ԱՆԳԱՐԱ ԵՒ ՄՈՍԿՈՒԱ ԴԱՐՁԵԱԼ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԵՆ «ԹՐՔԱԿԱՆ ՀՈՍՔ» ԿԱԶԱՄՈՒՂԻ ԾՐԱԳԻՐԸ

Ան­գա­րա-Մոս­կուա ձիւ­նա­հա­լի մթնո­լոր­տին մէջ, ե­րէկ, Թուր­քիոյ եւ Ռու­սաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու բարձ­րաս­տի­ճան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցան կա­րե­ւոր քննար­կում­ներ։ Մոս­կուա­յի մէջ կող­մե­րը քննար­կե­ցին երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան օ­րա­կար­գի զա­նա­զան նիւ­թե­րը։ Այս ամ­բող­ջին մէջ շօ­շա­փուե­ցաւ նաեւ «Թրքա­կան հոսք» կա­զա­մուղ խո­ղո­վա­կա­շա­րի ծրա­գի­րը։ Փոխ-վար­չա­պետ Նու­րետ­տին Ճա­նիք­լի եւ Ռու­սաս­տա­նի Փոխ-վար­չա­պետ Ար­քա­տի Տվոր­քո­վիչ ե­րէկ Մոս­կուա­յի մէջ անդ­րա­դարձ կա­տա­րե­ցին այս նիւ­թին։ Թէեւ տա­կա­ւին վերջ­նա­կան ո­րո­շում մը չէ ըն­դու­նուած, սա­կայն ե­ղած են քննար­կում­ներ եւ այս նիւ­թին շուրջ կը նա­խա­տե­սուի մաս­նա­ւոր հան­դի­պում մը կազ­մա­կեր­պել։

Սոյն կա­զա­տա­րի շի­նա­րա­րու­թեան հար­ցին մէջ Եւ­րո­միու­թեան ժխտա­կան դիր­քո­րոշ­ման հե­տե­ւան­քով 2014 թուա­կա­նի Դեկ­տեմ­բե­րին ռու­սա­կան կող­մը հրա­ժա­րած էր «Հա­րա­ւա­յին հոսք» նա­խագ­ծէն, ո­րով ծրագ­րուած կա­զա­տա­րը պէտք է անց­նէր Պուլ­կա­րիոյ, Սեր­պիոյ եւ Հուն­գա­րիոյ տա­րածք­նե­րով։ Ա­նոր փո­խա­րէն պէտք է կա­ռու­ցուի Թուր­քիոյ տա­րած­քով, Եւ­րո­պա­յի հա­րա­ւա­յին մա­սէն անց­նող կա­զա­մուղ ու­րիշ խո­ղո­վա­կա­շար մը, որ կը կո­չուի «Թրքա­կան հոսք»։ Այս նա­խա­գի­ծը սա­կայն սա­ռե­ցուած էր Մոս­կուա­յի եւ Ան­գա­րա­յի մի­ջեւ ծա­գած վեր­ջին լա­րուա­ծու­թեան հե­տե­ւան­քով։

Ճա­նիք­լիի հետ Մոս­կուա մեկ­նած Տնտե­սու­թեան նա­խա­րար Նի­հատ Զէյ­պեք­ճին ալ վեր­ջին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէն վերջ տե­ղե­կա­ցուց, թէ Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան միջ­կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վին յա­ջորդ նիս­տը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ յա­ռա­ջի­կայ Հոկ­տեմ­բե­րին՝ թրքա­կան կող­մին տան­տի­րու­թեամբ։ Զէյ­պեք­ճի նշեց, թէ Ռու­սաս­տա­նի Տնտե­սա­կան զար­գաց­ման նա­խա­րար Ա­լեք­սէյ Ու­լեու­քաե­ւի հետ հա­մա­ձայ­նու­թեան հա­սած են՝ ե­րեք ա­մի­սը ան­գամ մը հան­դի­պե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Ծա­նօթ է, որ յա­ռա­ջի­կայ 9 Օ­գոս­տո­սին ալ Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ նա­խա­տե­սուած է եր­կու եր­կիր­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րուն՝ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի եւ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հան­դի­պու­մը։ 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 27, 2016