ԱՅԼԵՒՍ ԹՈՂՈՒԼ ԶԷՆՔԵՐԸ
«Հիմնադիր խորհրդարան» ընդդիմադիր խմբաւորման ձերբակալեալ առաջնորդ Ժիրայր Սէֆիլեանի ազատ արձակման եւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարման պահանջով Երեւանի մէջ բռնկած դէպքերը կը շարունակեն ամբողջ Հայաստանի օրակարգը բնորոշել։ «Սասնայ ծռեր» կոչուած զինեալ խումբ մը արդէն վեց օրէ ի վեր վերոյիշեալ պահանջներով բռնագրաւման տակ կը պահէ Երեւանի ոստիկանական կեդրոններէն մին։ Մայրաքաղաքի կեդրոնին մերձակայ Էրեբունիի մէջ Խորենացի փողոցին վրայ կ՚ապրուին իրադարձութիւններ, որոնց կապակցութեամբ օրերէ ի վեր կը հնչեն կոչեր ու կը կատարուին խորհրդածութիւններ։ «Սասնայ ծռեր»ու այս քայլին պատճառ դարձած է, որ ընդդիմադիր ալիք մըն ալ բարձրանայ հերթական անգամ։ Թէ՛ Խորենացի փողոցին վրայ եւ թէ ընդհանրապէս քաղաքի կեդրոնին մէջ ատեն-ատեն լարուածութիւններ կը յառաջանան ոստիկանութեան եւ ցուցարարներու միջեւ։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան հրատապ օրակարգի վերածուած այս դէպքերուն կապակցութեամբ երէկ առաջին անգամ հանդէս եկաւ հրապարակային ելոյթով մը։ Երեւանի նախագահական ապարանքէն ներս ան խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ երկրի իրաւապահ մարմիններու ղեկավարներուն հետ։ Այդ հաւաքոյթին յաջորդեց նաեւ խորհրդակցութիւն մը՝ դատաիրաւական բարեփոխումներուն շուրջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, ոստիկանութեան, դատախազութեան եւ քննչական մարմիններու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած յարձակման, յաջորդած իրադարձութիւններու մանրամասնութիւններուն, նաեւ ձեռնարկուած միջոցառումներու արդիւնքներուն։ Իրեն զեկուցուեցաւ նաեւ, որ շարունակաբար աշխոյժ բանակցութիւններ կը վարուին եւ առկայ իրավիճակին մէջ անհրաժեշտ գործողութիւնները կը կատարուին՝ որպէսզի զինեալ խումբի անդամները թողուն զէնքերը եւ յանձնուին իշխանութիւններուն։ Իր կարգին, Սերժ Սարգսեան ընդգծեց ստեղծուած իրավիճակէն խաղաղ լուծումով մը դուրս գալու կարեւորութիւնը։ Ան համոզուած է, որ հնարաւոր բոլոր միջոցները պէտք է ձեռք առնուին այս ուղղութեամբ։ Սարգսեան կարեւորեց ենթադրեալ բոլոր իրաւախախտումներու համակողմանի եւ անաչառ քննութիւնը, ինչպէս նաեւ մեղաւորներու պարագային պատիժի անխուսափելիութեան ապահովումը։ Խորհրդակցութեան արդիւնքին իրաւապահ մարմիններու ղեկավարներուն տրուեցան անհրաժեշտ յանձնարարականներ։ Ժողովի ընթացքին Սերժ Սարգսեան ըսաւ.
«Մինչ մեր հերթական խորհրդակցութեան սկսիլը՝ անգամ մը եւս փաստենք, որ մեր երկիրը այս օրերուն կ՚ապրի դժուարին եւ պատասխանատու օրեր։ Պատճառներուն, ի հարկէ, այս պահուն պիտի չանդրադառնամ։ Հիմա այդ բանին ժամանակը չէ։ Կ՚ըսեմ միայն, որ բոլորս պէտք է դասեր քաղենք այս մէկէն։
«Անգամ մը եւս կը ցաւակցիմ զոհուած գնդապետ Արթուր Վանոյեանի ընտանիքին եւ հարազատներուն։ Բոլորս պարտք ունինք անոր առջեւ։ Մենք պէտք է ընենք ամէն ինչ, որպէսզի այս բարդ իրավիճակը կարգաւորուի եւ նման ողբերգութիւն մը այլեւս չկրկնուի։ Այս վիճակի ակունքին է մեր իրողութեան մէջ ամենավտանգաւոր մտայնութիւնը՝ հարցերը լուծել բռնութեամբ, ուժի կիրառմամբ։ Այս մտայնութեան հետագայ զարգացումը յղի է շատ վտանգաւոր հետեւանքներու մեր երկրին ու պետականութեան իսկ համար։ Հայաստանի մէջ բռնի ուժով, յարձակումով եւ պատանդ վերցնելով հարցեր պիտի չլուծուին։ Եւ մենք երբեք թոյլ պիտի չտանք այս բանին։ Այս իրավիճակի հանգուցալուծումը պէտք է ըլլայ Հայաստանի եւ մեր հասարակութեան, պետութեան հասունութեան կարեւորագոյն քննութիւն։ Ոստիկանութեան պարեկապահակային գունդի տարածքը գրաւած զինեալներուն կոչ կ՚ուղղեմ ցուցաբերել զսպուածութիւն եւ ուրիշներու կեանքը չվտանգել իրենց սադրիչ գործողութիւններով։ Պատանդները պէտք է ազատ արձակուին։ Զինեալ խումբը պէտք է թողու զէնքը։ Հետագայ հանգուցալուծումը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան եւ օրէնքներու խստիւ պահպանմամբ։ Անձնական վրէժխնդրութեան բոլոր փորձերը պիտի կասեցուին օրէնքի ուժով։
«Այո՛, Հայաստանի մէջ դժգոհներ շատ կան։ Սակայն ոչ ոք թող չսխալի ու չմտածէ, որ կրնայ որեւէ առիթ կամ պատճառ շահագործել մեր պետականութեան հիմքերը քայքայելու համար։ Կը յորդորեմ մեր հանրութեան բոլոր ներկայացուցիչներուն բացառապէս խաղաղ ձեւով եւ օրէնքի շրջանակներէ ներս իրենց քաղաքական եւ քաղաքացիական իրաւունքները իրականացնել։ Կը յորդորեմ նաեւ, որ տուրք չտան ծայրայեղ քայլեր եւ սադրանքներ հրահրող անձերու առաջարկներուն եւ գաղափարներուն։ Սա յղի է նոր մարդկային կորուստներու լուրջ վտանգին։ Կը յորդորեմ, որ իւրաքանչիւր ոք գիտակցի այդ սադրանքներէն եւ ծայրայեղ քայլերէն բխող իսկական վտանգները։
«Կը յանձնարարեմ, ձեզի՝ իրաւապահ մարմիններու ղեկավարներուդ, որպէսզի ձեր գործունէութիւնը շարունակէք իրականացնել խստագոյն զսպուածութեամբ՝ օրէնքի շրջանակներէն ներս։ Մենք կը շարունակենք ձեռնարկել հնարաւոր բոլոր միջոցներուն՝ իրավիճակին վերջնական խաղաղ հանգուցալուծում մը տալու համար։ Կրկին կոչ կ՚ուղղեմ զինեալ խումբին՝ ժամ առաջ թողուլ զէնքը։ Մենք կը գործենք եւ պիտի գործենք համբերատար։ Մեր երկրի իւրաքանչիւր քաղաքացիի կեանքը եւ առողջութիւնը թանկ է մեզի համար։ Մենք չենք ընթացած այսպիսի իրավիճակներու մէջ դասական համարուող ճանապարհով։ Այսպէսով մենք հնարաւորութիւն տուած ենք զինեալ խումբին ետքայլ կատարելու համար։ Կը յուսամ, որ անոնք պիտի սթափուին։ Բայց մենք իրաւունք չունինք թոյլ տալու, որ մեր ամբողջ հանրութիւնը այս լարուածութեան պատանդը դառնայ։ Կը կարծեմ, որ այս իրավիճակը արդէն կը տեւէ աւելի երկար, քան մենք կրնանք թոյլ տալ մեզի համար։ Ապրիլ ամիսէն ի վեր տակաւին այնքան ժամանակ չէ անցած, որպէսզի մեր հասարակութիւնը ինքզինքին թոյլ տայ մոռնալու տեղի ունեցածը։
«Անգամ մը եւս բոլորիս զգօնութեան եւ զսպուածութեան կոչ կ՚ուղղեմ՝ յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան, յանուն մեր ժողովուրդի ապագային»։
Սերժ Սարգսեանի առընթեր, Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանն ալ երէկ այս նիւթին վերաբերեալ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ։ Ան շեշտեց, որ ստեղծուած իրավիճակը պէտք է դատուի ղարաբաղեան հակամարտութեան տեսանկիւնէն, որ այսօր երկրի գերագոյն խնդիրն է։ Տէր-Պետրոսեան դիտել տուաւ, որ Ժիրայր Սէֆիլեան եւ ընկերները արդէն գործնականօրէն ապացուցանած են իրենց հայրենասիրութիւնը։ Ուստի, ան յոյս յայտնեց, թէ Սէֆիլեան ամէն ինչէն վեր պիտի դասէ Արցախի եւ Հայաստանի ճակատագիրը։
Երեւանի Խորենացի փողոցին վրայ երէկ ապրուեցաւ յարաբերաբար հանդարտ օր մը։ Ներկայիս Արցախի հերոսներէն Վիթալի Բալասանեանն ալ Լեռնային Ղարաբաղէն Երեւան մեկնած է՝ մասնակցելու համար լուծման աշխատանքներուն։ Ան նշեց, թէ բռնագրաւեալ ոստիկանական կեդրոնէն ներս գտնուողներու սնունդի, բժշկական օգնութեան վերաբերեալ խնդիրները կը կարգաւորուին։ Բաց աստի, Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը երէկ ձերբակալեց շարք մը անձեր՝ այդ զինեալ խումբին աջակցելու մեղադրանքով։
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն ալ երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը ու տեղեկացուց, թէ կեղծ են այն պնդումները, ըստ որոնց այլ ելք չէ մնացած երկրի ծանր իրավիճակը փոխելու համար։