ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՏԱՆԴ ԱՌՆՈՒԱԾ ՎԵՐՋԻՆ ՈՍՏԻԿԱՆՆԵՐՆ ԱԼ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒԵՑԱՆ
«Հիմնադիր խորհրդարան»ի առաջնորդ Ժիրայր Սէֆիլեանի ազատ արձակման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարման պահանջով՝ «Սասնայ ծռեր» զինեալ խումբին կողմէ պատանդ վերցուած բոլոր ոստիկանները շաբաթավերջին ազատ արձակուեցան։ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի երեսփոխաններէն Վիթալի Բալասանեանի վերջին օրերու աշխոյժ միջնորդական ջանքերուն շնորհիւ շաբաթավերջին բոլոր պատանդները արձակուեցան ազատ՝ ներառեալ Հայաստանի փոխ-ոստիկանապետ Վարդան Եղիազարեանն ու Երեւանի փոխ-ոստիկանապետ Վալերի Օսիպեանը։ Բայց եւ այնպէս, զինեալները կը շարունակեն բռնագրաւման տակ պահել ոստիկանական կեդրոնը, ուր տեղակայուած են շուրջ տասն օրէ ի վեր։ Վիթալի Բալասանեան տեղեկացուց, թէ Ժիրայր Սէֆիլեանը հրաժարած է նախագահի հրաժարման պահանջէն, իսկ ոստիկանական կեդրոնի ազատման եւ զինեալներու յանձնման պարագային Սերժ Սարգսեան մտադիր է Սէֆիլեանը ընդունելու։ «Սասնայ ծռեր»ը աւելի վերջ տեղեկացուցին, որ իրենք միշտ կը պահանջեն նախագահի հրաժարականը։ Խառնաշփոթ իրավիճակին մէջ անոնց համար շփման հնարաւորութիւն մըն ալ ստեղծուեցաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։
Այս բոլորէն վերջ, երէկ գիշերուան ժամերուն վերստին լարուածութեան մասին լուրեր հասան Երեւանէն։ Այսպէս, զինեալներու խումբը հրկիզեց իր բռնագրաւած ոստիկանական կեդրոնի ծառայողական ինքնաշարժներէն մին եւ այդ մէկը փողոց դուրս բերաւ։ Իրաւապահ մարմինները հերթական անգամ կոչ ուղղեցին՝ ձեռնպահ մնալ նման գործողութիւններէ, որոնք կրնան վտանգել քաղաքացիներու կեանքն ու առողջութիւնը։