց­նեն ի­րենց տե­ղա­կան հա­մայնք­նե­րուն մէջ առ­կայ մշա­կու­թա­յին բազ­մա­զա­նու­թիւ­նը: «Զու­լա­լ­»ը ընտ­րուած է իբ­րեւ այս մեծ նա­խա­գի­ծի մաս­նա­կից, Նիւ Եոր­քի մէջ (7000 հո­գի­նոց) ե­րա­խա­նե­րու լսա­րա­նին պի­տի սոր­վեց­նէ հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­կան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը: Հպարտ են, որ նաեւ թամ­զա­րա պա­րել պի­տի սոր­վեց­նեն, մինչ այդ, «Թու­մօ»ի ա­շա­կերտ­նե­րը ան­համ­բե­րու­թեամբ կը սպա­սեն սկսե­լու ի­րենց աշ­խա­տա­նո­ցին՝ «Զու­լա­լ­»ի ան­դամ­նե­րուն հետ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Յուլիս 19, 2016