ԼԱՑԱԲՈՒԺՈՒԹԻՒՆ

Բնու­թեան պար­գեւ­նե­րէն մէկն ալ ար­ցունքն է - յու­զու­մի ար­տա­յայ­տու­թիւն ե՛ւ ու­րա­խու­թեան ե՛ւ տխրու­թեան պա­հե­րուն:

Տխրու­թեան պա­հե­րուն միակ ըն­կե­րա­կից իբ­րեւ աչ­քե­րէդ կը հո­սի, տաք, բա­րե­կա­մի մը ող­ջոյ­նին նման...։

«Լաց իմ մու­սա, մար­դիկ չլա­ցին ան­յայտ ըն­կա­ծին» (Վ. Տէ­րեան)

Դա­րա­ւոր մեր կեան­քի պատ­կե­րը կը գտնենք մեր եր­գե­րուն մէջ, ո­րոնք դժբախ­տա­բար ըլ­լա­լով նաեւ ա­րուես­տով հա­մե­մուած, կը կա­պեն մեզ ու յոյ­զե­րու ա­լիք­նե­րուն մէջ, կար­ծես թէ խեղ­դե­լու եւ ըն­թաց­քին մէջ, միա­խառ­նուած մեր մտա­ծում­նե­րուն եւ ապ­րում­նե­րուն, ձե­ւով մը կեր­տած են մեր ինք­նու­թիւ­նը ու մէկ մա­սը ե­ղած մեր սիր­տին եւ մտա­ծո­ղու­թեան այդ­քա՜ն հա­րա­զատ, եւ յի­րա­ւի՛: Ի հար­կէ, եր­բեմն-եր­բեմն պոռթ­կում­ներ ալ ե­ղած են, սա­կայն չեն յա­րա­տե­ւած, քա­նի որ կա­պուած են մեր ա­ռօ­րեա­յին ու մեր ա­ռօ­րեան երբ արթ­նու­թեամբ սկսաւ բացուիլ աշ­խար­հին, ըմ­բոս­տու­թեան ու ա­պա յե­ղա­փո­խու­թեան լե­զուով բե­կում մը յա­ռա­ջա­ցաւ, ի հար­կէ մնա­ցին սա­կայն տխրա­մած եր­գե­րը մեր հո­գիին մէջ, իբ­րեւ կա­պը հա­րա­զատ ներ­կա­յէն ան­ցեա­լին ըն­դե­լու­զող:

Չա­րեն­ցի Ռէ­քուիէ­մը նուի­րուած Կո­մի­տա­սին, որ սա­կայն վերջ ի վեր­ջոյ կը բա­խի ա­ճիւն­նե­րու տունդար­ձին, քիչ մը լա­ւա­տե­սու­թիւն սփռե­լով.-

«Ար­դեօք կա­րո՞ղ էր քո որբ,
Փա­կուած հո­գին ե­րա­զել
Որ դառ­նա­լու ես մի օր
Քո հայ­րե­նի­քը վսեմ...
Որ պի­տի շուրջդ բու­րի
Սէրն ու գգուան­քը մեր այս
Ու Չա­րեն­ցը համ­բու­րի
Քո շրթունք­նե­րը մե­ռած»:

Հա­յաս­տան ըլ­լա­լով Խորհր­դա­յին Միու­թեան մէկ միա­ւո­րը, ի հար­կէ են­թա­կայ էր ընդ­հա­նուր օ­րէն­քի մը: Գրա­կա­նու­թիւ­նը չէր մնար այդ ընդ­հա­նու­րէն դուրս, երբ լա­ցող լու­սին մը կամ կոր­սուած սէր մը թա­խան­ձա­գին եր­գե­լը չէր քա­ջա­լե­րուած իբ­րեւ «ան­կու­մա­յին» պէտք էր եր­գել բա­ցուող Ա­րե­ւը պայ­ծառ՝ նո՛ր դա­րաշր­ջա­նի, որ աշ­խար­հին պի­տի բե­րէր ցան­կա­ցած խա­ղա­ղու­թիւ­նը, ո­րոնց հա­մար ժա­մա­նա­կին գրած եմ.-

«Հա­ւատքս ին­կաւ որ­սի պէս մե­ռած
Փշա­պատ լե­րան ժայ­ռոտ կո­ղե­րուն
Հո­նո­րա­րա­յին եր­գե­րը զուարթ
Ու եղ­բայ­րա­կան ճա­ռե­րը սա­հուն
Ոչ եր­կինք թռչող հրթիռ­նե­րը բարդ
Չբա­ցին ա­րեան ե­րակ­նե­րը մութ»:

Մինչ այդ Գե­ղամ Սա­րեան կը գրէր.-

«Կո­մու­նիզ­մը կը գայ, սրտե­րի, սրտե­րի վրա­յով կը գայ նա
Ժո­ղո­վուր­դը կը կլլէր ր տա­ռը, զայն ը­նե­լու... «ստեր»...

Այս ալ ա՛յլ ցաւ մեր կեան­քին ի­րա­կա­նու­թե­նէն:

Եւ սա­կայն... «այս­պէս չի մնար» ու 1952-էն յա­րա­բե­րա­կան ա­զա­տու­թե­նէն սան­ձահա­րուե­լով, յա­ռա­ջա­ցաւ ճոխ գրա­կա­նու­թիւն... մեր ան­մի­ջա­կան ան­ցեա­լը պատ­կե­րաց­նող, ո­րոնց մէջ ի հար­կէ ա­ռիւ­ծի բա­ժի­նը կ՚իյ­նար... հա­յա­ջինջ կո­տո­րած­նե­րու յու­շե­րուն ու պատ­կե­րա­ցում­նե­րուն... ո­րոնք դար­ձեալ պի­տի քրքրէին թո­նի­րը, պի­տի պատ­կե­րէին հար­սը բռնա­բա­րուած եւ այլ բա­ներ: Գրող­նե­րու փա­ղան­գէն, ո­րոնց­մէ ի հար­կէ ա­մենէն նշա­նա­ւորն է ա­մե­նա­տա­ղան­դա­ւոր բա­նաս­տեղ­ծը՝ Պա­րոյր Սե­ւակ, իր «Անլ­ռե­լի զան­գա­կա­տուն»ով եւ «Ե­ռա­ձայն Պա­տա­րագ»ով, ուր եր­գուած է մեր ցաւն ու յու­սա­խա­բու­թիւն­նե­րը, պոռթ­կում­նե­րը... ան­մեկ­նե­լի:

«Ցա­ւերս լամ ու թե­թե­ւա­նամ» (Յ. Շի­րազ)

Ի հար­կէ լա­ցը թե­թե­ւու­թիւն կու տայ:

Նիւ­թը՝ կը յի­շեց­նէ ու կ՚ապ­րեց­նէ ան­ցեա­լը. իւ­րօ­րի­նակ ու ան­մեկ­նե­լի ա­նու­շութեամբ մը: Բնու­թիւ­նը ի ­զուր չէ պար­գե­ւած զայն մե­զի:

«Եկ իմ սրինգ, իմ բա­րե­կամ սրտա­գին
Նի­հար շրթերդ ո՜հ, դալ­կա­հար
Դիր դալ­կա­հար իմ շրթե­րուն
Եր­գենք ու լանք, լանք ու եր­գենք տրտմա­գին»: (Մ. Պ.)

Լանք, բայց մեր ար­ցունք­նե­րուն մէջ չխեղդուինք
Պայ­քա­րինք, բայց մեր ա­րեան մէջ չթաթխուինք
Ար­ժէք ըլ­լանք որ­պէս­զի ար­ժե­ւո­րել գիտ­նանք եւ ար­ժե­ւո­րուինք:
Նաֆթ չու­նինք:
Մե՛նք ըլ­լանք մեր նաֆ­թը:

ՍԱՐ­ԳԻՍ ­ՓՈ­ՇՕՂ­ԼԵԱՆ

«Զար­թօնք»

Չորեքշաբթի, Յուլիս 27, 2016