ԵԶՆԻԿԻ «ԵՂԾ ԱՂԱՆԴՈՑ»ԷՆ՝ ՇԱՀԵԿԱՆ ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ - Ա -
«Եղծ Աղանդոց»ի հեղինակը՝ Եզնիկ, ոսկեդարեան այս պատկառելի գրիչը՝ Ե. դարու ամենէն ինքնատիպ եւ ուշագրաւ մատենագիրներէն մէկն է եղած։ Եզնիկ ճանչցուած է մանաւանդ իր դասական լեզուի կատարելութեամբ, մտաւորական զարգացումով, հեղինակաւոր բարձր դիրքով եւ գրական մարզի մէջ իր մշակած ճիւղի ինքնուրոյնութեամբ։ Ան ամենէն կարկառուն դէմքն է ճանչցուած թարգմանչաց առաջին փաղագին։
Ստորեւ, մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն կը ներկայացնենք, Գարեգին Արքեպիսկոպոս Խաչատուրեանի կողմէ աշխարհաբարի վերածուած «Եղծ Աղանդոց»էն շահեկան հատուած մը՝ «Չարին Ծագումը»։
Հատուածը կը ներկայացնենք նոյնութեամբ՝ հեղինակին ե՛ւ թարգմանիչին հաւատարիմ մնալով։
«Դարձեալ, այսպիսի ճշմարիտ ըսուածներուն անյարմար հարցումներ կը ներկայացնեն։ Ո՞ւսկից են հապա, -կ՚ըսեն- այդպիսի աններդաշնակութիւններ. զի, եթէ Աստուած Բարի, եւ ո՛չ թէ չար բաներու է արարիչ, ո՞ւսկից է խաւարը, ո՞ւսկից են չարիքները, ո՞ւսկից են չարչարանքները, լլկանքները՝ մերթ ցուրտէն եւ մերթ խորշակէն։ Կամ, ո՞ւսկից են անզգամութիւնները. վասն զի կը տեսնենք երկու մարդիկ իրարու ազգակից եւ մէկմէկու դէմ գրգռուած եւ մէկը միւսի մահուան եւ արիւնին ծարաւի։ Եւ ուրիշներ գերեզմաններ կը կրկտեն եւ հողի տակ թաղուած մարմինները մերկացնելով եւ խայտառակելով՝ արեւին կը ցուցադրեն եւ մեծարելի դին, աճապարանքով չծածկելով, թերեւս ալ շուներուն կեր կը թողուն։
«Եւ կը պատահի երբեմն, որ մէկը փախչելով՝ անձնապուրծ կ՚երթայ տեղ մը իր կեանքը փրկելու, եւ ուրիշ մը, ցասումով բորբոքած, սուրով ետեւէն կը վազէ անդադար, մինչեւ որ յագեցնէ իր ցասումը։ Ո՞ւսկից է այս անյագ ցասումը։ Մէկը կը մերկացնէ ընկերն իր զգեստէն, եւ եթէ ընդդիմանայ՝ արեւէ ալ կը զրկէ զայն. ուրիշ մը, միտքը դնելով գողնալ մէկուն ամուսնութիւնը, եւ անօրէնութեամբ մտնելով օտար մահիճ, թոյլ չիտար զաւակներու հայր ըլլալ անոր՝ որ օրինաւորապէս ամուսնացած է։
«Եւ երբեմն կը յուզուին պատերազմներ՝ ուր մեղաւորներ եւ արդարներ հաւասարապէս կը կոտորուին եւ տարաժամ ու չարաչար ախտեր տեղի կ՚ունենան։ Եւ ի՞նչ պէտք է մեզի թուել մի առ մի. ըսենք կարճ՝ թէ ո՞ւսկից է այս բոլորը, եւ ո՞վ է սկզբնապատճառ եւ գործող այսպիսի անպատեհութեանց, բայց եթէ կայ չար զօրութիւն մը՝ որ գործել կու տայ այս բոլոր աններդաշնակութիւնները եւ ինքն ալ արարիչն է ադոնց, վասնզի այդպիսի իրերու արարիչ նկատել զԱստուած եւ ըսել, թէ անկից են գոյացած չարիքները,- անյարմար է։ Ի՞նչպէս կարելի է կարծել թէ Աստուծմէ են այդպիսի բաներ. զի Աստուած բարերար է եւ արարիչ լաւութեանց, եւ որ եւէ չարութիւն չի մօտենար անոր, եւ ոչ ալ ինք անոր վրայ խնդալ կ՚ախորժի, այլ նոյն իսկ կը մերժէ թէ՛ գործերը եւ թէ՛ գործողները, զի չարիքները օտար են անոր բնութենէն։
«Ուստի, կը կարծուի թէ իրեն հետ կար բան մը՝ որուն անունն էր հիւլէ, այսինք՝ նիւթ, ուսկից ստեղծեց բոլոր արարածները զատ զատ՝ իր ամենարուեստ իմաստութեամբը, զարդարելով զանոնք վայելչօրէն։ Արդ, չարիքները յառաջ եկած պէտք է նկատել այս նիւթէն, որ անձեւ էր եւ անկերպարան եւ խառն ի խուռն կը վազվզէր անսանձ եւ կը կարօտէր Աստուծոյ արուեստագիտութեան։ Եւ Աստուած չթողուց որ ան խառն ի խուռն շարժի միշտ եւ որոշեց ստեղծել արարածները եւ անոր յոռեգոյններէն ազնուագոյնները զատել կամեցաւ։
«Եւ անկից առաւ այնչափ բան, որչափ կը վայելէր Աստուծոյ՝ ստեղծելու համար արարածները։
«Եւ ի՛նչ որ կար անոր մէջ մրրախառն եւ արարչութեան անյարմար՝ թողուց զայն։ Եւ այդ մրուրէն յառաջ եկան մարդոց չարիքները։
«Պատասխան։ - Արդարեւ, չարիքները, որ տեղի կ՚ունենան, տարակոյսի մէջ կը ձգեն շատերը, եւ բազմաթիւ աւագ մարդիկ այդ բանին համար մեծամեծ խնդիրներ յարուցին։
«Ոմանք Աստուծոյ անսկզբնակից բան մը ուզեցին ենթադրել. ուրիշներ՝ անկէ դուրս բան մը, զոր հիւլէ կ՚անուանեն, ըսելով թէ անկից ստեղծեց արարածները։ Եղան ալ որ բոլորովին հրաժարեցան քննելէ, իբր այն թէ այդ քննութիւնը չունի վերջ։ Բայց մենք հարկադրուեցանք, ի սէր բարեկամներու եւ նկատելով ընդդիմախօսներու սխալ տեսութիւնը, որչափ կը ներէ մեր տկարութիւնը եւ ապաւինելով Աստուծոյ, ձեռնամուխ ըլլալ քննելու այս ըսուածները։ Մանաւանդ վստահօրէն կը յուսանք, թէ յօժարութեամբ պիտի լսեն ուղղամիտները, որով եւ պիտի կարենան սորվիլ ճշմարիտը եւ մենք ալ ի զուր խօսք մսխած պիտի չըլլանք։ Վասնզի ոչ թէ անիրաւութեամբ յաղթել պիտի ջանանք, այլ իրաւունքով ճշմարիտն ուսուցանել։
«Արդ, յայտնի է թէ երկու անստեղծներ միասին չեն կրնար ըլլալ. զի ուր որ երկուք միասին ըլլան, անհրաժեշտաբար պէտք է ըլլայ բան մը՝ որ զատորոշէ զանոնք իրարմէ։ Ուստի, ի՛նչ է իրենց կարծիքը Աստուծոյ մասին. տե՞ղ մըն է, ամբողջ հիւլէի՞ն մէջ, թէ անոր մէկ մասին մէջ։
«Եթէ կ՚ենթադրենք որ Աստուած իր լրութեամբը ամբողջ հիւլէին մէջ է, որչափ ալ աւելի մեծ նկատեն զԱստուած, հիւլէն աւելի մեծ կ՚ըլլայ քան զԱյն։ Զի այն՝ որուն մէջ է մէկը, աւելի մեծ կ՚ըլլայ քան զայն՝ որ իր մէջ է, քանի որ կրցաւ բովանդակել զայն իր մէջ ամբողջութեամբ։
«Եւ եթէ ո՛չ անոր մէջ էր եւ ո՛չ ալ անոր մէկ մասին մէջ, յայտնի է թէ անջրպետ մը կար երկուքին միջեւ եւ երկուքէն ալ մեծ։ Եւ այսպէս, ոչ միայն երկու, այլ երեք անսկզբնակիցներ կ՚ըլլան,- Աստուած, հիւլէն եւ անջրպետը, եւ մանաւանդ անջրպետը աւելի մեծ քան միւս երկուքը։
«Իսկ եթէ հիւլէն երբեմն անզարդ էր, անձեւ ու անկերպարան եւ Աստուած զարդարեց զայն, անոր յոռութիւններէն լաւի դարձնել կամենալով,- ապա ուրեմն կար ժամանակ մը, երբ Աստուած ալ անզարդ էր, անձեւ ու անկերպարան եւ հարկ էր որ հիւլէին նման ինքն ալ խառն ի խուռն շարժէր։
«Եւ եթէ, ինչպէս կ՚ըսեն, ամբողջ հիւլէին մէջ էր Աստուած՝ երբ զայն զարդի, ձեւի եւ կերպարանքի կը բերէր,- ինք ո՞ւր պէտք էր ամփոփուիլ, զի կարելի չէր որ տեղ մը ամփոփուէր։ Մի՞թէ ինքզինքն ալ հիւլէին հետ զարդի, ձեւի եւ կերպարանքի կը բերէր, քանի որ ամփոփուելու տեղ չկար։ Բան մը՝ որ վերջին ծայր ամբարշտութիւն է…»։
-Ծանօթագրութիւններ.
«Դի» = դիակ, մեռելի մարմին։
«Անձնապուրծ» = անձ եւ պրծիլ՝ ինքզինք փրկող, ազատող, վտանգէն պրծող։
«Հիւլէ» = «atome», «molecule». կորիզ, առաջին տարր։
- Պիտի շարունակենք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 11, 2016, Իսթանպուլ