Լոնտոնի Մէջ Բացօթեայ Փառատօն
Լոնտոնի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ բակին մէջ, Յուլիսի 17-ին, տեղի ունեցած է հայկական բացօթեայ փառատօն: Մշակութային տարբեր ուղղութիւններ ընդգրկող այս ձեռնարկը համահայկական ամենամեծ իրադարձւթիւնն է Միացեալ Թագաւորութեան մէջ, որուն մասնակցելու համար ժամանած են հայեր երկրի տարբեր վայրերէ:
Արդէն աւանդական դարձած փառատօնը այս տարի կ՚իրականացուի վեցերորդ անգամ: Բացի համայնքի ներկայացուցիչներէն, ներկայ եղած են բրիտանացի պաշտօնատարներ եւ հիւրեր Հայաստանէն: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Քենսինկթըն եւ Չելսիի արքայական շրջանի ղեկավար Էլիզապէթ Ռըտերֆորտ, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի Թեմի Առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեանը, Մեծն Բրիտանիոյ Խորհրդարանի համայնքներու պալատի անդամ Սթիւըն Փաունտ, Մեծն Բրիտանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանատան հիւպատոսական հարցերով կցորդ Հայարփի Տրմէյեան եւ այլք։ Փառատօնը իրականացուած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Մեծ Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի Թեմին նախաձեռնութեամբ եւ տեղւոյն հայ համայնքի ջանքերով ու մասնակցութեամբ:
Փառատօնի բացման առթիւ արտայայտուած է Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան։ «Մեր գլխաւոր նպատակն է բրիտանահայ համայնքը, թէկուզ մէկ օրով, երկրի տարբեր ծայրերէն հաւաքել ու համախմբել զանոնք իրենց ինքնութեան շուրջ՝ մեր մշակոյթի, պատմութեան, մեր հոգեւոր ժառանգութեան։ Ինծի համար այնքան կարեւոր է յատկապէս երիտասարդներու ներգրաւուածութիւնը այս նախաձեռնութիւններուն: Այս տարին մեզի համար առանձնայատուկ է, քանի որ կը նշենք Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակը», նշած է Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան։
Փառատօնին ընթացին ելոյթ ունեցած են հանրածանօթ ջութակահար Լեւոն Չիլինկիրեան, «Կոմիտաս» երգչախումբը, «Ախթամար» ժողովրդական պարախումբը եւ ուրիշներ: Այս տարուան ծրագիրին յատուկ հիւրերն էին Հայաստանէն տուտուկահար Գէորգ Կարապետեան եւ երգչուհի Իվեթա Մուկուչեան: