ՄԱՀԱՑԱՒ ՊԱՏՄԱԲԱՆ ՀԱԼԻԼ ԻՆԱԼՃԸՔ
Յայտնի պատմաբան Հալիլ Ինալճըք երէկ կնքեց իր մահկանացուն՝ հարիւր տարեկան հասակին։ Ան երկար ժամանակէ ի վեր դարմանման տակ էր Անգարայի «Կիւվէն» հիւանդանոցին մէջ։
Հալիլ Ինալճըք 1916 թուականին ծնած էր Իսթանպուլի մէջ՝ որպէս որդին Խրիմէ գաղթած ընտանիքի մը։ Համալսարանի դասախօս եղած շրջանին հասցուցած էր բազմաթիւ դէմքեր, որոնք ներկայիս Օսմանեան շրջանի պատմութեան մասնագէտներ կը համարուին։ Քէյմպրիճի Միջազգային կենսագրութիւններու կեդրոնին կողմէ ան դասուած էր այն երկու հազար գիտնականներու շարքին, որոնք աշխարհի վրայ ընկերային գիտութիւններու մարզէն ներս կը համարուին հեղինակութիւն։ Պատմութեան դասագիրքերու պատրաստութեան ուղղութեամբ ալ կարեւոր աշխատանք տարած էր Հալիլ Ինալճըք, որ Օսմանեան շրջանի պատմութեան վերաբերեալ ներկայ ընկալումներու ձեւաւորման ուղղութեամբ ունեցած էր կարեւոր դերակատարութիւն։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան ցաւակցական մը հրապարակած է Հալիլ Ինալճըքի մահուան առթիւ։