Խուճա՞պ, Թէ Սովորութիւն
Մտահոգ կը հետեւինք մայրաքաղաքի իրադարձութիւններուն: «Սասնայ Ծռեր» անունով հանդէս եկած զինեալներու կողմէ գրաւուած ոստիկանական շէնքին ու անոր յարակից տարածքին վրայ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով՝ կը միանանք բոլոր անոնց, որոնք կ՚աշխատին առանց յաւելեալ արիւնահեղութեան լուծում մը բերելու ստեղծուած ծանր իրավիճակին:
Մտահոգութեամբ կը հետեւինք նաեւ ոստիկաններու կողմէ ցուցարար քաղաքացիներու դէմ գործադրուած բռնութիւններուն, որոնք առաւել եւս կը շեշտեն հասարակական բողոքի ու լարուածութեան մթնոլորտը՝ բոլորին կողմէ ոչ ցանկալի անկառավարելիութեան վտանգ սպառնալով մեր երկրի գլխուն:
Այո՛, իշխանութիւնները կրնան վստահեցնել, որ իրենք կրնան կանխել քաոսային վիճակի յառաջացումը երկրէն ներս, ունի՛ն այդ ուժն ու կարողութիւնը: Բայց ի՞նչ գնով… Ժողովրդավարական արդէն իսկ չարչրկուած սկզբունքներու բացայայտ խախտումներով, որոնց նախանշանները կը տեսնենք ցուցարարներուն դէմ գործադրուած մարդկային իրաւունքներու կոպիտ խախտումներով:
Մենք կ՚ողջունենք ոստիկանութեան պաշտօնատարներու կողմէ այս խախտումներու փաստերը հաւաքելու եւ պատասխանատուները օրէնքով հետապնդելու տրամադրութիւնը, եւ կը յուսանք, որ այդ տրամադրութիւնները իսկակա՛ն գործողութիւններով ապացուցուին յաչս ժողովուրդին:
Ի վերջոյ, ժողովուրդին մէջ ընդհանուր բողոքի ու ընդվզումի հոգեվիճակին յաւելեալ լարուածութիւն ներարկողը ա՛յն համոզումն է, որ Հայաստանի քաղաքացին անպաշտպան է օրէնքին առջեւ, եւ որ օրէնքը պահպանելու կոչուած բոլոր հաստատութիւնները կը գործեն այդ անպաշտպանուածութեան զգացողութիւնը խորացնելու ուղղութեամբ. այդպէ՛ս եղած է անոնց սովորութիւնը:
Այդ դատապարտելի վարքը, այս օրերուն իշխանութեանց համար (նոյնիսկ եթէ ցոյց չի տրուիր) խուճապային վիճակ ստեղծած պայմաններուն տակ, ամենէն տգեղ ձեւով կը դրսեւորուի ծեծի ու խոշտանգումի տեսարաններով:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Ասպարէզ», Լոս Անճելըս
Հարթակ
- 11/22/2024