ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԻՆ՝ ՈՐՊԷՍԶԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՎՐԱՅ ԳԱՅ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒ ՄԸ
Թուրքիա-Եգիպտոս առկայ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ Գահիրէի մէջ սկսած է նախաձեռնութիւն մը՝ ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտներու ճանաչման ուղղութեամբ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս իրադարձութիւնները տեղի կ՚ունենան Եգիպտոսի խորհրդարանին մէջ, ուր աւելի քան երեք հարիւր երեսփոխաններ ստորագրութիւն դրած են՝ հայկական հարցին շուրջ քուէարկութեան մը կատարման համար։
Եգիպտոսի խորհրդարանին ներկայացուած այս հարցման նախաձեռնարկն է յայտնի լրագրող ու երեսփոխան Մուսթաֆա Պաքրի։ Այս վերջնոյն գործընկերոջ՝ Ֆաիզա Պարաքեաթայի խօսքերով, եթէ բանաձեւը ընդունուի, պիտի դառնայ պատասխան մը Եգիպտոսի դէմ Թուրքիոյ թշնամական գործողութիւններուն եւ Թուրքիոյ կողմէ կատարուած Եգիպտոսի ներքին գործերուն միջամտելու փորձերուն։
Անգարա-Գահիրէ յարաբերութիւնները վերջին տարիներուն էապէս լարուած են։ Եգիպտոսի երեսփոխանները այս իրավիճակին մէջ է, որ խորհրդարանին ու կառավարութեան կոչ կ՚ուղղեն՝ ճանչնալու համար ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտները։ 336 պատգամաւորներ այդ քայլին հաւանութիւն տուած են իրենց ստորագրութիւններով։ Պաքրիի համոզմամբ, այս հարցին շուրջ պէտք է կազմակերպուին յատուկ լսումներ, որովհետեւ այդ յանցագործութիւնը պէտք է դատապարտուի աշխարհի բոլոր խորհրդարաններուն կողմէ։
Հարկ է յիշեցնել, որ Յուլիսի 15-ի ձախող յեղաշրջման փորձէն վերջ, Եգիպտոս ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդէն ներս իր վեթոյով արգելք հանդիսացած էր դէպքերու պախարակման։