ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՈՍՏԻԿԱՆԱՏՈՒՆ ԳՐԱՒԱԾ ԶԻՆԵԱԼ ԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՀՐԿԻԶԵԼ ԾԱՌԱՅՈՂԱԿԱՆ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺՆԵՐ

Ե­րե­ւա­նի մէջ «Սաս­նայ ծռեր» զի­նեալ խում­բին կող­մէ բռնագ­րա­ւուած ոս­տի­կա­նա­տան շուրջ ապ­րուած դէպ­քե­րը կը շա­րու­նա­կեն մնալ Հա­յաս­տա­նի օ­րա­կար­գի թիւ մէկ խնդի­րը։ Թէեւ պա­տանդ վեր­ցուած ոս­տի­կան­նե­րը ամ­բող­ջու­թեամբ ա­զա­տուած են, սա­կայն ոս­տի­կա­նա­տու­նը կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց հա­կակշ­ռին տակ պա­հել «Սաս­նայ ծռեր»ը։ Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նին մեր­ձա­կայ Է­րե­բու­նի թա­ղա­մա­սի Խո­րե­նա­ցի փո­ղո­ցին վրայ կ՚ապ­րուին ար­տա­սո­վոր ու բռնի ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ։ Ընդ­դի­մա­դիր շրջա­նակ­ներն ալ օ­րե­րէ ի վեր ար­դէն փո­ղոց դուրս ե­կած են՝ բո­ղո­քի հա­մար։ «Հիմ­նա­դիր խորհր­դա­րան» ընդ­դի­մա­դիր խմբա­ւոր­ման ձեր­բա­կա­լեալ ա­ռաջ­նորդ Ժի­րայր Սէ­ֆի­լեա­նի ա­զատ ար­ձակ­ման եւ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­ժա­րա­կա­նի պա­հան­ջով ձեռ­նար­կուած այս շար­ժու­մը միշտ կ՚ու­նե­նայ մտա­հո­գիչ հե­տե­ւանք­ներ։ Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նին բո­ղո­քի ցոյ­ցերն ու եր­թե­րը ի­րա­րու կը յա­ջոր­դեն։ Մայ­րա­քա­ղա­քի կեան­քը դուրս ե­կած է բնա­կա­նոն հու­նէն։ «Սաս­նայ ծռեր» խում­բը նա­խըն­թաց օր ոս­տի­կա­նա­կան ծա­ռա­յո­ղա­կան ինք­նա­շարժ մը հրկի­զած էր՝ իր բռնագ­րա­ւած ոս­տի­կա­նա­տու­նէն ներս։ Ե­րէկ ալ զի­նեալ այդ խում­բը հրկի­զեց եւս եր­կու ոս­տի­կա­նա­կան ինք­նա­շարժ։ Պե­տա­կան պատ­կան մար­մին­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն հան­դէս գալ զսպուա­ծու­թեան կո­չե­րով, մինչ «Հիմ­նա­դիր խորհր­դա­րան»ի յա­ռա­ջա­տար դէմ­քե­րէն Չու­գա­սը­զեա­նի դէմ հար­ցաքն­նու­թեան մը սկսե­լու ո­րո­շում առ­նուած է։

Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած բո­ղո­քի հան­րա­հա­ւաք­նե­րուն եւ եր­թե­րուն ժա­մա­նակ յա­ռա­ջա­տար դիր­քե­րու վրայ հան­դէս կու գան նաեւ կարգ մը ընդ­դի­մա­դիր ե­րես­փո­խան­ներ. օ­րի­նակ՝ «Ժա­ռան­գու­թիւն» կու­սակ­ցու­թե­նէն Ար­մէն Մար­տի­րո­սեան։  

Երեքշաբթի, Յուլիս 26, 2016