ՄՏԱՀՈԳԻՉ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Հիւ­լէա­կան սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րու կրճատ­ման գոր­ծըն­թա­ցը նկա­տե­լիօ­րէն դան­դաղ կ՚ըն­թա­նայ ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ։ Ընդ­հա­կա­ռակն, այն պե­տու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ու­նին հիւ­լէա­կան սպա­ռա­զի­նու­թիւն, կը շա­րու­նա­կեն ա­նոր ար­դիա­կա­նա­ցու­մը։ Սթոք­հոլ­մի Խա­ղա­ղու­թեան հիմ­նախն­դիր­նե­րու հե­տա­զօ­տու­թեան մի­ջազ­գա­յին կա­ճա­ռը վեր­ջերս հրա­պա­րա­կեց այս նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ զե­կոյց մը։ Ըստ այդ կա­ճա­ռի «Մի­ջու­կա­յին սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րու ծրա­գիր»ի ղե­կա­վար Շե­նոն Քայ­մի, հա­կա­ռակ սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րու քա­նա­կին, տե­ղի ու­նե­ցող կրճա­տու­մը, մի­ջու­կա­յին սպա­ռա­զի­նու­թեան բնա­գա­ւա­ռէն ներս իս­կա­կան յա­ռա­ջըն­թա­ցի մը հե­ռան­կար­նե­րը առ այժմ կը դարձ­նէ մշու­շոտ։ Բո­լոր մի­ջու­կա­յին տէ­րու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն մի­ջու­կա­յին զսպու­մը դարձ­նել ի­րենց ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հով­ման ռազ­մա­վա­րու­թեան ան­կիւ­նա­քա­րը։

Տա­րես­կիզ­բի դրու­թեամբ ինն մի­ջու­կա­յին տէ­րու­թիւն­նե­րու՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու, Ռու­սաս­տա­նի, Անգ­լիոյ, Ֆրան­սա­յի, Չի­նաս­տա­նի, Հնդկաս­տա­նի, Փա­քիս­տա­նի, Իս­րա­յէ­լի եւ Հիւ­սի­սա­յին Քո­րէա­յի ընդ­հա­նուր զի­նա­նո­ցը կազ­մած է 4.1 հա­զար ծա­ւա­լուած միա­ւոր։ Ա­ռան­ձին մար­տագլ­խիկ­նե­րու հա­շուառ­մամբ այս ցու­ցա­նի­շը կը կազ­մէ 15 հա­զար 395 միա­ւոր։ Ան­ցեալ տա­րես­կիզ­բին այդ թիւն էր 15 հա­զար 850 միա­ւոր։

Ըստ տե­ղե­կագ­րին, կրճատ­ման ուղ­ղու­թեամբ դրա­կան ար­դիւնք­ներ ա­պա­հո­վուած են ըստ էու­թեան Ռու­սաս­տա­նի եւ ԱՄՆ-ի ռազ­մա­վա­րա­կան մի­ջու­կա­յին սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րու թուա­քա­նա­կի նուա­զեց­ման շնոր­հիւ։ Այս եր­կու եր­կիր­նե­րուն բա­ժին կը վի­ճա­կի հա­մաշ­խար­հա­յին մի­ջու­կա­յին զի­նա­նո­ցի ա­ւե­լի քան 93 տո­կո­սը։

Bloomberg-ն ալ վեր­ջերս հա­ղոր­դեց, թէ սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին շու­կան 2015 թուա­կա­նին ա­ճած է 10 տո­կո­սով ու հա­սած՝ 65 մի­լիառ տո­լար ծա­ւա­լի։ Տա­րի մը ա­ռաջ այդ ծա­ւա­լը 58.4 մի­լիառ տո­լար էր։ Այս ա­ճը ա­ռա­ւե­լա­գոյնն է վեր­ջին տասն տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին։ Հիմ­նա­կան պատ­ճա­ռը այն է, որ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ կող­մէ ռազ­մա­կան գնում­նե­րը էա­պէս ա­ւել­ցած են 2015 թուա­կա­նին՝ հաս­նե­լով 9.3 մի­լիառ տո­լա­րի սահ­մա­նը։

HIS ըն­կե­րու­թեան կող­մէ պատ­րաս­տուած հա­շուե­տուու­թիւն մը ցոյց կու տայ այս բո­լոր տուեալ­նե­րը։ Այդ հա­շուե­տուու­թիւ­նը կը կո­չուի Հա­մաշ­խար­հա­յին պաշտ­պա­նու­թեան ա­ռեւ­տու­րի զե­կոյց։ Ըստ նոյն տուեալ­նե­րուն, Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ կող­մէ սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րու գնում­նե­րու էա­կան ա­ճը պայ­մա­նա­ւո­րուած է ա­նոր մաս­նակ­ցու­թեամբ Եէ­մէ­նի հա­կա­մար­տու­թեան։ Այդ նոյն փաս­տին բե­րու­մով է, որ հա­մաշ­խար­հա­յին ռազ­մա­կան վա­ճառք­նե­րը 2015 թուա­կա­նին ա­ճած են 10 տո­կո­սով։

Զէն­քի ու զի­նամ­թեր­քի պա­հան­ջար­կը էա­պէս ա­ճած է նաեւ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի եւ հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան Ա­սիոյ մէջ։

2015-ի տուեալ­նե­րով՝ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիան սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րու նե­րած­ման ա­ռու­մով աշ­խար­հի վրայ ա­ռա­ջին տե­ղը զբա­ղե­ցու­ցած է՝ տա­րի մը ա­ռա­ջուան բաղ­դատ­մամբ իր գնում­նե­րը ա­ւելց­նե­լով 50 տո­կո­սով։ Ան­ցեալ տա­րուան տուեալ­նե­րով՝s երկ­րորդ տե­ղը զբա­ղե­ցու­ցած է Հնդկաս­տան եւ եր­րորդ տե­ղը՝ Աւստ­րա­լիա։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 27, 2016