ԳԱՐՕԼԻՆ ՍԻՍԻ ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ԳՐՈՎ ՎԿԱՅՈՒԵՑԱՒ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷՆ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր նոր սերունդի կրթական մշակներէն Գարօլին Սիսի Ֆէնէրճեան յաջողութեամբ կը խորացնէ իր մասնագիտութիւնը։ Ան վերջերս աւարտած է «Ետիթեփէ» համալսարանի կրթական գիտութիւններու բաժնի կրթութեան կառավարման ու հակակշռման բաժինը։ Գարօլին Սիսի Ֆէնէրճեան մագիստրոսութեան աստիճան ստացած է՝ պաշտպանելով թեզ մը։ Իր նիշերու բարձր միջինին շնորհիւ ան նուաճած է նաեւ պատուոյ գիր մը։ Իր թեզին նիւթը եղած է՝ փոքրամասնական նախակրթարաններու պարագային աշակերտներու սպասումները իրենց դպրոցէն։
Հարկ է նշել, որ Գարօլին Սիսի Ֆէնէրճեան կ՚ուսուցչագործէ Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Ան դուստրն է Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեանի։
Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Գարօլին Սիսի Ֆէնէրճեանը՝ կրթադաստիարակչական բնագաւառէն ներս իրեն մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ։ Նոյն առթիւ կը բաժնենք ուրախութիւնը իր ծնողքին՝ Տէր Հօր եւ երէցկնոջ։
Թրքահայ կեանք
- 05/12/2025
- 05/12/2025
- 05/12/2025
- 05/12/2025