ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ՅԱՅՏԱՐԱՐ
Ժողովրդավարութիւնը ընդգծեալ ձեւով հասարակաց յայտարարի մը վերածուած է Թուրքիոյ մէջ։ Զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձէն վերջ, երկիրը ի գործ կը դնէ իր ամբողջ պաշարը՝ երաշխաւորելու համար ժողովրդավարութեան անշրջադարձելիութիւնն ու ամրապնդումը։ Յուլիսի 15-ի դէպքերը նախորդ շաբաթավերջին արդէն տակն ու վրայ ըրած էին երկիրը։ Շաբաթ մը անց՝ այս շաբաթավերջին ձախող պետական հարուածով պայմանաւորուած իրադարձութիւններուն տեսանկիւնէն շատ աւելի յստակ մթնոլորտ մը տիրեց երկրին մէջ։ Թուրքիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ, գլխաւոր հրապարակներուն վրայ կը շարունակուի ժողովրդավարութեան հերթը։ Այս առումով երէկ Թաքսիմի հրապարակին վրայ ալ տեղի ունեցաւ յատկանշական իրադարձութիւն մը։ Գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան՝ ՃՀՓ-ի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մեծ հանրահաւաքը առանձնացաւ փոխանցուած միասնականութեան պատգամով։ Արդարեւ, ոչ միայն ՃՀՓ-ականները, այլ ԱՔ կուսակցութեան եւ այլ քաղաքական ուժերու, հասարակական խմբաւորումներու ներկայացուցիչներն ալ միացան այս հանրահաւաքին։ Ծովածաւալ բազմութեան մը մասնակցութեամբ փոխանցուեցաւ ժողովրդավարութեան պատգամը։ Ելոյթ մը ունեցաւ ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլու։
Հանրահաւաքներուն առընթեր մայրաքաղաք Անգարայի մէջ ալ ապրուեցան շարք մը կարեւոր իրադարձութիւններ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Պեշթեփէի մէջ հիւրընկալեց Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքարը։ Այս վերջինը միեւնոյն ժամանակ այցելեց նաեւ Անգարայի Անվտանգութեան տնօրէնութիւն, ուր ծաղիկներ թողուց Յուլիսի 15-ի գիշերը նահատակուած ոստիկաններու յիշատակին։ Աքար այս առթիւ նշեց, թէ զինուորական համազգեստ հագած դաւաճաններ մեծ վնաս հասցուցած են մեր երկրին եւ անոնք ծանրագոյն պատիժը պիտի կրեն արդարութեան առջեւ։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան շաբաթավերջին շարունակեց նաեւ միջազգային հանրութեան պատգամներ փոխանցել՝ յառաջատար լրատուուութեան աղբիւրներու միջոցաւ։ «Ֆրանս 24» հեռուստակայանին տուած բացառիկ հարցազրոյցին մէջ Էրտողան կրկնեց, թէ լրաքաղութեան կաղացումներ ապրուած են վերջին իրադարձութիւններուն շրջագծով։ Հարկ է նշել, որ Էրտողան այսօր ալ նախագահական պալատի երդիքին տակ կը հիւրընկալէ խորհրդարանէն ներս ներկայացուած կուսակցութիւններուն առաջնորդները՝ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմը, ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն եւ ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելին։
Մինչ այդ, Բարձրագոյն զինուորական խորհուրդին ժողովի թուականը ենթարկուեցաւ փոփոխութեան։ Նստաշրջանը պիտի սկսի այս Հինգշաբթի եւ առաջին անգամ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան փոխարէն Չանքայայի ապարանքին մէջ պիտի կատարուի աշխատանքը։
Միւս կողմէ, զինեալ յեղաշրջման փորձը կատարած ահաբեկչական զուգահեռ կառոյցին դէմ լայնածաւալ հարցաքննութիւնն ալ կը շարունակուի ամբողջ թափով։ Պետական կամ հասարակական գետնի վրայ այդ կառոյցին հետ առընչակից անհատներն ու հաստատութիւնները կը հարցաքննուին եւ բացայայտուած մանրամասնութիւնները, տրուած ցուցմունքները լայնօրէն արձագանգ կը գտնեն հանրային կարծիքին մօտ։ Այս առաւօտեան դրութեամբ հարցաքննութիւնը արդէն ընդգծեց նաեւ զանուգածային լրատուութեան բնագաւառը։ Որոշում ընդունուեցաւ՝ որպէսզի հսկողութեան տակ առնուին 42 լրագրողներ, որոնց շարքին կը գտնուին նաեւ յայտնի անուններ։