ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԷՔԸ

Յո­ռե­տես եւ մո­լո­րա­միտ մար­դիկ կրնան խոր­հիլ եւ ը­սել, թէ՝ տգէ­տը «բա­րի» կ՚ըլ­լայ։ Ա­յո՛, կրնան ըլ­լալ ժա­մա­նա­կաշր­ջան­ներ, ուր դէպ­քեր ան­ներ­դաշ­նակ եւ ի­րա­րու ան­հա­մա­պա­տաս­խան կեր­պով կը պա­տա­հին, եւ մարդ­կա­յին ի­մաս­տու­թիւ­նը կ՚ու­նե­նայ շե­ղում­ներ, սայ­թա­քում­ներ։

Բայց «բա­ցա­ռու­թիւն»ներ պէտք է հա­մա­րուին այս­պի­սի պա­տում­ներ, քա­նի որ էա­կա­նը եւ բնա­կա­նը՝ ա­ռողջ միտք եւ ու­ղիղ մտա­ծու­թիւն ու­նե­նալն է։

Ար­դա­րեւ ի­մաս­տա­սի­րա­կան աշ­խար­հա­հա­յեաց­ներ յա­ճախ փո­փո­խա­կան են, մարդ որ­քան խորհր­դա­ծէ, մտա­ծէ եւ ու­սում­նա­սի­րէ, ա՛յն­քան կը բա­րե­փո­խուի իր կեան­քի ըմբռ­նու­մը, տե­սա­կէ­տը եւ հա­ւա­տա­լիք­նե­րը։

Կա­յուն, ան­փո­փոխ միտ­քը ա­մուլ միտք է՝ չի ստեղ­ծեր, չ՚ար­տադ­րեր, միայն մարմ­նա­կան աչ­քով տե­սա­ծով կը գո­հա­նայ։ Այս­պի­սի մար­դիկ կը նմա­նին այն տղուն, որ նստած պա­տու­հա­նին առ­ջեւ, կը դի­տէ շուր­ջը եւ կը կար­ծէ, թէ իր տե­սա­ծը ամ­բողջ աշ­խարհն է, կամ ամ­բողջ աշ­խար­հը միա՛յն պա­տու­հա­նէն տեսա՛ծն է։ Մինչդեռ պատուհանէն տեսնուածէն շա՜տ ա­ւե­լին կայ…։

Աշ­խար­հի վրայ կա՛յ այ­լա­զան եւ եր­բեմն ի­րա­րու բո­լո­րո­վին հա­կա­սա­կան ե­րե­ւոյթ­ներ՝ կեանք պար­զած ան­խու­սա­փե­լի տե­սա­րան­նե­րուն հե­տե­ւանք։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ, հո՛ս է ար­ժէ­քը ի­մաս­տա­սի­րու­թեան, գի­տու­թեան, գիտ­նա­լու, տե­ղե­կա­նա­լու ըն­դո­ծին փա­փա­քին։ Մարդ կո­չուած է սոր­վե­լու եւ գիտ­նա­լու, քա­նի որ հե­տաքրք­րու­թիւ­նը ա­նոր բնու­թեան ան­բա­ժա­նե­լի մէկ տարրն է։ Մարդ գիտ­նա­լով կը գո­հա­նայ եւ եր­ջա­նիկ կ՚ըլ­լայ։ Եւ ա­մէն գի­տու­թիւն, տե­ղե­կու­թիւն փո­փո­խու­թիւն մը, նո­րու­թիւն մը կը ստեղ­ծէ մար­դուս մէջ։ Եւ այդ փո­փո­խա­կա­նու­թիւ­նը ա­ւե­լի՛ կը շեշ­տուի, երբ ե­րե­ւոյթ­նե­րու վեր­լու­ծու­մը կը կա­տա­րուի մա­կե­րե­սա­յին թե­թեւ հպան­ցում­նե­րով, երբ տիե­զե­րա­կան հիմ­նա­կան եւ ան­յեղ­լի օ­րէնք­նե­րը կը մնան «ան­թա­փան­ցե­լի խոր­հուրդ­ներ»։ Եւ այդ ի­մաս­տա­սի­րա­կան, բնա­ծին հե­տաքրք­րու­թեամբ մը՝ ճշմար­տու­թիւ­նը գտնե­լու եւ գիտ­նա­լու փա­փա­քը մե­ծա­պէս կը հրա­պու­րէ մար­դը՝ այս բա­նա­ւոր էա­կը, որ հետզ­հե­տէ կը բա­րե­փո­խուի։

Փո­փո­խա­կա­նու­թիւ­նը, այս ի­մաս­տով, մար­դուս թէ՛ ի­րա­ւունքն է, թէ՛ պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը, ո­րուն մի­ջո­ցով պի­տի հաս­նի իր նպա­տա­կին՝ պի­տի կա­տա­րե­լա­գոր­ծուի եւ ճշմա­րի­տին պի­տի հաս­նի։

Ո՛չ ոք ի­րա­ւունք ու­նի կա­սեց­նե­լու, ամ­լաց­նե­լու բնա­կան այս ըն­թաց­քը. մարդ պի­տի սոր­վի, պի­տի գիտ­նայ եւ եր­ջա­նիկ պի­տի ըլ­լայ ի վեր­ջոյ։

Գի­տու­թիւ­նը, որ ճշմար­տու­թեան ճամ­բան է, մար­դուս եր­ջան­կու­թեան մի­ջոցն է եւ ո՛չ ոք ի­րա­ւունք ու­նի գան­գա­տե­լու, եւ ը­սե­լու, թէ ան­գի­տութիւնը «Բա­րի» կ՚ը­նէ մար­դը։ Քա­նի որ բա­րու­թիւ­նը գի­տա­կից եւ ող­ջա­միտ մար­դու նկա­րա­գիրն է՝ ան­գի­տա­կից բա­րու­թիւ­նը «բա­րու­թիւն» եւ ան­գի­տա­կից բա­րին «բա­րի» չէ՛, իր իս­կա­կան ի­մաս­տով։ Մարդ, բա­րի ըլ­լա­լու հա­մար չէ՛ որ բա­րու­թիւն կ՚ը­նէ, այլ՝ բա­րիք ը­նե­լու, ու­րի­շին օգ­նե­լու, օգ­տա­կա­րու­թիւն ու­նե­նա­լու հա­մար։ Ուս­տի բա­րու­թիւ­նը տիտ­ղոս մը, կա­ցու­թիւն մը չէ՛, այլ՝ վար­մունք մը՝ վի­ճա՛կ մը։

Այս պատ­ճա­ռով, մարդ պէտք չէ՛ տա­րա­կու­սի, կաս­կած յայտ­նէ ար­դիւնք­նե­րու մա­սին, ա­ռանց նկա­տի առ­նե­լու ա­նոնց ծնո՛ւնդ տուող ի­րա­կան պատ­ճառ­նե­րը։ Ար­դա­րեւ ա­մէն ար­դիւնք ու­նի իր բա­նա­ւոր, ուղ­ղա­կի՛ կամ ա­նուղ­ղա­կի պատ­ճա­ռը։ Ուս­տի, պատ­ճա­ռի եւ ար­դիւն­քի ա­ռըն­չու­թեան լիա­կա­տար ծա­նօ­թու­թիւ­նը, որ է գի­տու­թիւ­նը եւ խոր ըմբռ­նու­մը՝ մարդս պի­տի խնա­յէր շատ մը սխալ ու վնա­սա­կար դա­տում­ներ եւ փութ­կոտ վճռա­հա­տում­ներ։

Տգի­տու­թեան մէջ բա­րու­թիւն տես­նել՝ միամ­տու­թիւն է, եւ կաս­կած չկա՛յ թէ այս մի­տու­մը ար­դիւնքն է տկա­րամ­տու­թեան, կար­ճա­տե­սու­թեան կամ «բա­րեմ­տու­թեան», որ չի կրնար դի­տել ու տես­նել՝ ա­ռանց գայ­թակ­ղե­լու՝ հո­գիին խո­րը՝ հո­գին ըմ­բոս­տաց­նող եւ կեան­քը դառ­նաց­նող, դժուա­րաց­նող բո­լոր սո­վո­րա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րը։ Եւ այս ե­րե­ւոյթ­նե­րը կը բա­ցատ­րուին ա­նով, որ մարդ­կա­յին միտ­քը հետզ­հե­տէ ստա­նա­լով «գի­տու­թեան լոյս»ը եւ մեր­կա­նա­լով «գի­տու­թեան խա­ւար»ը՝ կը դառ­նայ ա­ւե­լի ան­կարգ, ա­ւե­լի չար։

Ճի՞շդ է։

Թէ մարդ­կա­յին միտ­քը ան­յագ է «գի­տու­թեան ծա­րաւ»ով. շատ պարզ է թէ այդ ծա­րա­ւը ա­մե­նէն խո­րար­մատ բնազդ­նե­րէն մէկն է մայդ­կա­յին հո­գիին, անհ­նար է ժխտել ու ան­տե­սել, թէ այդ բնազ­դը տիե­զե­րա­կան «Զօ­րու­թեան» մէկ կեն­դա­նի ներշն­չումն է մարդ­կա­յին էու­թեան մէջ, ո՛չ ոք կը դե­դե­ւի հաս­տա­տել։

Ուս­տի մարդ­կու­թիւ­նը՝ բա­րու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար տգի­տու­թեան մէջ պա­հե­լու մտադ­րու­թիւ­նը եւ այդ մա­սին կա­տա­րուած փոր­ձե­րը ի զո՜ւր են։

Սա­կայն հար­ցը սա է, թէ ո­մանց հա­մար ին­չո՞ւ ա՜յս­քան խոր­շա­լի կը թուի գի­տու­թիւ­նը։

Կա­րե­լի է խոր­հիլ, թէ գի­տու­թեան ան­չափ ու անկ­շիռ գոր­ծա­ծու­թեան պատ­ճա­ռով կորսն­ցու­ցած է մարդ­կու­թիւ­նը բո­լոր այն լաւ ու բա­րի բա­նե­րը, ո­րոնց­մով օժ­տուած էր հին մարդ­կու­թիւ­նը, որ ա՜յս­քան գի­տու­թիւն չու­նէր։ Ու­րեմն ի­րա՞ւ է որ քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը մարդ­կու­թիւ­նը կը տա­նի դէ­պի վատ­թա­րա­գոյ­նը։ Այս պատ­ճա­ռով պէ՞տք է վե­րա­դառ­նալ հին օ­րե­րուն…։ Բայց մարդ, քա­նի որ կո­չուած է յա­ռաջ­դի­մու­թեան, հետզ­հե­տէ կա­տա­րե­լու­թեան, ա­պա ու­րեմն շատ ալ բա­նա­կան չէ այս­պի­սի խորհր­դա­ծու­թիւն մը՝ որ մարդ­կու­թիւ­նը ամ­լու­թեան կը մատ­նէ, խա­ւա­րի մէջ կը թո­ղու։

Ար­դա­րեւ սա պէտք է գիտ­նալ, թէ ա­ռար­կան չար կամ բա­րի չ՚ըլ­լար, մի­ջո­ցը վնա­սա­կար կամ օգ­տա­կար չի ներ­կա­յա­նար, այլ ա­ռար­կան օգ­տա­գոր­ծո­ղը կամ մի­ջո­ցը գոր­ծա­ծո­ղը չար կամ բա­րի, վնա­սա­կար կամ օգ­տա­կար նպա­տակ­նե­րով կրնայ գոր­ծա­ծել զայն։ Զոր օ­րի­նակ, ինք­նա­շար­ժը ըստ էու­թեան օգ­տա­կար մի­ջոց մը, ա­ռար­կայ մըն է, կաս­կած չկա՛յ այդ մա­սին, սա­կայն ան­փորձ մէ­կու մը ձեռ­քը կրնայ մարդ վի­րա­ւո­րել եւ վնա­սա­կար ա­ռար­կա­յի մը վեր­ծուիլ։

Ու­րեմն «գի­տու­թիւն»ն ալ երբ բա­րի նպա­տակ­նե­րով գոր­ծա­ծուի, մարդ­կու­թեան ի նպաստ օգ­տա­գոր­ծուի, ան­շուշտ թէ «բա­րի» ար­դիւնք կու տայ. իսկ ե­թէ վնա­սա­կար գոր­ծի մը ծա­ռա­յեց­նե­լու հա­մար գոր­ծա­ծուի, «չար» ար­դիւնք կու տայ։ Գի­տու­թեամբ մե­քե­նայ մը կրնայ շի­նուիլ, այդ մե­քե­նան կրնայ մարդ­կու­թեան օգ­տին, մարդ­կու­թեան բա­րի­քին ծա­ռա­յող մե­քե­նայ մը ըլ­լալ, բայց կրնայ մարդ­կու­թեան վնա­սող, մարդ­կու­թեան չա­րի­քին գոր­ծա­ծուող մե­քե­նայ մըն ալ ըլ­լալ ան։

Մարդ­կու­թիւ­նը կրնայ փրկել կամ ոչն­չաց­նել։

Ա­պա այդ մե­քե­նա՞ն, թէ մե­քե­նան գոր­ծա­ծո­ղը կամ շի­նո­ղը պա­տաս­խա­նա­տու է մե­քե­նա­յին չա­րու­թե­նէն եւ կամ բա­րու­թե­նէն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­լիս 17, 2016, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Յուլիս 26, 2016