«ՍԱՍՆԱՅ ԾՌԵՐ» ԶԻՆԵԱԼ ԽՄԲԱՒՈՐՄԱՆ ՅԱՆՁՆՈՒԵԼՈՒ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ԱՒԱՐՏԻՆ ՀԱՍՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ Կ՚ԸՆԹԱՆԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքը կաթուածահար դարձած է՝ Երեւանի կեդրոնին մերձակայ Էրեբունի թաղամասի Խորենացի փողոցին վրայ գտնուող ոստիկանական կեդրոնի բռնագրաւումով։ Տասնմէկ օրէ ի վեր կ՚ապրուին ծանրակշիռ իրադարձութիւններ, որոնց հետեւանքով լարուածութիւնն ալ կը բարձրանայ աստիճանաբար։
«Հիմնադիր խորհրդարան» ընդդիմադիր խմբաւորման ձերբակալեալ առաջնորդ Ժիրայր Սէֆիլեանի ազատ արձակման եւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականի պահանջներով՝ «Սասնայ ծռեր» կոչեալ զինեալ խմբաւորումը նախորդ շաբաթավերջին բռնագրաւեց յիշեալ ոստիկանական կեդրոնը։ Բաւական մտահոգիչ իրադարձութիւններու մթնոլորտին մէջ՝ թէեւ պատանդ առնուած բարձրաստիճան բոլոր ոստիկանները փրկուեցան, սակայն մթնոլորտը չէ հանդարտած, կեանքը բնականոն հունին չէ վերադարձած Հայաստանի մէջ, որովհետեւ վերոյիշեալ ոստիկանատան բռնագրաւումը կը շարունակուի։
Ոստիկանատան բռնագրաւման այս դէպքը առիթ հանդիսացած է նաեւ, որ Հայաստանի ընդդիմութիւնն ալ դուրս գայ փողոց, զօրակցութեան համար։ Թէ՛ խորհրդարանի ընդդիմադիր կուսակցութիւններէն ներկայացուցիչներ եւ թէ արտախորհրդարանական ընդդիմադիր ուժեր Խորենացի փողոցին եւ ընդհանրապէս Երեւանի կեդրոնին մէջ օրերէ ի վեր կ՚իրականացնեն բողոքի ցոյցեր եւ երթեր։ Ատեն-ատեն իրաւապահ մարմիններուն եւ ցուցարարներուն միջեւ կ՚ապրուին լարուածութիւններ։ Երէկ երեկոյեան ալ մասնաւորապէս Խորենացի փողոցին վրայ կը տիրէր ձգտեալ վիճակ։ Ոստիկանութիւնը նախազգուշական խիստ միջոցներ ձեռք առած էր։ Ցուցարարներու հոծ բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ Խորենացի փողոցին վրայ, ուր ելոյթներով հանդէս եկան շարք մը ընդդիմադիր գործիչներ. օրինակ՝ նախագահի նախկին թեկնածու Անտրէաս Ղուկասեան, «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան երեսփոխաններէն Արմէն Մարտիրոսեան, Ազգային ինքնորոշում միաւորման ղեկավար Պարոյր Հայրիկեան, Ժիրայր Սէֆիլեանի անմիջական գործակիցներէն Ալեք Ենիգոմշեան եւ այլք։ Հանրահաւաքի ընթացքին ելոյթ մըն ալ ունեցաւ սփիւռքահայ դերասանուհի Արսինէ Խանճեան։ Ուշ գիշերին, ցոյցը համակարգող գործիչները որոշ չափով հակասական արտայայտութիւններով հանդէս եկան ցուցարարներուն առջեւ, սակայն ի վերջոյ որոշուեցաւ, որ փափաքողներ գիշերեն այնտեղ եւ կամ մարդիկ վերադառնան իրենց բնակարանները՝ ըստ իրենց ցանկութեան։
Ամէն ինչ հարիւր տոկոսով չէր հանդարտած, սակայն այս առաւօտեան շատ կանուխ ժամերուն դարձեալ դէպքեր պատահեցան Խորենացի փողոցին վրայ։ Բռնագրաւեալ ոստիկանական կեդրոնի տարածքէն ներս ծագեցան բախումներ։ Ոստիկանութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ տեղի ունեցած է փոխադարձ հրաձգութիւն։ «Հիմնադիր խորհրդարան»ն ալ տեղեկացուց, թէ ոստիկանութիւնը գործած է յարձակում մը։ Այս բախումներուն հետեւանքով վիրաւորուեցաւ երեք հոգի, որոնցմէ մին ոստիկան մըն է։ Միւս վիրաւորեալներն են «Սասնայ ծռեր» խումբէն Փաւել Մանուկեան եւ իր որդին՝ Արամ Մանուկեան։ Ոստիկանութեան աղբիւրները սկիզբին տեղեկացուցին, որ զինեալները դիմադրութիւն ցոյց կու տան՝ վիրաւորեալներու հիւանդանոց փոխադրութիւնը խոչընդոտելու համար։ Աւելի վերջ պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երեք վիրաւորեալներն ալ վիրահատուած են եւ մասնագէտները ծանր կը համարեն անոնց վիճակը։ Անոնց գործողութեան ենթարկուած հիւանդանոցին առջեւ ալ ապահովութեան միջոցներ ձեռք առնուեցան իրաւապահ մարմիններուն կողմէ։
Ոստիկանութեան աղբիւրները հաղորդեցին նաեւ, թէ զինեալ խումբի անդամներէն Գագիկ Եղիազարեան եւ Արամ Յակոբեան յանձնուած են իրաւապահ մարմիններուն։ Ըստ նոյն պաշտօնական աղբիւրներուն, հրաձգութիւնը դադրած է եւ կ՚ընթանան բանակցութիւններ՝ զինեալ անձերու յանձնման գործընթացը աւարտին հասցնելու նպատակով։
Բաց աստի, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնն ալ երէկ հրապարակեց ձայնագրութիւն մը՝ զինեալ խումբի գործողութիւններու նախայարձակ եւ սադրիչ բնոյթին վերաբերեալ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ոստիկանութիւնը հսկողութեան տակ առած է շարք մը ցուցարարներ։